Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկին, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 12 Նոյեմբերի երեկոյեան, «Պեվրլի Հիլթըն» պանդոկին մէջ, կազմակերպութեան հեղինակաւոր «Կեանքի Մը Իրագործումներ» մրցանակը պիտի շնորհուի հանգստեան կոչուած դեսպան Էտուըրտ Ճէրէճեանին, մեծարելու համար միջազգային դիւանագիտութեան մէջ անոր իրագործումները։
Արցախի հայաթափումին լոյսին տակ, քննարկուեցաւ Հայ Դատի տարեկան ձեռնարկը ջնջելու հաւանականութեան մասին, սակայն որոշուեցաւ տեղի չտալ հայութիւնը ընկճելու՝ Պաքուի եւ Անգարայի շարունակական փորձերուն, եւ ձեռնարկը իրականացնել՝ յիշելով անցեալ տարուան ձեռնարկին մեծարուած, իսկ այժմ Պաքուի բանտերէն մէկուն մէջ ապօրինի կերպով բանտարկուած Արցախի այդ օրերու արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանի ոգեշնչող պատգամները։ Նաեւ որոշուեցաւ ձեռնարկին հասոյթէն մաս մը յատկացնել Արցախի ցեղասպանութենէն վերապրողներուն։
Ճէրէճեանի 32ամեայ դիւանագիտական գործունէութիւնը սկսած է 1962ին։ Շնորհիւ հինգ լեզուներու տիրապետելու իր կարողութեան՝ ան պաշտօններ ստանձնած է Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի տարածքին, Պէյրութէն անցնելով Քազապլանքա, ապա Պորտօ, Մոսկուա եւ Ամման։
1939ին Նիւ Եորք ծնած Ճէրէճեան նախապէս ծառայած էր ամերիկեան բանակին, Քորէական պատերազմի օրերուն։ Ճէրէճեանի մեծ հայրը եւ մեծ մայրը Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերէն էին, իսկ անոր հայրը եւ մայրը վերապրողներ են, որոնք կրցած էին Միացեալ Նահանգներ հասնիլ։ Ցեղասպանութեան մասին իր հօրմէն լսած պատմութիւնները եւ Միացեալ Նահանգներուն իր երախտագիտութիւնը յայտնելու պահանջը Ճէրէճեանը մղած էին հանրային ծառայութեան ոլորտը
Ճէրէճեան 1985ին նշանակուեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ օգնական եւ փոխբանբեր, որմէ ետք տարբեր առիթներով ստանձնեց արտաքին գործոց փոխնախարարի պաշտօնը։ 1988էն 1991 ան Միացեալ Նահանգներու դեսպանն էր Սուրիոյ մօտ, իսկ 1993-1994՝ Իսրայէլի։ Ներկայիս ան «Ռայս» համալսարանին մէջ գործող «Պէյքըր» հիմնարկի վարիչն է։
Իր դիւանագիտական ասպարէզին ընթացքին բազմաթիւ մրցանակներու արժանացած Ճէրէճեան նաեւ կը ջատագովէ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական կարգեր հաստատելու ջանքերը, հաւատալով, որ այդ միջոցաւ միայն կարելի պիտի ըլլայ կայուն եւ խաղաղ երկիր մը ապահովել հայ ժողովուրդին։
«Դեսպան Էտուըրտ Ճէրէճեանի երկարամեայ դիւանագիտական ծառայութիւնը գրեթէ իր նմանը չունի։ Ան 8 նախագահական վարչակազմերու սպասարկած է եւ կարեւոր ներդրում ունի միջազգային յարաբերութիւններու պատմութեան մէջ։ Կ՛ողջունենք անոր գործունէութիւնը եւ անոր հայանպաստ ջանքերը», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկի տոմսեր ապահովելու համար այցելել կայքէջը։