ԹԵՄԱՆ ՓԱԿՈՒԵՂԱՒ, ԵՐԲ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԸ ՃԱՆՉՑԱՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՏԱՐԱԾՔ. ԿՐԿՆԵՑ ՓՈՒԹԻՆ
ԱՊՀ անդամ պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստին, որ տեղի ունեցաւ Խրխըզիստանի մայրաքաղաք Պիշքեքի մէջ, եւ որուն չմասնակցեցաւ Հայաստանի վարչապետը, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ պատրաստ է երթալու Հայաստան կամ Ռուսիոյ մէջ ընդունելու Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, երբ կարելիութիւն ըլլայ:
«Մենք անոր (Փաշինեանի- Խմբ.) հետ կապի մէջ ենք, եւ անոր հրաւէրը կայ, եւ մեր հրաւէրը կայ: Մենք բոլորս հասուն մարդիկ ենք, կը հասկնանք, թէ ի՛նչ կը կատարուի հոն: Ասիկա Ղարաբաղի հայերուն ողբերգութիւնն է: Այդ պատճառով ալ, հաւանաբար, այժմ ճամբորդութիւններու ժամանակը չէ: Բայց մենք կապի մէջ կը մնանք, կ՛աշխատինք անոր հետ», ըսաւ Փութին։
Ըստ անոր՝ երբ բնական իրավիճակ ստեղծուի, ան պիտի երթայ Հայաստան, իսկ Փաշինեան` Ռուսիա:
Փութին նաեւ յայտարարեց, որ Մոսկուա պատրաստ է օգնելու Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին՝ խաղաղ համաձայնագիր կնքելու ուղղութեամբ եւ կ՛առաջարկէ բանակցութիւնները իրականացնել Մոսկուայի մէջ՝ աւելցնելով, որ անոնք կրնան տեղի ունենալ որեւէ ձեւաչափով:
«Սկիզբը, եթէ պէտք ըլլայ՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու եւ փորձագէտներու ձեւաչափով, եւ, անշուշտ, մենք պիտի նպաստենք, որ այդ բանակցութիւնները աւարտին խաղաղութեան համաձայնագիրով մը, զոր պիտի ստորագրեն այդ երկիրներու ղեկավարները», ընդգծեց Փութին՝ աւելցնելով, որ ընտրութիւնը միշտ համապատասխան երկրին է, իսկ Մոսկուա իր կողմէ պատրաստ է «անհրաժեշտ պայմաններ ստեղծելու»:
Արդարեւ, Փութին Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցածէն ետք այլեւս Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիր մը կնքելը խոչընդոտող պատճառ չի տեսներ։
Ան նոյն ատեն խոստովանեցաւ, որ տակաւին կան զուտ թեքնիք բնոյթի հարցեր՝ սահմաններու, սահմանազատման, սահմանագծման վերաբերեալ: «Բայց անոնք, կը կարծեմ, թեքնիք հարցեր են. 100 մեթր մէկ կողմ, մէկ քիլոմեթր դէպի միւսը, անոնք այլեւս կարեւոր չեն», ըսաւ Փութին՝ աւելցնելով. «Երկու կողմէ բարի կամքի պարագային, այդ բոլորը կարելի է ընել եւ ձեռնարկել յաջորդ քայլերուն, ինչպէս ժամանակին պայմանաւորուած էինք` առեւտրական-տնտեսական կապերու զարգացման եւ ենթակառուցուածքային նախագիծերը իրարու կցելու հարցով»։
Փութին, անգամ մը եւս խօսելով Արցախի հակամարտութեան բանակցային անցեալին մասին, յիշեցուց, որ Պաքու եւ Երեւան բազմաթիւ անգամներ «մօտ եղած են համաձայնութեան», եւ շեշտեց` նոյնիսկ հանրաքուէի հարց քննարկած են: «Ես չեմ խորանար մանրամասնութիւններու մէջ, բայց կ՛ուզեմ ըսել, որ մենք նախորդ տասնամեակներուն բազմաթիւ անգամներ մօտ եղած ենք Ղարաբաղի շուրջ համաձայնութեան», դիտել տուաւ Փութին՝ աւելցնելով. «Համաձայնած էինք, որ հանրաքուէ պէտք է իրականացնել, բայց մէկ կողմը՝ Ատրպէյճան, կ՛ըսէր, որ կարելի չէ նշել այս հանրաքուէի ժամկէտը, իսկ հայկական կողմը, ընդհակառակը, կը պնդէր, որ հանրաքուէի օրը որոշուի, իսկ այդ հանրաքուէին ալ որոշուի Ղարաբաղի կարգավիճակը»,։
Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանի տարածք ճանչնալէն ետք ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը արդէն առանց կասկածի յայտնուած է Ատրպէյճանի տարածքին մէջ։
Փութին յիշեցուց, որ ռուսական զօրախումբը պաշտօնապէս Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պէտք է մնայ մինչեւ Նոյեմբեր 2025, սակայն Արցախի հայաթափումէն ետք «գործընկերներուն հետ պէտք է որոշեն` ինչ ընել յառաջիկային»։
«Երբ Հայաստան ճանչցաւ, որ Ղարաբաղը Ատրպէյճանի տարածք է, այդ ժամանակ կացութիւնը այնպէս եղաւ, որ մեր խաղաղապահները արդէն վստահաբար, առանց կասկածներու, կը գտնուին Ատրպէյճանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ: Եւ՝ անշուշտ, հիմա, ուղղակի ըսեմ՝ հայ բնակչութեան ծանր ելքէն ետք իրավիճակը կտրականապէս փոխուած է», յայտարարեց Փութին՝ յիշեցնելով, որ 2020ի եռակողմ համաձայնագիրի ստորագրութեան պահուն` մինչեւ Փրակի յայտարարութիւնը, Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը չէր որոշուած:
Ըստ Փութինի՝ «թեման փակուած է այն պահուն, երբ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Լեռնային Ղարաբաղը ճանչցաւ Ատրպէյճանի տարածք եւ նշեց այդ տարածքի չափերը»:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարեց, որ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան հարցին մէջ Պաքուի դիրքորոշումը «միանգամայն կառուցողական է», սակայն Հայաստանէն ցարդ արձագանգ չկայ։
Ան դիտել տուաւ, որ Մոսկուա յարգանքով կը վերաբերի Պիշքեք չգալու Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշումին նկատմամբ՝ աւելցնելով, որ ան իր պատճառները պէտք է ունենայ։
Փեսքով աւելցուց միայն, որ ռուսական կողմը կը շարունակէ երկխօսութիւնը Երեւանի հետ եւ շփումները չեն դադրած:
«Հայաստան եղած է, է եւ պիտի մնայ մեր դաշնակիցը, դրացին եւ երկիր մը, որուն հետ մենք ընդհանուր պատմութիւն եւ ընդհանուր ապագայ ունինք», յայտարարեց ան:
Լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ան յայտնեց, որ տեղեակ չէ` արդեօք Փութին ատրպէյճանցի իր պաշտօնակիցին հետ հանդիպման ընթացքին քննարկա՞ծ է նաեւ Պաքուի բանտերէն մէկուն մէջ պահուող Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի հարցը: