
«ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԱՍՊԵՏ» ՇՔԱՆՇԱՆԻ ՅԱՆՁՆՈՒՄ ԾԵՐՈՆ ԹԻԹԻԶԵԱՆԻՆ
Շաբաթ, 7 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցաւ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 60րդ ամեակին նուիրուած հանգանակային յատուկ ճաշկերոյթը, նախագահութեամբ՝ բարերար տէր եւ տիկին Մայք եւ Եւելինա Սարեաններու, իրենց տան մէջ հիւրընկալութեամբ՝ բարերար եւ Ազգային երեսփոխան տէր եւ տիկին Ծերոն եւ Սոնա Թիթիզեաններու:
Ճաշկերոյթին ներկայ եղան Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան եւ տիկինը՝ Յասմիկը, հոգաբարձական կազմի անդամներ, պատկան մարմիններու, միութիւններու ներկայացուցիչներ, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հովանիին տակ գործող մարմիններու անդամներ, ինչպէս նաեւ Ֆերահեան Ազգային երկրորդական վարժարանի տնօրէնութիւնը եւ Ուսումնական մարմինը, բարերարներ, բարեկամներ եւ հիւրեր:

Պատմական օր նկատելով պահը՝ բացման աղօթք կատարեց հոգեւոր հովիւը եւ բարի գալուստի խօսքով ողջունեց ներկաները, ապա Հոգաբարձութեան ատենապետ Յովիկ Պետեւեան արտասանեց իր սրտի խօսք եւ կատարեց հակիրճ արժեւորումը եկեղեցւոյ՝ շրջանի հայութեան կեանքին մէջ 60ամեայ ծառայական երթին:
Առաջնորդ սրբազան հօր խօսքը թաթաւուն էր ջերմութեամբ. ողջունելէ ետք ներկաները՝ ան շնորհաւորեց Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ 60րդ տարեդարձը՝ աղօթելով եւ մաղթելով, որ «մեր կեանքէն ներս հոգեւոր նորոգութիւն, իմացական պայծառութիւն, ֆիզիքական առողջութիւն եւ հաւատքի առաքելութիւնը մնայուն ներկայութիւն դառնան», ապա ան անդրադարձաւ հայութիւնն ու Հայաստանը յուզող ներկայ իրավիճակին եւ ցաւ յայտնեց, որ գրեթէ բոլոր մակարդակներու վրայ այսօր, հայութեան կեանքին մէջ, ծանօթ պատճառներով, կը տիրէ յուսահատութիւն, զոր յաղթահարելու համար Թորգոմ եպիսկոպոսը յորդորեց ներկաները ապաւինելու Աստուծոյ, այլեւ չբաւականանալ խօսելով, այլ՝ առաքեալին իսկ բառերով՝ «հաւատքը գործի վերածել», ճիշդ այնպէս, ինչպէս անցնող վեց տասնամեակներուն կատարեցին Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հիմնադիր եւ յաջորդող սերունդները, ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ այսօր նոյն առաքելութիւնը կը շարունակեն եկեղեցւոյ գմբեթին ներքոյ գործող պատասխանատու մարմիններ, անհատներ եւ բարերարներ՝ առ ի պայծառութիւն եւ զօրակցութիւն Հոգեւոր տան, շրջանին մէջ գործող Ազգային վարժարաններուն, միութիւններուն եւ հայկական կեանքին: Ապա ան բարձր գնահատեց Ազգային բարերար Մայք եւ Եւելինա Սարեանները՝ Ազգային առաջնորդարանի ծրագիրներուն ի նպաստ անոնց ցուցաբերած աջակցութեան համար:


Հուսկ, Թորգոմ եպիսկոպոսը դրուատիքով անդրադարձաւ ճաշկերոյթը հիւրընկալող Թիթիզեան ամոլի ծառայական կեանքին՝ ազգին ու համայնքային կեանքի բարգաւաճման ի խնդիր եւ դիտել տուաւ, որ իր խնդրանքով Կիլիկիոյ աթոռի գահակալ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Ծերոն Թիթիզեանին կը շնորհէ «Կիլիկեան Ասպետ» շքանշանը:
Այս առիթով, Հայրապետական կոնդակը ընթերցեց Ռազմիկ Ա. քահանան, մինչ առաջնորդ սրբազանը Թիթիզեանի կուրծքը զարդարեց նշեալ շքանշանով եւ տիկին Սոնային նուիրեց գնահատանքի յատուկ «ասեղ» մը, որմէ ետք Սարեան ամոլին յանձնեց Հոգաբարձութեան կողմէ պատրաստուած յատուկ յուշանուէր մը:
Այնուհետեւ շնորհակալական խօսքերով հանդէս եկան հիւրընկալ տիկին Թիթիզեան (հայերէնով) եւ դուստրը՝ Թամար (անգլերէնով), իրենց երախտագիտութիւնը եւ սրտագին շնորհակալութիւնները յայտնելով վեհափառ հայրապետին, առաջնորդ սրբազանին եւ բոլոր ներկաներուն: