Թուրքիոյ Եւրոպական միութեան անդամակցութեան ամենամեծ պաշտպան երկրի՝ Մեծն Բրիտանիոյ պահպանողական աւանդութեան ամենահաւատարիմ բանբեր «Տի Իքոնոմիսթ» շաբաթաթերթը բնականաբար ողջունեց Յուլիս 22ի թրքական խորհրդարանական ընտրութիւնները՝ բարձր գնահատական տալով թրքական ժողովրդավարութեան հոլովոյթին, իբրեւ օրինակ համայն իսլամական աշխարհին։ Շաբաթաթերթի Յուլիս 28ի համարի «Թուրքիայէն եկող դասը» խորագրեալ առաջնորդողին մէջ, ընտրութիւններուն յաղթական դուրս եկած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան յաջողութիւնը կ՚որակուի որպէս «բացառիկ արդիւնք»։ Այդուհանդերձ, թէ՛ առաջնորդողը, թէ ալ ընտրութիւններուն անդրադարձող յօդուածը («Յաղթանակին բեռը») չեն թաքցներ իսլամական հատուածի յառաջընթացին նկատմամբ նոյնիսկ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ առկայ մտահոգութիւնը։
Նշեալ կուսակցութեան ընտրական յաղթանակը կրնայ օրինակ ըլլալ աւելի ընդարձակ իսլամական աշխարհին, սակայն անհրաժեշտ է «զգուշութեամբ մօտենալ» հարցին, խորհուրդ կը տրուի առաջնորդողին մէջ։ Իսլամական երկրի մը մէջ ժողովրդավարութեան վերահաստատման բնորդի մը ճշդումի հեռանկարով, թրքական պատմական փորձառութիւնը, ըստ նոյն գրութեան, կը թելադրէ տասնամեակներ ամբողջ արգիլել իսլամը քաղաքական կեանքէն ներս, ինչպէս ըրած է քեմալականութիւնը, ապա միայն անոր մէկ չափաւոր տարբերակին թոյլ տալ վերադառնալ քաղաքական ասպարէզ։
Անշուշտ, այլ երկիրներու պարագային, այս տարբերակը կրնայ քաղաքական աղէտներու առաջնորդել, ինչպէս եղաւ պարագան Իրանին, կամ Ալճերիոյ, ըստ առաջնորդողի գնահատականին։ Այս վերջինին պարագային ի մասնաւորի, 1992ի ընտրութիւններուն յաղթական դուրս եկած Իսլամական փրկութեան ճակատին առիթ չտրուեցաւ ինքզինք փաստելու իշխանութեան վրայ։ Օրին, երկրի զինուած ուժերը նախաձեռնեցին պետական հարուած, այն հիմնաւորումով, որ ժողովրդավարութիւնը միայն միջոց էր իսլամականներուն իշխանութեան հասնելու, որմէ յետոյ անոնք պարզապէս պիտի ջնջէին հոլովոյթը եւ երկիրը առաջնորդէին դէպի կրօնապետութիւն։ Արդիւնքը յայտնի է. մօտ մէկ տասնամեակ տեւած քաղաքացիական պատերազմ, որուն արդիւնքով սպանուեցան 200 հազար ալճերիացիներ։ «Տի Իքոնոմիսթ»ի առաջնորդողը կը յիշեցնէ Ա. Բ. կուսակցութեան ղեկավար Էրտողանի այն յայտարարութիւնը որուն մէջ Թուրքիոյ վարչապետը ժողովրդավարութիւնը կը նմանցնէր շոգեկառքի մը, որմէ կարելի է վար իջնել կայարան հասնելէ յետոյ։ Այսինքն՝ ժողովրդավարութիւն «մէկ մարդ, մէկ քուէ, մէկ անգամ» հասկացողութեամբ, եւ ապա ուղի կը հարթուի իսլամական օրէնքի (Շարիայի) վերահաստատման։ Սակայն առաջնորդողը անմիջապէս կը նշէ, որ Ա. Բ. կուսակցութիւնը իր վարքագիծով փաստած է ժողովրդավարութեան իր յանձնառութիւնը, եւ «կասկած չկայ, որ եթէ ան պարտուէր ընտրութիւններուն, իշխանութիւնը պիտի յանձնէր յաղթական կողմին»։ Ա.Բ. կուսակցութեան ժողովրդավարութեան յանձնառութիւնը, ըստ առաջնորդողի վերլուծումին, չի բացատրուիր զինուորական միջամտութեան մը վախով, այլ՝ կուսակցութեան ղեկավարներու իմաստութեամբ՝ ականջալուր ըլլալու ընտրողներու պատգամին։ Իսկ այս վերջինները, ըստ առաջնորդողին, կը պահանջեն չափաւորել կուսակցութեան իսլամական ձգտումները եւ յանձնառու մնալ ժողովրդավարութեան խաղի օրէնքներուն։ Ժողովրդավարութեան խաղի օրէնքներուն յանձնառու չափաւոր իսլամականներուն անհրաժեշտ է թոյլատրել ամբողջական մասնակցութիւն ընտրական հոլովոյթին. այս կը թուի ըլլալ Թուրքիոյ ընտրութիւններուն գլխաւոր դասը։
Ընտրութիւններուն անդրադարձող յօդուածը աւելի ուղղակիօրէն լուսարձակի տակ կ՚առնէ Թուրքիոյ մօտիկ ապագայի ամէնէն հիմնական հարցը՝ նախագահական ընտրութիւնները։ Ընտրարշաւի ժամանակ Ա. Բ. կուսակցութեան ղեկավարները հրապարակային խոստում տուին համախոհութեան գալու երկրի միւս քաղաքական ուժերուն հետ եւ յարգելու անոնց ուղեգիծը։ Սակայն ընտրութիւններէն անմիջապէս յետոյ, երկրի արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Կիւլ կրկին հրապարակ հանեց նախագահական պաշտօնին իր թեկնածութիւնը դնելու հարցը յայտարարելով, որ չէր կրնար անտեսել «փողոցներէն եկող նշանները»։ Կիւլի թեկնածութեան առաջադրումը, ինչպէս ծանօթ է, սրած էր երկրի ներքաղաքական իրավիճակը եւ յանգած կանխահաս ընտրութիւններ կազմակերպելու որոշումին։ Ա. Բ. կուսակցութիւնը կը յուսար այս ընտրութիւններու արդիւնքով խորհրդարանէն ներս ունենալ սահմանադրականօրէն անհրաժեշտ երկու երրորդ մեծամասնութիւնը, նախագահական թեկնածուի առաջադրման համար։ Ընտրական իր յաջողութիւնը, սակայն, այդ մակարդակին չհասաւ, եւ հիմա, ինչպէս բրիտանական շաբաթաթերթին յօդուածը կարծես կը յուշէ, անհրաժեշտ է համաձայնական թեկնածու մը գտնել, պահպանել չափաւորական ուղեգիծը՝ հակառակ կուսակցութեան աւելի պահպանողական հատուածի հակուածութեան դէպի իսլամական օրակարգի յաւելեալ շեշտաւորման տանող քաղաքական ուղեգիծի մը։
Կասկած չկայ, որ Թուրքիոյ մէջ իսլամական յառաջընթացը մտահոգութիւն կը պատճառէ նոյնիսկ «Տի Իքոնոմիսթ»ին, որքան ալ որ շաբաթաթերթը ողջունէ Ա. Բ. կուսակցութեան ապահոված տնտեսական 7.3 տոկոսի տարեկան աճը, արտաքին ներդրումներու քանակը եւ ցած սղաճը՝ իբրեւ իսլամականներու ընտրական յաղթանակի գլխաւոր ազդակ։ Ի վերջոյ, Ա. Բ. կուսակցութեան չափաւորականութեան ամրապնդումը որպէս իսլամի ներքին փոփոխութեան գլխաւոր փաստ, առայժմ չկայ, եւ միայն ժամանակը ցոյց պիտի տայ, որ այդ արդիւնքին վրայ Եւրոպայի մէջ Թուրքիոյ բարեկամներուն դրած գրաւը ճիշդ դուրս պիտի գայ։ Միւս կողմէ, սակայն, այլընտրանք ալ չկայ։ Ալճերիոյ պարագային նման ենթադրել, որ ժողովրդավարութիւնը իսլամականներուն համար միայն միջոց է իշխանութեան հասնելու համար, եւ ուրեմն կախարգիլել նման արդիւնք, կրնայ յանգիլ յոռեգոյնին։ Հետեւաբար, նոյնիսկ խիստ գործնապաշտ տեսանկիւնէ ժողովրդավարութիւնը միշտ կը մնայ, ինչպէս ծանօթ է, վատագոյնը՝ մնացեալ բոլոր այլընտրանքներէն զատ: Կը մնայ միայն յուսալ, որ իսլամական ճակատին ընտրական յաղթանակը, կամ իսլամի յառաջընթացը չըլլայ այնքան բացարձակ, որ անկարելի դառնայ անոր հաւասարակշռումը քաղաքական այլ ուժի մը միջոցաւ։ Աւելի՛ն, կարելի է մինչեւ իսկ ենթադրել, որ քաղաքական ուժի մը բացակայութեան պարագային, այդ հաւասարակշռման համար Թուրքիոյ ներքաղաքական կեանքին մէջ զինուորականներուն ինչ որ չափի դերակատարութիւնը ընդունելի ըլլայ նոյնիսկ Եւրոպայի ամէնէն ազատականներուն համար։ Ահա թէ ինչո՛ւ «Տի Իքոնոմիսթ»ի յօդուածագիրը կը թուի այնքան ալ համակրանք չունենալ Ա. Բ. կուսակցութեան ամէնէն աւելի պահպանողական հատուածի այն օրակարգին, որուն նպատակն է աւելի սահմանափակել զինուորականներու ազդեցութիւնը։ Բնականաբար, «Տի Իքոնոմիսթ» եւ ազատականներ, կ՚անտեսեն իսլամականներուն կարողութիւնը՝ բանակի դանդաղ բայց հաստատ վերիսլամացման, կամ կ՚ուզեն լուռ անցնիլ այդ հեռանկարի կարելիութեան վրայէն։
Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան յանձնառութիւնը առայժմ ի յայտ կը բերէ թրքական ինքնութեան վերաբանաձեւման ներքին լարուածութիւնը։ Իսլամականներէն մինչեւ ֆաշական Գորշ գայլերու ծնունդ ազգայնական կուսակցութիւնը, եւ նոյնիսկ քիւրտերը, որոնք անկախ պատգամաւորներու մեծամասնութիւնը կը կազմեն, ժողովրդական քուէն կը նկատեն միջոց՝ իրենք զիրենք հաստատելու եւ իրենց օրակարգը սեղանի վրայ դնելու համար։ Ժողովրդավարութիւնը, կամ աւելի ճիշդ՝ ժողովրդավար խաղի օրէնքներուն յանձնառութիւնը, ուրեմն, այսօր միակ երաշխիքն է, որ Թուրքիոյ մէջ քաղաքական ուժերը իրարու վրայ հակակշիռ բանեցնեն եւ ձգտին համախոհութեան հասնիլ։ Այս իմաստով Եւրոպայի ազատականներուն համար քուէն ժողովրդավարութեան յաղթանակին վրայ դնելու նախանձախնդրութիւնը իր կարգին միակ այլընտրանքն է։ Ժողովրդավարութիւնը, հետեւաբար, առայժմ որեւէ քաղաքական ուժի գերակշռութեան, եւ ուրեմն միակ օրակարգի պարտադրութեան զսպիչ դեր կը կատարէ։ Անշուշտ այնքան ատեն, որ ոչ մէկ քաղաքական ուժ քուէներու բացարձակ մեծամասնութեան տիրանայ։ Երաշխիք չկայ, սակայն, որ երկրի ու հասարակութեան համար այնքան էական՝ ինքնութեան վերասահմանումի այս հոլովոյթին մէջ ժողովրդավարութիւնը ինքզինք պիտի ամրակայէ, կամ ժողովրդավարութեան գործընթացը անպայմանօրէն փոքրամասնութիւններու իրաւունքի, խօսքի ամբողջական ազատութեան, մարդկային իրաւանց յարգանքի, եւ նման ժողովրդավար արժէքներու ամրակայման պիտի առաջնորդէ։ Այս կասկածին առիթ կու տայ իշխանութեան համար ժողովրդավարականօրէն պայքարող թուրք քաղաքական ուժերու ծրագիրներուն եւ հրապարակային ելոյթներուն մէջ ժողովրդավարութեան ա՛յդ արժէքներու յանձնառութեան նշանակալի բացակայութիւնը։
(*) Խ. Տէր Ղուկասեան քաղաքական գիտութեանց դասախօս է Պուէնոս Այրէսի մէջ եւ ծանօթ հրապարակագիր: