«Ով Տէր, մեզ զգալի թափօր լերան բարձունքէն ալ աւելի երկնամերձ եւ իմանալի խորաններուն բարձրացուր»
Պատգամեց Առաջնորդ Սրբազանը
Կիրակի, 15 Յուլիս 2007ին, Հայ եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, Փասատինայի հայ ժողովուրդը խանդավառութեամբ դիմաւորեց Քրիստոսի Այլակերպութեան եւ Պայծառակերպութեան տօնը։ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին կը տօնախմբէ մեր եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարներէն երրորդը, զոր կը կոչենք Քրիստոսի Այլակերպութեան եւ Պայծառակերպութեան (Վարդավառի) տօնը։
Սոյն տօնին առթիւ, մեր թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Ս. եւ անմահ պատարագներ տեղի ունեցան, իսկ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւորապէս պատարագեց եւ քարոզեց թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան։
Արդարեւ, Կիրակի, 15 Յուլիսի առաւօտեան ժամը 1Օին, տէր հօր «Տէրունական» աղօթքով սկսաւ օրուան յատուկ արարողութիւնը, մասնակցութեամբ եկեղեցւոյս սակաւագաց եւ դպրաց դասուն։ Այլակերպութեան եւ Պայծառակերպութեան տօնին առթիւ տեղի ունեցաւ Անդաստան, ուստի եկեղեցւոյ կեդրոնական դասին մէջ տէր հայրը իր կողքին ունեցաւ սարկաւագներ, խաչով ու աւետարանով, առաւել մոմակիր, խաչակիր եւ բուրվառակիր դպիրներ եւ սարկաւագներ կատարեցին անդաստան եւ օրհնեցին եկեղեցւոյ արեւելեան, արեւմտեան, հիւսիսային եւ հարաւային կողմերը։
Մինչ եկեղեցւոյ մէջ եկեղեցական շարականներ ու աղօթքներ կը կատարուէին, մոմի եւ խունկի բուրմունքը կարծէք իրեն կը քաշէր հաւատացեալներու հոգիները, որոնք հաւատքով լեցուն խումբ խումբ, ընտանիք առ ընտանիք, հաւատքի խոնարհումով ներս կը մտնէին եկեղեցի, ու իրենց տեղերը գրաւելով կը մասնակցէին ժամերգութեան արարողութեան։
Եկեղեցւոյ երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Յարութ սրկ. Մաթոսեանի, ներդաշնակ կ’երգէր պատարագի երգեցողութիւնը։
Քարոզի պահուն, պատարագիչ առաջնորդ սրբազանը նախ փառք եւ գոհութիւն վերառաքեց Աստուծոյ, իր պարգեւած անթիւ ու անհամար շնորհքներուն համար։ Ան ողջունելով ներկայութիւնը Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտներուն ու երիտասարդաց խմբակցութեան, որոնք առաջին շարքերուն վրայ նստած լուռ ու մունջ կը հետեւէին պատարագին, ըսաւ. «Թող այս աշակերտները այսօրուան տօնին խորհուրդով հաղորդուին, Աստուծոյ շնորհքով մեծնան եւ իրենց ծնողներուն հոգածութեամբ հասակ առնեն», ապա ան ուրախութեամբ իմացուց, որ Երկուշաբթի, Յուլիս 16ի երեկոյեան, Փասատինայի քաղաքապետարանի մէջ ունկնդրութիւն տեղի պիտի ունենայ եկեղեցւոյ գմբէթի, զոյգ զանգակատուներու եւ մայր մուտքի արտաքին փոփոխութիւններուն համար, եւ յոյս յայտնեց, որ կը ստանանք արտօնագիրը եւ եկեղեցւոյ վերջնական շինարարական աշխատանքներուն կը սկսինք։ Այս առիթով, առաջնորդ սրբազանը գնահատեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին ու հոգաբարձութեան, առաւել՝ եկեղեցւոյ շինարարական յանձնախումբի տարած եկեղեցաշէն աշխատանքները։
Առաջնորդ սրբազանը իր հոգեւոր պատգամին մէջ շեշտեց. «Այս տօնը մեր նախնեաց հաւատքին համաձայն, լոյսի, հաւատքի եւ հոգեփոխութեան տօն մը պէտք է ըլլայ, պէտք է յիշենք եւ ապրինք մեր եկեղեցական աւանդութիւնները, հաւատքի հրաւէր մը ըլլալով հանդերձ ապրինք ջերմեռանդ աղօթքով»։
Պատարագի աւարտին, թափօրը դէպի գաւիթ ուղղուեցաւ, ուր երգչախումբը հնչեցուց «Կիլիկիա» եւ «Ի վեհ բարձանց» հայրապետական մաղթերգը, ապա առաջնորդ սրբազան հօր «Պահպանի»չով պատարագը իր աւարտին հասաւ եւ ներկայ ժողովուրդը խաչը համբուրելով մեկնեցաւ Ս. Սարգիս եկեղեցիէն։
Հուսկ, եկեղեցւոյս «Անտոնեան» սրահին մէջ, Տիկնանց միութիւնը առաջնորդ սրբազանը եւ ներկաները պատուեց պտղասեղանով մը, մտերմիկ մթնոլորտի մէջ։ Առաջնորդ սրբազանը հոն իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ եկեղեցւոյ օծումէն ետք ակներեւ է յարատեւ եւ ժրաջան աշխատանքը հոգեւոր հովիւին, հոգաբարձութեան, Տիկնանց միութեան, ինչպէս նաեւ Կիրակնօրեայ վարժարանի դասընթացքներուն եւ երիտասարդաց խմբակցութեան Ս. գրոց հաւաքներուն։ Ապա ան օրհնեց եւ քաջալերեց բոլորին եկեղեցաշէն աշխատանքը ու մեկնեցաւ Ս. Սարգիս եկեղեցիէն։
(Թղթակցութիւնը Եկեղեցիէն)