
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ
Սեպտեմբեր 19ին ռուս խաղաղապահներու մեղսակցութեամբ եւ անոնց աչքին առջեւ, ատրպէյճանական բանակը լայնածաւալ յարձակման անցաւ Արցախի դէմ։ Հետեւանքը եղաւ հայկական բանակի (շուրջ 10,000 զինուոր) զինաթափումը։ Այս զինաթափումին ընկերակցեցաւ արցախահայութեան զանգուածային հեռացումը իր դարաւոր հայրենի բնօրրանէն։ Քանի մը օրերու ընթացքին, 100,000է աւելի արցախցիներ, անապահովութեան զգացումի ազդեցութեան տակ, այլ խօսքով՝ բռնի կերպով տեղահանուեցան դէպի Հայաստան։ Պատկերը սահմռկեցուցիչ էր։ Գաղթականական ալիք մը, որ հայութեան մէջ արթնցուց 1915ի Եղեռնի հետ կապուած նկարներու տեսարանները։
Տեղահանուածներուն անմիջական օժանդակութիւններ հասան եւ կը շարունակեն հասնիլ թէ՛ հասարակական-բարեսիրական կազմակերպութիւններու եւ թէ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ։ Իսկ այդ օգնութիւնները կաթիլներ են ծով կարիքներուն մէջ։ Արցախցիները սկսած են տեղաւորուիլ Հայաստանի տարածքին, տարբեր քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ։
Ընկերային ցանցերու վրայ տարածուած նկարները փոքր պատկեր մը կը ներկայացնեն այն ահաւոր աղէտին, որուն մատնուած են տեղահանուած արցախցիները։ Անոնք կորսնցուցած են ամէն ինչ։ Շատեր հազիւ քանի մը կտոր հագուստ յաջողած են վերցնել իրենց հետ (գրեթէ նոյն ձեւով, ինչպէս պատահած էր 1915ին)։ Հետեւաբար որքան ալ որ փորձ կը կատարուի որոշ չափով վարդագոյն ներկայացնել տեղահանուածներուն իրավիճակը, իրականութիւնը հեռու է այդ իրողութենէն։
Այս մեծածաւալ գաղթականական ալիքը Հայաստանի նման աղքատ երկիրի մը համար տնտեսական եւ ընկերային բազմաթիւ հարցեր ստեղծած է։ Պէտք է շուրջ քսան հազար ընտանիքի կացարան ապահովել եւ քսան հազարէ աւելի անձերու աշխատանք ապահովել։ Հայաստանի կառավարութիւնը իր հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ կը փորձէ մեղմացնել ստեղծուած իրավիճակը, բայց խնդիրները այնքան շատ են եւ այնքան մեծ եւ աղէտը այնքան ահաւոր է, որ անոնց տարողութեան միայն ժամանակի ընթացքին պիտի անդրադառնայ համայն հայութիւնը։
Ըստ որոշ աղբիւրներու, ստեփանակերտցիք հիմնականին մէջ հաստատուած են Երեւան։ Նախնական տուեալներով ամէնէն մեծ թիւը կը կազմեն Կոտայքի մարզ տեղաւորուածները։ Պատահականօրէն բացայայտեցինք, որ միայն Գառնի գիւղին մէջ հաստատուած են 180 արցախցի ընտանիքներ։
Այցելութիւն մը տեղահանուած ընտանիքի մը հետ եւ ձեր աչքերուն առջեւ կը պարզուի աղէտին ահաւորութեան տարբեր երեսները։ Այսպիսին էր մեր հանդիպումը Գառնի հաստատուած Պալայեաններու ընտանիքին հետ։
Պալայեանները Հադրութի Մոխրենէս գիւղէն են։ Մոխրենէսը եղած է փոքր գիւղ մը, հազիւ 80 տուն բնակչութեամբ։ Գիւղը նշանաւոր է 18րդ դարուն կառուցուած Ս. Սարգիս եկեղեցիով։ Երկու անգամ թուրքերը գրաւած եւ այրած են գիւղը եւ այդ պատճառով կը կոչուի Մոխրենէս։
Պալայեանները բազմանդամ ընտանիք են։ Երեք եղբայր, քոյրը եւ անոր ամուսինն ու վեց աղջնակներ, որոնց ամէնէն մեծը ինը տարեկան է իսկ կրտսերը 8 ամսական։ Անոնց հետ է նաեւ իրենց տատիկը։ Չորս տղամարդիկն ալ եղած Արցախի բանակի զինուոր եւ մասնակցած են թէ 44օրեայ պատերազմին եւ թէ՛ Սեպտեմբեր 19ի կռիւներուն։ Եղբայրներէն մէկը՝ Գէորգը, 44օրեայ պատերազմին կորսնցուցած է աջ ոտքը։ Հադրութի բռնագրաւման հետ, գաղթած են Ստեփանակերտ, ուր մինչեւ Հայաստան տեղահանութիւն, ապրած են պետութեան կողմէ տրուած ժամանակաւոր կացարանի մը մէջ։ Արդէն մէկ շաբաթէն աւելի է հաստատուած են Գառնի եւ կ՛ապրին վարձով։ Դժբախտաբար, սրտացաւ մարդոց կողքին կան մարդիկ, որոնք նման առիթներ կը շահագործեն։ Տունը (գրեթէ կիսադատարկ), ուր հաստատուած են, պայմաններուն համեմատ բաւական սուղ է (ամիսը 300 տոլար)։ Երկու եղբայր (Մարտիկ եւ Գրիգոր) եւ իրենց քրոջ ամուսինը (Հայկազ) բնականաբար տակաւին անգործ են եւ պատրաստ են միանալ հայկական բանակին։ Անոնք կը սպասեն թղթաբանութիւններուն։ Մեր այն հարցումին, թէ կը մտածե՞ն արտագաղթելու մասին, պատասխանը կտրուկ ոչ էր։ Անոնք նկարագրեցին թէ ինչ հապճեպ կերպով ամբողջ ժողովուրդը շալկուեցաւ եւ ով ինչ կրցաւ հետը վերցնել, դուրս եկաւ Արցախէն։ Անպատմելի իրարանցում էր, կը պատմէ Հայկազը։ «Կամ պիտի մնայինք, մեր լեզուն, կրօնը փոխէինք եւ թրքանայինք եւ կամ պիտի դուրս գայինք», ըսաւ անոնց քոյրը։
Հակարիի կամուրջը անցած են անձկութեամբ, որովհետեւ ատրպէյճանցիները անուն առ անուն կը ստուգէին անցնողները, մասնաւորաբար տղամարդոց, իսկ ռուս խաղաղապահները հեռուն կեցած հանդիսատես էին, կը պատմէ Գէորգը։ «Ո՞ր պարագային կը վերադառնաք Արցախ» հարցումին, Մարտիկը պատասխանեց. «Եթէ Արցախը վերստին ըլլայ հայկական եւ այնտեղ տեղակայուին միջազգային խաղաղապահներ»։
Այս ընտանիքին պատմութիւնը մանրանկարն է ամբողջ արցախահայութեան ողբերգութեան, զոր ան կ՛ապրի Սեպտեմբեր 19էն ի վեր։ Պալայեանները եւ նաեւ ուրիշներ երկրորդ անգամ ըլլալով կը դառնան գաղթական։ Անկախ ընկերային-տնտեսական դժուարութիւններէ, անոնց բարոյահոգեբանական վիճակը ահաւոր է, նոյնիսկ եթէ անոնք տակաւին հայրենի հողին վրայ կ՛ապրին։
Արցախցիներուն պէտք չէ առանձին ձգել։ Պէտք է ամէն կերպ աջակցիլ անոնց, թեթեւացնել անոնց հոգսերը, որպէսզի հայօրէն կազդուրուին եւ շարունակեն ծառայել Հայաստանին եւ հայութեան։ Այս իմաստով սփիւռքահայութիւնը մեծ դերակատարութիւն ունի անոնց կարիքներուն հասնելու իմաստով։
Ի վերջոյ, հայրենասիրութիւնը կը սկսի հայրենակիցի հանդէպ կարեկցանքով եւ այդ կարեկցանքէն մեկնած՝ անոր օժանդակելով։