16 Հոկտեմբերին, Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութեան նախաձեռնութեամբ՝ Վիեննայի ՄԱԿի գրասենեակին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Տէրեան» մշակութային կեդրոնի` հայկական աւանդական տարազներու եւ գորգերու միշաբաթեայ ցուցահանդէսը` «Անցեալի ապագան. կին ձեռներէցների հզօրացում` աջակցելով Հայաստանի աւանդական արուեստի վերածննդին» խորագիրով:
Այնտեղ ներկայացուեցան հայկական աւանդական տարազի աւանդութիւնները եւ անոնց վերաբերեալ ժողովրդական ձեռարուեստի վերականգնումը` ապագայ սերունդներու համար մշակութային հարուստ ժառանգութեան պահպանման նպատակով:




Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ, դեսպան Արմէն Պապիկեան, որ ընդգծեց հայկական աւանդական տարազներու եւ գորգերու ուրոյն տեղը հայկական հարուստ մշակութային ժառանգութեան մէջ: Անդրադառնալով ցուցահանդէսի` կանանց զբաղուածութեան հնարաւորութիւններու ընդլայնումը խրախուսելու նպատակին` դեսպանը բարձր գնահատեց «Տէրեան» մշակութային կեդրոնի գործունէութիւնը` իբրեւ արուեստի, արհեստագործական աւանդութիւններու եւ ձեռներէցութեան յաջող համադրման օրինակ:
Իր խօսքին մէջ Պապիկեան անդրադարձաւ նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Արցախի ժողովրդին դէմ ցեղային զտման` ընդգծելով ազգային մշակոյթի` դժուարութիւններու դէմ հայ ժողովուրդի տոկունութիւնը խորհրդանշող առաքելութիւնը:
Ցուցահանդէսի բացման ներկայ էին Վիեննայի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական կազմերու եւ աւստրիահայ համայնքի ներկայացուցիչներ: