Ատրպէյճանի կառավարութեան ներկայացուցիչները չմասնակցեցան 24 Հոկտեմբերին, Պաքուի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպական Միութեան հետ համաժողովին, ինչ որ կը նկատուի միութեան եւ Ատրպէյճանի միջեւ լարուածութեան յաւելեալ դրսեւորում մը:
Ատրպէյճանի քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչները համաժողովը կարեւոր կը նկատէին՝ դիտել տալով, որ համաշխարհային աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններու պայմաններուն մէջ, Պրիւքսէլ կը վերանայի Արեւելեան գործընկերութեան ռազմավարութիւնը` գործընկերութեան մէջ ընդգրկուած 6 երկիրներէն իւրաքանչիւրին հանդէպ փորձելով ցուցաբերել աւելի անհատական մօտեցում: Նոյնիսկ համաժողովը այդպէս կը կոչուէր՝ «Եւրոպական Միութիւն-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները Արեւելեան գործընկերութեան նոր քաղաքականութեան մէջ»:
Համաժողովին պէտք է մասնակցէին Ատրպէյճանի կառավարութեան, քաղաքացիական հասարակութեան եւ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչները:
Հակառակ անոր որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները խոստացած էին մասնակցիլ համաժողովին, նախապէս այդ մասին ըսած էին նախագահի աշխատակազմի, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի ներկայացուցիչները, բայց վերջին պահուն անոնք անտեսեցին համաժողովը, ինչ որ անակնկալ էր միւսներուն համար:
Ըստ «Ազատութեան»՝ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութեան ղեկավար Փիթըր Միխալքօ ու Պելճիքայի դեսպան Միշէլ Փեթերսմըն անյարմար վիճակի մէջ յայտնուեցան. անոնք չէին կրնար պարզաբանել, թէ ի՛նչ պատճառներով Ատրպէյճանի կառավարութիւնը որոշեց վերջին պահուն հրաժարիլ համաժողովին մասնակցելէ` խոստովանելով, որ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները բարդ են:
Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ համաժողովին անտեսումը կարելի է մեծ բան չնկատել, բայց հարցը կը դիտարկուի աւելի ընդարձակ պարունակի մը մէջ. Ատրպէյճանի մէջ ժողովրդավարութիւնը զարգացնելու՝ Պրիւքսէլի ջանքերը արդիւնք չեն տար: Պաքու Արեւմուտքը կը մեղադրէ կողմնակալութեամբ, ինչպէս նաեւ հայամէտ դիրքորոշում ցուցաբերելու մէջ, հակառակ անոր որ ինք ռազմական գործողութեան դիմեց, եւ այդ պատճառով ալ Արցախը հայաթափ եղաւ:
Ատրպէյճանի եւրոպական ուղղութիւնը կամ այդ ուղղութիւնը խոչընդոտելու փորձերը կը դիտարկուին նաեւ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւնները կարգաւորելու տեսանկիւնէն: