Ռուսիա կը նախատեսէ Ատրպէյճանի հետ «պարզեցուած մաքսային միջանցք»ի նախագիծը իրականացնել, յայտարարեց Ռուսիոյ դաշնակցային մաքսային ծառայութեան ղեկավարի պաշտօնակատար Ռուսլան Տաւիտով:
Տաւիտով նշեց, որ ռուսական առեւտուրի վերակողմնորոշումը դէպի արեւելեան եւ հարաւային երկիրներ «կատարուած փաստ» կը նկատէ եւ մատնանշեց բարեկամ երկիրներու հետ միջազգային համաձայնագիրներու ծիրին մէջ ապրանքներու տեղաշարժը արագացնելու նախագիծերու աշխուժացման անհրաժեշտութիւնը: Ամէնէն հեռանկարայիններէն ան նշեց «պարզեցուած մաքսային միջանցք»ի նախագիծերը Ատրպէյճանի, Իրանի, Սուրիոյ, Իւզպեքիստանի, Չինաստանի եւ Թուրքիոյ հետ:
Պարզեցուած մաքսային միջանցքը կ՛ենթադրէ վարչական բեռի եւ մաքսային հսկողութեան միջոցներու կիրարկման յաճախականութեան նուազեցում՝ համաձայնագիր կնքած երկու երկիրներու միջեւ: