Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ 7 Նոյեմբերի երեկոյեան, Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդը միաձայնութեամբ վաւերացուց Արցախէն բռնի տեղահանուած գաղթականներուն մարդասիրական աջակցութիւն տրամադրելու եւ յատկապէս վիրաւորներուն բժշկական մասնագիտական օգնութիւն յատկացնելու բանաձեւը, որ ներկայացուած էր վերահսկիչ Լինզի Հովարթի կողմէ, համահեղինակութեամբ՝ Քեթրին Պարկըրի։
Օժանդակութիւններ պիտի ստանան յատկապէս այրուածքներ ստացած հիւանդները, որոնց մեծ մասը վիրաւորուած էին Արցախի հայաթափումի օրերուն պատահած վառելանիւթի շտեմարանի պայթումին, որ առաւել քան 200 զոհեր եւ առաւել քան 300 վիրաւորներ պատճառեց։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը բանաձեւին զօրակցող նամակ մը յղած էր եւ քննարկումին ընթացքին վկայութիւն ներկայացուց վերահսկիչներու խորհուրդին։
Բանաձեւը խստօրէն կը դատապարտէ Արցախի հայութեան դէմ իրականացուած Պաքուի ցեղասպանական արշաւը։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան ողջունեց վերահսկիչներու խորհուրդի այս քայլը՝ զայն նկատելով Արցախէն բռնի տեղահանուած առաւել քան 100,000 գաղթականներու կարիքներուն հասնելու ջանքերուն մէկ կարեւոր մասնիկը
Նշենք, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը զօրակցի Պարկըրի վերընտրութեան արշաւին։