Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգեց Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Իրանի դեսպան Մեհտի Սուպհանիի յայտարարութիւններուն, զորս ան կատարեց «Սիվիլնեթ»ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին:
«Ինթըրֆաքս»ը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ Իրանի դեսպանին կարծիքը «սադրիչ» եւ «անհիմն» որակեց:
«Այպիսի յայտարարութիւններ կը վնասեն Ատրպէյճանի եւ Իրանի յարաբերութիւններուն՝ հիմնուած իրարու տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան նկատմամբ փոխադարձ յարգանքին վրայ, ինչպէս նաեւ կը հակասեն Իրանի նախագահի 9 Նոյեմբեր 2023ին Թաշքենտի մէջ Ատրպէյճանի նախագահին հետ հանդիպման ընթացքին ըսած խօսքերուն: Նշեալ հանդիպումին ընթացքին Իրանի նախագահ Էպրահիմ Ռայիսի ուրախութեամբ նշած էր, որ Ատրպէյճան երկար տարիներ ետք ապահոված է իր տարածքային ամբողջականութիւնը, եւ որ Ղարաբաղը վերադարձած է Ատրպէյճանին», ըսաւ Հաճիզատէ՝ աւելցնելով. «Մենք կ՛ակնկալենք, որ Իրան պիտի կանխարգիլէ մեր յարաբերութիւններու ոգիին չհամապատասխանող այսպիսի քայլեր, ինչպէս նաեւ համապատասխան քայլերու պիտի ձեռնարկէ դեսպանին արտայայտած կարծիքին գծով»:
Յայտնենք, որ հարցազրոյցին ընթացքին դեսպանը յայտարարած էր Արցախի ժողովուրդին իրաւունքներու պաշտպանութեան անհրաժեշտութեան մասին: «Մենք կը ճանչնանք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը՝ միջազգային եւ ՄԱԿի արժեչափերուն համապատասխան, սակայն այդ չի նշանակեր, որ պէտք է ոտնահարուին այնտեղ գտնուող մարդոց իրաւունքները: Մենք կը կարծենք, թէ Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքները պէտք է ապահովուին, Ղարաբաղի ժողովուրդի իւրաքանչիւր ներկայացուցիչի իրաւունքները պէտք է ապահովուին, անոնք պէտք է կարելիութիւն ունենան իրականացնելու իրենց իրաւունքները: Ասիկա իրողութիւն է, զոր ոչ ոք, ներառեալ Ատրպէյճան, կրնայ անտեսել: Երբ ղարաբաղեան ճգնաժամը սկսաւ, եւ ղարաբաղցիները եկան Հայաստան, խումբ մը գաղթականներ կը գտնուէին Կապան, ես գացի եւ անոնց հարցուցի, թէ իրենք ինչո՛ւ հեռացած են այդ տարածքէն, անոնք ըսին, որ իրենց կեանքին վտանգ կը սպառնայ: Երկիրը, որ միւսներուն իր քաղաքացին կը կոչէ, պէտք է պայմաններ ստեղծէ, որպէսզի այդ մարդիկը իրենք զիրենք ապահով զգան եւ չհեռանան այդ տարածքէն, այդ հողէն: Մենք Ղարաբաղի ժողովուրդի օրինական եւ արդար իրաւունքներուն ապահովման կողմնակիցն ենք», ըսաւ դեսպան Սուպհանի:
Խօսելով Հայաստանէն անցնող ճամբաներու պարագային միջանցքի եզրի օգտագործման մասին՝ ան ըսաւ. «Մենք կը պաշտպանենք Հայաստանի անկախութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ գերիշխանութիւնը եւ դէմ ենք ամէն բանի, որ կը խախտէ անոր միջազգային սահմանները: Ինչ կը վերաբերի միջանցքին, նշեմ, որ միջազգային գրականութեան մէջ անիկա կը նշանակէ հաղորդակցման ուղի, սակայն երբ անիկա կը վերաբերի Հայաստանին՝ այն ատեն կ՛ունենայ յատուկ իրաւաբանական նշանակութիւն: Անոնք, որոնք կը կրկնեն այս բառը, զայն կ՛օգտագործեն յատուկ իմաստով եւ գաղտնի միտքեր կը թաքցնեն իրենց յայտարարութիւններու ետին»:
Սուպհանի վստահեցուց, որ Իրան դէմ չէ երթեւեկի հաղորդակցութեան վերականգնման, սակայն անընդունելի կը նկատէ Հայաստանի վերահսկողութենէն դուրս ճամբաներու գոյութիւնը: «Մենք դէմ ենք այն հաղորդակցութիւններուն եւ ուղիներուն, որոնք դուրս կու գան Հայաստանի գերիշխանութեան ծիրէն եւ կասկածի տակ կը դնեն Հայաստանի անկախութիւնը: Մեր տեսանկիւնէն դիտած՝ անընդունելի է այն ճամբան, որ չի գտնուիր Հայաստանի վերահսկողութեան եւ գերիշխանութեան տակ», շեշտեց Սուպհանի: