Արժանթինեան Նէուքէն եւ Ռիօ Նեկրօ նահանգները կը գտնուին մայրաքաղաք Պուէնոս Այրէսէն մօտ հազար քիլոմեթր հեռու, երկրի կեդրոն հարաւային շրջանին մէջ, Անտեան լեռնաշղթայի եւ հետեւաբար Չիլիի հետ սահմանի մօտ։ Հարուստ են քարիւղի եւ բնական կազի հանքերով, կ՚արտադրեն մասնաւորաբար պտուղ, վերջերս նաեւ գինի եւ շնորհիւ իրենց բնական տեսարժան վայրերուն, սկսած են հետզհետէ աւելի գրաւիչ դառնալ զբօսաշրջութեան համար։ Իրարու սահմանակից այս երկու նահանգներուն մէջ դեռեւս 1920ական թուականներէն կ՚ապրին այսօրուայ տուեալներով մօտ ութսուն հայ ընտանիքներ՝ Նէուքէն, Սիբոլեթթի, Խեներալ Ռոքա եւ Չոքոն քաղաքներուն մէջ։ Այս քաղաքներէն իրարու ամէնէն մօտիկները Նէուքէնն ու Սիբոլեթթին են, որոնք կը գտնուին երկու նահանգները իրարմէ վարչականօրէն բաժնող գետին երկու ափերուն։ Միւս քաղաքները կը գտնուին իրարմէ յիսունէն հարիւր քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ։
Առաջին անգամ հոն կայք հաստատած հայերը ներգրաւուած են, ինչպէս կարելի է ենթադրել, օրին հոն ներկայացուած տնտեսական զարգացման կարողականութեամբ եւ աշխատատեղիներու առաջարկով։ Այսօր, սակայն, անոնք ընդհանրապէս ազատ ասպարէզին մէջն են, բայց նաեւ նահանգային եւ քաղաքապետական կառավարման մարմիններու մէջ՝ ընդհուպ մինչեւ նահանգապետի մամլոյ հարցերու թէ քաղաքապետի խորհրդականի դիրքերուն վրայ։ Արդէն հասակ առնող երրորդ սերունդը համալսարանաւարտ է եւ անոնցմէ ոմանք տրամադիր են իրենց ասպարէզը ակադեմական մարզին մէջ փնտռելու։ Պատկերը ամբողջացնելու համար պէտք է նշել հայրենի երկու կամ երեք արուեստագէտներ եւ իրենց ընտանիքները, որոնք աւելի քան տասնամեակ մը առաջ, իննսունական թուականներու սկիզբի նորանկախ Հայաստանի ընկերային ու տնտեսական դաժան պայմաններու բերումով իրենց բախտը փորձելու եկած են Արժանթին, եւ Խեներալ Ռոքա քաղաքի հանրածանօթ արուեստի ուսմանց հիմնարկին մէջ գտած են թէ՛ իրենց տաղանդը արտայայտելու առիթ, եւ թէ որպէս անհատ զարգանալու ու ընտանիք պահելու նիւթական ապահովութիւն։
Մինչեւ տարի մը առաջ, Փաթակոնիա (ինչպէս ծանօթ է Արժանթինի կեդրոն-հարաւային աշխարհագրական տարածութիւնը) այցելող ոեւէ հայ մասնաւոր պատճառ մը չունէր նախընտրութիւնը Պարիլոչէ կամ Սան Մարթին տէ Լոս Անտէս զբօսաշրջական քաղաքներուն չտալու։ Կամ՝ դէպի այդ քաղաքները ուղղուելու իր ճամբուն վրայ կանգ առնելու Նէուքէն, Սիբոլեթթի, Խեներալ Ռոքա կամ Չոքոն՝ հայութեան հետքեր փնտռելու մարմաջով։ Հաւաքական նուազագոյն կազմակերպուածութեան մը հոմանիշ համայնք հասկացողութիւնը կարելի չէր գործածել շրջանի հայերուն համար, որոնք աշխարհագրական հեռաւորութեան բերումով կտրուած էին Արժանթինի հայ համայնքի երկու գլխաւոր կեդրոնատեղիներէն՝ Պուէնոս Այրէս եւ Քորտոպա, եւ չունէին նուազագոյն այն ենթակառոյցը կամ հաղորդակցութեան մեքանիզմը, որ ունի, օրինակի համար, Ռոսարիօ եւ Մար տէլ Փլաթա քաղաքներուն մէջ կայք հաստատած հայութիւնը։ Տասնամեակներու ընթացքին հազուագիւտօրէն այս կեդրոնատեղիներէն հոն տեղափոխուած հայ անհատներն ալ այդ կապը չեն պահած։ Ոչ ալ հայրենի արուեստագէտներու ժամանումը անկիւնադաձ մը եղած է, ինչպէս կարելի է միամտաբար կարծել։ Հայ ինքնութիւնը այս քաղաքներուն մէջ եղած է համազօր սրբութեան մը, որ կարելիութեան սահմաններուն մէջ պահպանուած է հիմնականին մէջ որպէս պատմական յիշողութիւն եւ հայերէն քանի մը բառ, որոնք փոխանցուած են սերունդէ սերունդ, մինչեւ արդէն հասակ առնող չորրորդը։ Օրինակի կարգով պէտք է յիշել Նէուքէնի այն հայորդին, որ իր երեք առաջին դուստրերուն չէ կրցած հայկական անուններ դնել, որովհետեւ օրէնք մը կ՚արգիլէր պաշտօնապէս ցանկագրուած անուններէ դուրս անունի մը որդեգրումը։ Ժամանակավրէպ այդ օրէնքի վերացումով, նշեալ հայորդին սպասած է, որ իր չորրորդ զաւակը ըլլայ մանչ մը, որուն պիտի ցանկար, ինչպէս կարելի է ենթադրել, տալ իր հօր անունը։ Սակայն, ահաւասիկ չորրորդ զաւակն ալ ծնած է աղջիկ, զոր մեծ բաւարարութեամբ անուանակոչած է Արեւիկ, միակը շատ հաւանաբար ամբողջ նահանգին մէջ:
Տարի մը առաջ, սակայն, աւելի ճշգրիտ կերպով Սեպտեմբեր 21, 2006ին, Նէուքէն եւ Ռիօ Նեկրօ նահանգներուն հայ համայքը առաջին անգամ ըլլալով ինքզինք հրապարակային կերպով ծանօթացուց որպէս Հարաւի հայեր։ Առիթը Հայաստանի անկախութեան 15ամեակն էր, որուն տօնախմբումը կատարուած է յատուկ հանդէսով։ Օգոստոս 31, 2007ին, Հարաւի հայերը արդէն կարեւոր եւ իւրայատուկ յառաջընթաց մը արձանագրեցին իրենց ինքնակազմակերպումի գործընթացին մէջ, Նէուքէն նահանգային մայրաքաղաքի Քոմահուէ ազգային (պետական) համալսարանին մէջ բացումը կատարելով Հայագիտական ուսմանց ազատ ամպիոնին, որ նոյն օրն իսկ իր աշխատանքներուն սկսաւ մօտ վաթսուն հայ եւ ոչ-հայ հաշուող ներկաներուն հրամցնելով «Ցեղասպանութիւն եւ Սփիւռք. Հայերը քսաներորդ դարէն քսանմէկերորդ դար» նիւթով բանախօսութիւնը։ Ձեռնարկը հովանաւորուած էր Արժանթինի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան, արժանթինահայութեան առաջնորդարանի եւ Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին կողմէ։
Հարաւի հայերու համայնք մը, ուրեմն, այլեւս կայ Նէուքէնի եւ Ռիօ Նեկրոյի նահանգներուն մէջ։ Ոչ միայն գոյութիւն ունի, այլեւ մտադիր է ներգրաւելու Պարիլոչէի եւ Մենտոզա քաղաքի մէջ կայք հաստատած հայերը, զանոնք եւս մասնակից դարձնելու այս հաւաքական նախաձեռնութեան, որ առայժմ պարտինք բանաձեւել որպէս ինքնութեան արմատներու վերադարձ։
Ինչպէ՞ս ընթացք առաւ այս հոլովոյթը, որ հարաւի մէջ գրեթէ կորսուած, կամ ինչպէս Սփիւռքի հանրածանօթ մահերգ մը պիտի ուզէր տեսնել՝ ձուլումի ու կորուստի դատապարտուած բուռ մը հայ ծագումով անհատներ մղեց իրարու մօտ գալու եւ ապա ձգտելու Արժանթինի եւ ընդհանրապէս հայութեան հետ համարկուելու նախաձեռնութեան դիմելու։
Հրաշքներու հաւատացողները, անշուշտ, պէտք չունին շատ մտմտալու, բայց հասարակական գործընթացներու մէջ «հրաշքներն» ալ իրենց բանական բացատրութիւնը ունին։ Այո՛, հրաշքի համազօր պիտի հաշուենք ազգային ինքնութեան վերապրումը, երբ այնքան հեշտ է հայութենէ կտրուած նման միջավայրի մը մէջ արդէն երկրորդ սերունդէն իսկ իրաւունք տալ «ճերմակ ջարդ»ի ուրուականին տեսաբաններուն։ Փաստօրէն, Նէուքէնի եւ Ռիօ Նեկրոյի մէջ հայապահպանման նուազագոյն տարրերը (լեզու, կրօնք, մշակոյթ, թէ այլ) չկան։ Այլ խօսքով, հայապահպանումը ձախողած է ամէն մարզի մէջ, բացի պատմական յիշողութեան կենդանի պահպանման մարզէն։ Եւ բացառաբար ա՛յդ նուազագոյնէն սկսած է հոն հասակ առած երրորդ եւ չորրորդ սերունդի քանի մը ներկայացուցիչներու նախաձեռնութիւնը՝ համախմբուելու, ինքնութիւն ունենալու եւ մասնակից դառնալու Սփիւռքի, եւ ընդհանրապէս հայութեան, հոլովոյթին։
Պատահական չէ, անշուշտ, որ այս գործընթացը սկսած է, երբ Արժանթինի մէջ Հայ Դատի աշխատանքները արձանագրած են հիմնական յաջողութիւն մը՝ Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչցող թիւ 26,199 օրէնքի ընդունումով։ Հետեւելով Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ցուցմունքներուն, Հարաւի հայերը արդէն յաջողած են Նէուքէն նահանգին կողմէ այդ օրէնքին վաւերացումը իրականացնել Հայագիտական ամպիոնի բացումէն շաբաթ մը առաջ։ Իսկ դրացի Սիբոլեթթի քաղաքին մէջ հրապարակ մը անուանակոչուած է Հայաստանի Հանրապետութիւն, հիմնաքարը զետեղուած է, կը սպասուի յուշակոթողին եւ յատուկ արտօնութիւն կայ այդ հրապարակին վրայ նստարաններ զետեղելու եւ զայն վերածելու զբօսավայրի։ Եւ այս բոլորը եղած են հակառակ անոր, որ Արժանթինի թրքական դեսպանատունը յատուկ նամակով դիմած է նահանգային իշխանութիւններուն՝ արգելք հանդիսանալու համար հայանպաստ այս քայլերուն։
Հարաւի հայերու երեւոյթը, ուրեմն, պէտք է զետեղուի ընդհանրապէս Արժանթինի հայ համայնքի վերջին քանի մը տարիներու աշխուժացման ոլորտին մէջ։ 2001-2002 տարիներու տնտեսական ու ընկերային սուր տագնապը կրնար մահացու ըլլալ ոչ միայն Արժանթինի, այլ նաեւ Ուրուկուէյի եւ Պրազիլի հայութեան համար, համայնքներ, որոնք գտնուելով այսպէս կոչուած Սփիւռքի «ծայրամասը» եւ աշխարհագրական այնպիսի տարածաշրջանի մը մէջ, որ հայրենի քաղաքական շրջանակներու տեսադաշտէն առնուազն հեռու է, կրնային դիւրութեամբ բովանդակութենէ սպառիլ, եթէ չըլլային ղեկավար դիրքերու հասնող նոր սերունդի մը կողմէ ինքնասթափումի եւ վերականգնման նախաձեռնութիւններ, որոնց արդիւնքներէն ամէնէն կարեւորը թիւ 26,199 օրէնքն է։
Հարաւի Հայերու այս աշխուժացումը, սակայն, ունի երկու այլ իւրայատկութիւն, որոնք առանձին կու գան փաստելու, որ թերեւս Սփիւռքի հոլովոյթը արդէն գերազանցած է հայապահպանման հանգրուանը եւ նոր լինելութեան ընթացք մը կերտելու վրայ է։ Այս իւրայատկութիւններէն առաջինը այն է, որ մինչ Արժանթինի, եւ ընդհանրապէս Հարաւային Ամերիկայի հայ համայնքի պատմական զարգացման հոլովոյթը արձանագրուած չէ, որովհետեւ չէ եղած անհրաժեշտ տեսլականը ներդրում կատարելու համար նաեւ յիշողութեան պահպանման նախաձեռնութիւններուն մէջ, Նէուքէնի եւ Ռիօ Նեկրոյի այս հայկական զարթօնքին ղեկավար դերակատարները այդ գիտակցութիւնը ունին եւ առաջին հաւաքներէն, նամակներէն ու ստորագրութեան հաւաքներէն մինչեւ պաշտօնական գրանցումներու օրինակները յատուկ արխիւով մը պահելու սկսած են։
Երկրորդ, ինքնութեան վերադարձի այս ճիգը չ՚արտայայտուիր ինչպէս դասականօրէն կարելի էր սպասել եկեղեցիի, դպրոցի թէ համայնքային կեդրոնի կառուցումով, ոչ ալ Պուէնոս Այրէսէն պարախումբ կամ երգչախումբ հրաւիրելու ճամբով։ Այդ բոլորը հետագային կրնան իրականանալ, ի մասնաւորի երբ անհրաժեշտ նիւթական աղբիւրները գոյանան։ Գիտակցաբար կամ ոչ, Նէուքէնի խումբը սփիւռքահայութեան գործընթացի որակական փոփոխութեան քայլ մը նետած է՝ հայագիտական ամպիոնի մը ստեղծման նախաձեռնութեամբ։ Այդ ամպիոնը «պահպանման» դերակատարութիւն չի կրնար ստանձնել, ոչ ալ ակադեմական իմաստով հայագիտական ուսումնասիրութիւններ ընելու կարողականութիւնը ունի։ Սակայն ամպիոնը լաւագոյն միջոցն է համարկման, որ այս պարագային պէտք է հասկցուի թէ՛ աւելի ընդարձակ արժանթինահայութեան ու ընդհանրապէս հայութեան, եւ թէ իրենց անմիջական շրջապատի հետ փոխ-կապակցութեան զոյգ իմաստով։ Այլ խօսքով, ինքնութեան գործընթացը հոս կը դիտուի շրջապատին հետ հաղորդակցութեան անհրաժեշտութենէն մեկնած, շրջապատին հայութիւնը իր պատմութեամբ ու մշակոյթով ծանօթացնելու նպատակակէտով, եւ ոչ թէ համայնքի մը հաստատութիւններու շուրջ ինքնափակումի հետամուտ ծրագիրներով։ Յատկանշական է, որ Քոմահուէի Ազգային համալսարանին մէջ նմանօրինակ միակ ամպիոնը որ կայ, Հրէական ուսումնասիրութեանց ազատ ամպիոնն է։ Այլ խօսքով՝ Հարաւի հայերը իրենց ինքնութեան գործընթացը չեն զետեղեր հայապահպանման ոլորտին մէջ, եւ, ամէն պարագայի, հայապահպանման տարրեր պիտի գան յետոյ՝ որպէս անհրաժեշտ պահանջ իր զարգացման հետամուտ Սփիւռքի մէկ մասնիկի անդամներուն համար։
Ոչինչ, բնականաբար, կ՚երաշխաւորէ այս գործընթացի յաջողութիւնը։ Ինքնութեան հասարակական կառուցման նախաձեռնութիւն մըն է, որ սկիզբ կ՚առնէ եւ անոր զարգացումը կախում ունի նախ նախաձեռնողներու յանձնառութենէն, ապա Արժանթինի համայնքի կեդրոնատեղիներէն իրենց ստանալիք օժանդակութենէն։ Դերակատար կրնայ ըլլալ նաեւ Սփիւռքը, ի մասնաւորի սփիւռքահայ մտաւորականութիւնը, որ առնչակից է ակադեմական աշխարհին հետ եւ շատ բան կրնայ հրամցնել Քոմահուէի Ազգային համալսարանի Հայագիտական ուսմանց ազատ ամպիոնին, երբ համացանցին վրայ իրենց մասին իմանայ։ Ցանկալի պիտի ըլլայ յուսալ, որ նաեւ հայրենի պետութիւնը օր մը ըլլայ այն պետութիւնը, որ նախանձախնդիր ըլլայ աշխարհի որեւէ անկիւն գտնուող հայութիւնը առնուազն իր տեսադաշտին մէջ առնելու, այնպէս, ինչպէս այլ պետութիւններ կ՚ընեն (ի դէպ, Քոմահուէի Ազգային համալսարանի մէջ հայագիտական ամպիոնի յատկանիշներով միայն մէկ այլ ամպիոն կայ նուիրուած Հրէական ուսումնասիրութեանց)։ Մինչ այդ, սակայն, կ՚արժէ արձանագրել այս ամենահարաւային ամպիոնի բացման երեւոյթը որպէս բանականացումը Սփիւռքի զարգացման հոլովոյթին, եւ ի խնդիր անոր կայացման գիտակցութեան ու յանձնառութեան առաջացման։