Թուրքիա մէկ տարիով երկարաձգեց Ատրպէյճանի մէջ տեղակայուած իր զինուորներու լիազօրութիւնը, երբ խորհրդարանը հաւանութիւն տուաւ նախագահ Էրտողանի ներկայացուցած առաջարկին:
Ըստ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան՝ փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներուն կողմէ ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեամբ նախատեսուած աշխատանքները կը շարունակուին, Ակնայի մէջ գործող ռուս-թրքական միացեալ հսկողութեան կեդրոնի գործունէութիւնը «յաջողութեամբ կը շարունակուի»:
Ըստ օրինագիծին՝ «Թուրքիա այս կեդրոնին միջոցով կ՛օգնէ ապահովել շրջանի ապահովութիւնը եւ ամրապնդել կողմերուն միջեւ վստահութիւնը: Հակառակ Ատրպէյճանի կողմէ Սեպտեմբերին ձեռնարկուած հակաահաբեկչական գործողութեան, հարցը վերջնականապէս լուծուած չէ, որովհետեւ հակամարտող կողմերուն միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիր տակաւին չէ կնքուած: «Թուրքիա, որ հոլովոյթի սկիզբէն աջակցած է Ատրպէյճանին, որպէսզի անիկա կարենայ պաշտպանել իր բոլոր իրաւունքները, ներառեալ` տարածքային ամբողջականութիւնը, կը շարունակէ զգալի ներդրում ունենալ շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանման եւ ամրապնդման գործին մէջ, ինչպէս նաեւ անոր նպաստող տնտեսական ենթակառոյցներու կառուցման ու վերականգնման մէջ»: