
ՆՈՒՊԱՐ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆԻ մահուան տխուր առիթով, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ Ս. եպս. Տօնոյեան, Հոգեւորականաց դասը, Կրօնական ժողովը եւ Ազգային վարչութիւնը ցաւակցութիւն կը յայտնեն հանգուցեալի տիկնոջ՝ Եսթերին, զաւակներուն՝ Անիին եւ Վարդանին, եւ թոռներուն, ընտանեկան պարագաներուն ու հարազատներուն։ Հանգուցեալը երկար տարիներ եղած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Սան Ֆրանսիսքօ) Հոգաբարձութեան անդամ, Ազգային երեսփոխան եւ Ազգային վարչութեան անդամ։
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ