Անդրկովկասի երկիրներուն պաշտպանութեան ամավարկերու սուր յաւելումը եւ անոր ընկերակցող ռազմականացումը ահազանգ կը հնչեցնեն միջազգային համայնքին մէջ։ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի մէջ զինուորական մարզին ծախսերը ներկայիս քսանէն քառասուն անգամով կը գերազանցեն ներքին ընդհանուր արտադրութիւնը։
Անդրկովկասի իւրաքանչիւր մէկ միլիոն բնակիչի համար գոյութիւն ունին եօթանասունհինգ հրասայլեր եւ ութսունհինգ թնդանօթ։ Այդ մէկը շատ աւելի մեծ համեմատութիւն մըն է՝ բաղդատած անոնց երեք մեծ դրացիներուն՝ Իրանին, Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ։ Եթէ նկատի առնենք նաեւ շրջանի երեք չճանչցուած տարածքներուն՝ Աբխազիոյ, Հարաւային Օսէթիոյ եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գոյութիւն ունեցող զինամթերքը, թուական այդ պատկերները կը բարձրանան շուրջ մէկ երրորդով։
Սակայն շրջանին ռազմականացումը պէտք է աւելի լայն պարունակի մէջ նկատի առնուի։ Սթոքհոլմի Խաղաղութեան հիմնարկին կատարած հաշուարկներուն համաձայն, անցեալ տարի զինուորական համաշխարհային ծախսը հասաւ 1.2 հարիւր միլիառ տոլարի, ինչ որ 3.5 տոկոսի յաւելում կ՚ենթադրէ նախորդ տարուընէ։
Այդ մէկը մտածել կու տայ, որ հակառակ Պաղ պատերազմին աւարտին եւ միջազգային ապահովութեան նոր կառոյցի մը հաստատման, մեծ թիւով երկիրներ տակաւին կը հաւատան, որ իրենց ապահովութեան պահպանման երաշխիքը ազդու բանակ մը ունենալն է։
Հայաստանի 2007ի զինուորական ամավարկը շուրջ 271 միլիոն տոլար էր կամ՝ ներքին ընդհանուր արտադրութեան 3.5 տոկոսը։ Զինուորական մարզին ծախսը հիմնուած է Ատրպէյճանէն եկող իսկական եւ Թուրքիայէն եկող հաւանական սպառնալիքի ըմբռնումին վրայ։
Հայաստանի կառավարութիւնը կը մերժէ այն ամբաստանութիւնները, թէ կը շրջանցէ 1990ի Եւրոպայի աւանդական ուժերու դաշինքին ճշդած զինուորական չափաբաժինները՝ հաստատելով, թէ ինք անոնց ճշդած սահմանները կը յարգէ եւ կը ջանայ կանխարգիլել Կովկասի մէջ նոր զինարշաւ մը։ (Ատրպէյճան իր կարգին կ՚ամբաստանէ Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վերնոշեալ դաշինքով չվաւերացուած զէնքեր պահելու յանցանքով)։
Հայաստան նաեւ ամբաստանուած է շրջանը ռազմականացնելու յանցանքով՝ Վրաստանի Ախալքալաք շրջանի ռուսական 62րդ գունդի խարիսխին (որ այժմ փակ է) զինամթերքը դէպի հիւսիսային Հայաստանի Գիւմրի շրջանի ռուսական խարիսխ փոխադրելու արտօնութիւն տուած ըլլալուն համար։
Հայ պաշտօնատարներ հակադարձեցին՝ նշելով, որ փոխադրուած սարքերուն մեծ մասը փոխադրակառքեր եւ զինամթերք էր, եւ Գիւմրիի խարիսխին մէջ գտնուող բոլոր սարքերը ռուսական բանակին սեփականութիւնն են եւ ոչ՝ Հայաստանի։ Անոնք դիտել կու տան, որ այդ ամբողջ գործընթացը թափանցիկութեամբ իրագործուած էր եւ՝ վրացական իշխանութիւններուն հետ համաձայնաբար, ինչպէս նաեւ անիկա կը համընկնի դաշինքին ճշդած չափաբաժինին հետ։
Հայաստան տարիներէ ի վեր ականատես կ՚ըլլայ դրացի Ատրպէյճանին զինուորական ծախսերուն յաւելումին, եւ կ՚ըսէ, թէ ան է, որ կը խախտէ Եւրոպայի աւանդական ուժերու դաշինքին պայմանները։ Օրինակի համար, 2006ին Ատրպէյճան յայտարարեց, թէ ունի 217 հրասայլեր եւ քառասունմէկ հրասայլ եւս գնեց Ուքրանիայէն եւ Պելոռուսէն՝ այդպիսով երեսունութ հրասայլով գերազանցնելով դաշինքին չափաբաժինը։
Հայաստանի պաշտպանութեան նախկին նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեան նշեց, թէ «երբեք յստակ չէ, թէ ի՛նչ չափով ԵԱՀԿն ու ՆԱԹՕն կրնան ճնշում բանեցնել Պաքուի վրայ, որ դաշինքին չափաբաժինը պահէ։ Այդ կացութեան մէջ յստակ է, որ Ատրպէյճան կա՛մ պէտք է դուրս գայ դաշինքէն, կամ ալ լիովին յարգէ զայն»։
Ըստ հայերուն, Ատրպէյճան կը փորձէ քարիւղի իր նոր եկամուտներով ուռճացած պաշտպանութեան ամավարկը օգտագործել իբրեւ Հայաստանի վրայ ճնշում բանեցնելու միջոց՝ միակողմանի զիջումներ պարտադրելու համար Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղութեան գործընթացին մէջ։ Սակայն Ատրպէյճանի կողմէ զինուորական ծախսերուն յաւելումը կրնայ անհրաժեշտ, բայց ոչ բաւարար պայման ըլլալ յաջողութիւն արձանագրելու պատերազմի մը վերսկսման պարագային։
Հարկ է նշել, որ Ատրպէյճանի զինուորական ծախսերուն մեծ մասը կը տրամադրուի Կասպից ծովուն մէջ իր ծովուժին եւ, հետեւաբար ոչ ընդդէմ Լեռնային Ղարաբաղին կամ Հայաստանին։ Այդ մեծ եւ ուժանիւթով հարուստ աւազանին շուրջ վէճերը ապագայի տագնապներու հաւանական աղբիւրներ են։ Պաքու նաեւ ստիպուած է իր ուժերուն մէկ մասը պահել երկրին ուրիշ բաժիններու մէջ, ինչպէս, օրինակ, հարաւային սահմաններուն մէջ՝ ետ մղելու համար հաւանական սպառնալիքները։
«Ի հակազդեցութիւն Ատրպէյճանին կողմէ սուղ, յարձակողական զէնքերու գնումին՝ հայկական կողմը իր նախընտրութիւնը կու տայ աւելի աժան եւ պաշտպանողական զէնքերու համակարգերու», դիտել տուաւ Երեւանի մէջ Կովկասի մամլոյ հիմնարկի փոխտնօրէն, զինուորական մասնագէտ Սերկէյ Մինասեան։
«(Հայաստան) նաեւ շատ տրամաբանական ձեւով կ՚օգտագործէ ԱՊՀի Հաւաքական ապահովութեան դաշինքին իր անդամակցութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ Ռուսիոյ հետ իր դաշնակցութիւնը։ Օրինակի համար 2006ի վերջաւորութեան Պաքու սուղ գինով արդիական «Միկ 29» պատերազմական օդանաւեր գնեց Ուքրանիայէն։ Եւ գրեթէ նոյն ժամանակ յայտարարուեցաւ, թէ Հայաստանի հողերուն վրայ գտնուող ռուս-հայկական հակաօդային համակարգը փոխարինուած է աւելի արդիական համակարգով մը, եւ ան դրուած է պատերազմի ահազանգային դրութեան մէջ», բացատրեց Մինասեան։
Թէ՛ ՆԱԹՕ եւ թէ Ռուսիա կը նպաստեն Անդրկովկասի ռազմականացման։ Հարցը կարելի է դիտել այնպէս, որ թէ՛ ՆԱԹՕ եւ թէ ԱՊՀի Հաւաքական ապահովութեան դաշինքը իրենց տեղը ունին շրջանին մէջ, եւ երկուքը կը մրցին հաւատարմութեան համար եւ ոչ թէ բացայայտ թշնամութեամբ։ Շրջանին մէջ ՆԱԹՕին գործունէութիւնը հասկացողութեամբ կը դիմաւորուի Հայաստանի կողմէ, որ հիւրընկալած է անոր ռազմափորձեր։
Սակայն ցարդ յարաբերական կայունութիւն կ՚երաշխաւորուի շրջանին մէջ՝ մեծ մասամբ շնորհիւ զինուորական հաւասարակշռութեան, որուն անկիւնաքարը եղած է Եւրոպայի աւանդական ուժերու դաշինքը։ Եթէ դաշինքը սկսի լուծուիլ, այդ մէկը կրնայ առաջնորդել անկայունութեան եւ Անդրկովկասի մէջ լարուածութեան սրման՝ անլոյծ տագնապներուն վերապայթումի սպառնալիքով։
«Ինսթիթիութ Ֆոր Ուոր Էնտ Փիս» 19 Յուլիս
Թուրքիա Կ’արգիլէ Հայաստանի Գնած Զէնքերու Տարանցումը
Ալպանիոյ վարչապետ Սալի Պերիշա Յուլիսի վերջին օրերուն յայտարարեց, թէ թրքական իշխանութիւնները ստիպած են զինամթերքով բեռցուած ալպանական նաւու մը՝ վերադառնալու Ալպանիա եւ արգիլած են, որ ան Վոսփոր եւ Տարտանէլ նեղուցներէն անցնի։ «Թրքական իշխանութիւնները մերժեցին Հայաստան առաքուող ալպանական զինամթերքին տարանցումը։ Անոնք ստիպեցին, որ բեռնանաւը վերադառնայ Ալպանիա։ Նաւը, որ մեկնած էր Տիւրէսի նաւահանգիստէն դէպի Պոլիս եւ բեռցուած՝ Հայաստան առաքուող ծանր հրետանիով եւ ռազմամթերքով, վերադարձած է Տիւրէս», ըսաւ ան։
Միւս կողմէ, ՄԷՅՔՕ ընկերութեան տնօրէնը հաստատեց, թէ Ալպանիա չ՚ուզեր միջամուխ ըլլալ հայ-ազերիական տագնապին։ «Ալպանիա կանոններու համաձայն եւ օրինաւոր միջոցներով զէնք ծախեց Հայաստանին», ըսաւ ան։ Նշենք, որ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը Ալպանիայէն մեծաքանակ գնած էր զանազան տիպի հակաօդային զէնքեր՝ 75-122 միլիմեթր տրամագիծով ռումբեր արձակող։ Իր կարգին, Ալպանիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը ՄԷՅՔՕին յանձնած էր զինամթերքին վաճառքը, որովհետեւ ընկերութիւնը այս մարզին մէջ որոշ փորձառութիւն ունի։
Նշենք, որ ՄԷՅՔՕ պետական ընկերութիւն մըն է եւ կը գործէ Ալպանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան հսկողութեան տակ։
Ինչ կը վերաբերի նեղուցներուն՝ Վոսփորին եւ Տարտանէլին, ինչպէս նաեւ՝ անոնց միջեւ գտնուող Մարմարայի ծովուն, ապա անոնք միջազգային ջուրեր կը նկատուին, եւ հոն նաւարկութիւնը ազատ է։
Այս սկզբունքը որդեգրուեցաւ 1923ին, Լօզանի մէջ ստորագրուած «Նեղուցներու դաշնագիր»ին մէջ։ Այս դաշինքը նեղուցներուն շրջանը ապազինել տուած էր եւ կազմած էր հոն նաւարկումին վերահսկող մարմին։ Այս տրամադրութիւնները իր գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւն համարելով՝ Թուրքիա պահանջած էր անոնց վերանայումը, ուստի, 1936ին, նոյն կողմերը ստորագրեցին Մոնթրէոյի պայմանագրութիւնը, ուր շրջանին վրայ Թուրքիոյ հակակշիռը վերահաստատելով հանդերձ, առաջին յօդուածով իսկ կը վերահաստատուի նեղուցներուն եւ Մարմարայի մէջ նաւարկութեան ազատութեան սկզբունքը։
Այս պայմանագիրը ի զօրու կը մնայ մինչեւ օրս, եւ անոր տրամադրութիւնները նեղուցներուն մէջ նաւարկութեան միջազգային օրէնք կը նկատուին։
Միւս կողմէ, Ատրպէյճան Ալպանիայէն պահանջեց յարգել ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին որոշումը եւ Հայաստանին զէնք չհայթայթել։ «Զէնքի վաճառքը կը վտանգէ շրջանին ապահովութիւնը», վերջերս յայտնեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարով՝ խումբ մը լրագրողներու։ Նախարարը շեշտեց, թէ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը բողոքի նամակ մը պիտի յղէ Ալպանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան՝ Հայաստան առաքուած զէնքերուն գծով։ «Բնագիրը արդէն իսկ պատրաստ է։ Ալպանիան, ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին բանաձեւին համաձայն, չի կրնար զէնք ծախել Հայաստանին», աւելցուց ան։ Իր կարգին, ՄԷՅՔՕի ներկայացուցիչը հաստատեց, թէ զինամթերքի վաճառքը կը համապատասխանէ ՄԱԿի որոշումին, եւ թէ ընկերութիւնը կը խորհի այլ ճամբով զէնքը հասցնել Հայաստան։
«ԱԼՊԱՆԻԱ ԽՈՍՏԱՑԱՒ ԴԱԴՐԵՑՆԵԼ ԶԷՆՔԻ ՎԱՃԱՌՔԸ»
Թրքական «Թուտէյ’զ զաման» կայքէջը «Ռոյթըրզ»էն քաղելով հաղորդեց, որ թրքական իշխանութիւններուն կողմէ Տիւրէսի նաւահանգիստ վերադարձուած Հայաստանի համար զինամթերք փոխադրող ալպանեան նաւուն միջադէպէն ետք, Ալպանիա Ատրպէյճանին վստահեցուց, որ պիտի դիմէ պէտք եղած միջոցներուն՝ դադրեցնելու համար զէնքի վաճառքը զինուորական անապահով պայմաններու մէջ գտնուող երկիրներուն։
Ալպանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լուլեզիմ Պաշա իր ատրպէյճանցի պաշտօնակիցին՝ Էլմար Մամէտեարովին հետ հեռաձայնային խօսակցութեան մը ընթացքին հաւաստեց, որ «Ալպանիոյ կառավարութիւնը պիտի դիմէ պէտք եղած միջոցառումներուն՝ կասեցնելու համար զինամթերքի վաճառքը այն երկիրներուն, որոնք զինուորական անապահով կացութեան մէջ են»։
Նշենք, որ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Հայաստան հերքած է Ալպանիայէն իր զէնք գնելու լուրը։
Այն պահուն, երբ Ատրպէյճան կը մեղադրէ Ալպանիան եւ Հայաստանը՝ ՄԱԿի Ապահովական խորհուրդին որոշումները խախտելու եւ շրջանի ապահովութիւնը վտանգելու զոյգ յանցանքներով, ատրպեճանական «Արմէյսքօ զերքալօ» օրաթերթի խմբագիր Ժասուր Մամէտով կը վստահեցնէ, թէ Ատրպէյճանի 2007ի պաշտպանութեան ամավարկը բարձրացած է 1 միլիառ ամերիկեան տոլարի, մինչ ռազմական ծախսերը արձանագրած են 27.9 առ հարիւրի յաւելում մը։ Այսպէս, աւելի քան 900 միլիոն ամերիկեան տոլար պիտի յատկացուի պաշտպանութեան նախարարութեան, իսկ պաշտպանութեան ճարտարարուեստի նորակազմ նախարարութեան պիտի տրամադրուի աւելի քան 120 միլիոն ամերիկեան տոլար։ Մամէտով աւելցուց, թէ Ատրպէյճան գնած է նոր զէնքեր եւ զինուորական սարքեր, նոր թնդանօթներ, հակահրասայլային հրթիռներ, Թի-72 տիպի հրասայլեր եւ Միկ-29 տիպի օդանաւեր։
Աւելի՛ն. Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին խոստովանեցաւ, թէ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան յատկացուած ամավարկը ներկայիս 8 անգամով աւելի է, քան ինչ որ էր 4 տարի առաջ։
Այս իրադարձութիւններուն լոյսին տակ դէտեր կը նախատեսեն, որ այս զինարշաւը շարունակուի, այնքան ատեն որ Ղարաբաղի տագնապը լուծում չէ գտած։
26 Յուլիս