Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը հաստատեց Մարք Լիպիի՝ Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնի թեկնածութիւնը:
Ներկայ դեսպան Ըրլ Լիցընպըրկըրի պաշտօնավարման ժամկէտը աւարտած էր Յուլիս 2022ին եւ արդէն առաւել քան մէկ տարիէ ի վեր այդ պաշտօնը թափուր էր:
Լիպի երկար տարիներու դիւանագէտ է: Ան աշխատած է Պրիւքսէլի մէջ՝ իբրեւ Եւրոպական Միութեան մօտ Միացեալ Նահանգներու առաքելութեան ղեկավարի օգնական եւ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար, եղած է նաեւ խորհրդական Վարշաւայի, Նիկոսիոյ, Պաղտատի եւ ամերիկեան այլ դեսպանատուներու մէջ ու բարձր պաշտօններ վարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ: Ան առաջին անգամն է որ կը նշանակուի դեսպանի պաշտօնին:
Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ տեղի ունեցած լսումներուն ընթացքին, անդրադառնալով Արցախի տագնապին՝ ան յայտարարած էր. «Հաստատուելու պարագային պիտի շարունակեմ Միացեալ Նահանգներու ջանքերը՝ խաղաղութեան համաձայնութեան գծով»:
Ան ըսած էր, որ Երեւան եւ Պաքու այժմ առաւել քան երբեք մօտ են խաղաղութեան շուրջ համաձայնութեան: Ըստ անոր՝ կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան համար կենսական նշանակութիւն ունի թէ՛ տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան եւ թէ շրջանի, ներառեալ՝ Արցախի բնակչութեան իրաւունքներու եւ ապահովութեան հարցի լուծումը:
«Այս տագնապը չունի զինուորական լուծում, եւ Միացեալ Նահանգները պէտք է շարունակէ դատապարտել բռնութիւնը կամ բռնութեան սպառնալիքները», ըսած էր Լիպի: