
ՄԱՐԻԷԹ ՕՀԱՆԷՍ
Կազմակերպութեամբ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան Մշակութային յանձնախումբին՝ Կիրակի, 19 Նոյեմբերի երեկոյեան, միութեան կեդրոնի «Հրանդ Տինք» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գրասէր շրջանակներու մէջ ծանօթ փրոֆ. Թաներ Աքչամի Yuz Yillik Apart-heid գիրքին շնորհահանդէսը, ներկայութեամբ միութեան անդամներու, հիւրերու եւ գրասէր հասարակութեան բազմութեան մը։
Փրոֆ. Աքչամ սահիկներու ցուցադրութեամբ բացատրութիւններ տուաւ գրքին նիւթին մասին՝ ըսելով. «Իր ստեղծման օրէն ի վեր, Թուրքիոյ իրաւական համակարգը եւ անոր հիմնարկները շրջապատող մշակոյթը քաղաքացիներուն բաժնած են երեք հիմնական դասակարգերու. վերին խաւը սիւննի մահմետական թուրք քաղաքացիներն են: 1924ի Սահմանադրութեան քաղաքացիութեան մասին 88րդ յօդուածի քննարկման ընթացքին, Կալիփոլիիէն խորհրդարանի պատգամաւոր Ճելալ Նուրի պէյը այդ մէկը պարզօրէն ըսաւ։ Երկրորդ կամ միջին խաւը բաղկացած է ալեւիներէն եւ այլ ոչ թուրք մահմետականներէն (քիւրտեր, չերքէզներ եւ այլն): Երրորդ կամ ամէնէն ցած խաւը բաղկացած է քրիստոնեաներէն եւ հրեաներէն։ Սխալ չըլլար այս դասակարգերը որակել՝ իբրեւ թրքական «արտօնեալ դասակարգի համակարգ»: Թէեւ մենք կրնանք աւելի հեռուն երթալ՝ դէպի օսմանեան «Միլլեթ» համակարգը, ապա Apartheid-ը (խտրական համակարգ) հաստատուած է շարք մը բացայայտ կամ գաղտնի օրէնքներով եւ հրամանագիրներով, որոնք հրապարակուած են նոր խորհրդարանին կողմէ Ապրիլ 1920էն սկսած՝ նշանաւորելով ժամանակակից Թուրքիոյ սկիզբը: Այս օրէնքներէն եւ հրամանագրերէն շատերը ի զօրու են մինչեւ այսօր»:

Ապա Պոլսահայ միութեան Մշակութային յանձնախումբին կողմէ Գործադիր յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Մուրատ Քէօշքէր հեղինակին յանձնեց յուշանուէր մը՝ առ ի գնահատանք անոր նորատիպ հատորին:
Այնուհետեւ կատարուեցաւ գիրքին գինեձօնի գեղեցիկ արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան տոքթ. Մուրատ Քէօշքէր, Գործադիր յանձնախումբի նախկին ատենապետ եւ ներկայ Ընդհանուր ժողովի ատենապետ Սիմոն Աճըիլաչ եւ իր տիկինը Հիլտա, Էսաեան վարժարանի Սանուց յանձնախումբի նախկին ատենապետուհի Ալին Տօնիկեան եւ Լուսի Գարալեան, Յովսէփ Թոքաթ, Կարպիս Սարաֆեան, Հերման Չէլիք ու Մարիէթ Օհանէս:
Փրոֆ. Աքչամ իր սրտի գոհունակութիւնը եւ շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլորին անխտիր ու մասնաւորաբար Պոլսահայ միութեան։ Եղան բարձր գնահատականներ, ինչպէս նաեւ հարցումներ գրքին վերաբերեալ։ Աւարտին, հեղինակը իր գրքէն օրինակներ մակագրեց հանդիսատեսներուն։
Տեղի ունեցաւ նկարահանում եւ պատշաճ հիւրասիրութիւն:
Նշենք, թէ հատորին ամբողջ հասոյթը նուիրուեցաւ Պոլսահայ միութեան Մշակութային հիմնադրամին: