Իրան Նախիջեւանի մէջ նոր ընդհանուր հիւպատոս մը նշանակեց: Ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այդ պաշտօնին նշանակուած է Ազիզ Մանսուրի, որ պիտի փոխարինէ Սայէտ Ահմետ Հուսէյնին:
Ըստ հաղորդումին` «նոր ընդհանուր հիւպատոսը Թաւրիզի մէջ հանդիպում ունեցած է Արեւելեան Ատրպէյճանի նահանգապետին հետ, յայտարարած, որ պատրաստ է համագործակցելու Արեւելեան Ատրպէյճան նահանգին հետ` Իրանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման հարցին մէջ»: