Ուրբաթ, Յունիս 29, 2007ին, առաջնորդարանի «Գալայճեան» սրահին մէջ (Պըրպէնք) Յովան Սիմոնեան հրաշալիօրէն ներկայացուց իր հեղինակած «Հէմշին» հատորը, պատմութիւն մը, որուն մասին շատ քիչ հայեր գիտէին:
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Պոլսահայ միութեան «Կեդրոնական» վարժարանի սանուց յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայագիտական ուսմանց հիմնարկի կողմէ, 130 հոգիի հասնող գրասէր հասարակութեան մը ներկայութեամբ:
Բարի գալուստի խօսք ըսաւ Պոլսահայ միութեան մշակութային յանձնախումբի ատենապետ եւ «Կեդրոնական» վարժարանի սանուց յանձնախումբի երկրորդ ատենապետ տոք. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան, որ շնորհակալական խօսքերէ ետք ներկայացուց օրուան հանդիսավար՝ բանասէր Յովսէփ Նալպանտեանը: Վերջինս շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն վստահուած պարտականութեան համար, աւելցնելով, թէ որակաւոր գիրքերը կը լուսաւորեն մեր հոգին, կը բարձրացնեն ու կը զօրացնեն մարդը, անոր մէջ յառաջացնելով լաւագոյն ձգտումներ: Սոյն հատորը հարուստ տուեալներով, գիտական լուրջ աշխատանք մըն է, որուն մասին ծանօթութիւններ պիտի տայ Պոլսահայ միութեան «Կեդրոնական» վարժարանի սանուց յանձնախումբի ատենապետ Յովսէփ Թոքաթ:
Յովսէփ Թոքաթ ընթերցեց հեղինակին կենսագրականը, թէ ինչպէս ան հետաքրքրուած էր իսլամացած համշէնահայերով, որոնց մասին որոշելով գրել՝ ան 1998ին գացած է Համշէն, մօտէն ծանօթանալու անոնց մասին, որոնք դիտումնաւոր կերպով կտրուած էին իրենց ինքնութենէն, մոռացութեան ենթարկելով իրենց սովորութիւններն ու մշակոյթը: Սիմոնեան նրբանկատ աշխատանք մը տարած է հինգ տարի եւ ամիս մը տեւող ժամանակամիջոցի մը վրայ, 417 էջերով մեր դիմաց պարզելով Համշէն առասպելի պատմութեան պատկերը: Թոքաթ յաջորդաբար ներկայացուց համշէնահայերու ծագման պատմականը, թէ 791 թուականին, 12,000 հայեր ձգեցին Օշական գիւղը՝ փախչելով արաբներու լուծէն եւ հաստատուեցան Սեւ ծովու պոնտական մասին շրջակայքը, որ կը զանազանուի իր աշխարհագրութեամբ եւ ցեղային ու լեզուական այլազանութեամբ երկրին միւս մնացեալ մասէն: Այսօր, անոնք բաժնուած են երեք շրջաններու, արեւելեան մասը՝ Հոբա շրջանին մէջ, միջին մասը՝ Էրզրումի շրջանին մէջ եւ արեւմտեան մասը՝ Տրապիզոնի շրջանին մէջ: Թոքաթ խօսեցաւ նաեւ անոնց իսլամացման պատճառներուն մասին, 19րդ դարու երկրորդ կիսուն անոնց իրավիճակին, կենցաղին, տարածուած վայրերու, բարբառին եւ երաժշտութեան մասին:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Վաչէ Մանկրեանը, որ դաշնակի վրայ նուագեց Առնօ Բաբաջանեանէն կտոր մը, ամբողջութեամբ եւ յաջողութեամբ կալանելով գեղանուագը:
Հանդիսավարը յաջորդաբար բեմ հրաւիրեց Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի հայագիտական ուսմանց հիմնարկի տնօրէն, քաղաքական գիտութիւններու դասախօս, հասարակական եւ մշակութային գործիչ փրոֆ. Հրայր Տէքմէճեանը, որ անգլերէն լեզուով ներկայացուց հատորը: Ան ըսաւ. «Իսկապէս որ առանձնաշնորհեալ կը զգամ կատարելու հիացում առթող այս հատորին ներկայացումը»: Քանի մը խօսք ըսաւ հեղինակին եւ այս հոյակապ ծրագրին դժուար ծագման մասին: Հեղինակը կու գայ մտաւորական սերունդէ: Ան ուսումնասիրած է Հէմշինը, որ եղաւ իր մտքի լման գրաւումն ու անձկութիւնը: 11 գրողներ միասնաբար իրարու մօտ գալով գրեցին գիրք մը՝ 15 գլուխներով: Սոյն խումբը կազմուած էր երկու թուրքերէ, երեք հայերէ, երկու գերմանացիներէ, ամերիկացիէ մը, անգլիացիէ մը, հունգարացիէ մը եւ ֆրանսացիէ մը: Գիրքը կը բաղկանար 417 էջերէ: Վերոյիշեալ 15 գլուխներէն երեքը գրած է Սիմոնեան, առաջինը՝ 15րդ դարու սկզբնական տարիներուն մասին, ուրիշ մը՝ հայերու մահմետականացման մասին, իսկ երրորդը հէմշինահայերու յարաբերութեանց մասին՝ այլ հայերու հետ: «Վերջապէս,- ըսաւ փրոֆ. Տէքմէճեան,- ինծի համար իբրեւ գիտնական Հէմշինը կը խորհրդանշէ քաղաքական տկարութեան համեմատութիւններ: Իտէալներու փոխանորդ չկայ, որուն համար կրնանք ենթադրել, թէ ուժը կը պաշտպանէ ինքզինք: Այս մէկը դաս մըն է Հայաստանի Հանրապետութեան համար: Մինչ այդ՝ մեր շնորհաւորութիւնները հեղինակին»:
Ապա հանդիսավարը հրաւիրեց հանդիսութեան ներկայ եղող բոլոր գրողները, որպէսզի կատարեն գինեձօնի արարողութիւնը: Հրաւիրուեցաւ նաեւ հեղինակը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչներուն եւ ներկաներուն, որոնք քաջալերեցին սոյն ձեռնարկը:
Հուսկ բանքը կատարեց առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, որ ըսաւ. «Այս գիրքը իր բովանդակութեամբ, փաստագրական առումով կարեւոր է, որովհետեւ մեր ժողովուրդին կեանքին մէջ ապրող որոշակի հատուած մը, շատ հասկնալի պատճառներով ճնշումներու տակ, պարտադրաբար հեռացած է կրօնէն, իր ազգային աւանդութիւններէն, պահած է նկարագրի որոշ գիծեր, որոնք երբ ժամանակը գայ, կրնան դառնալ որոշիչ նշանակութիւն ունեցող յատկանիշներ», ապա ան շնորհաւորեց Յովան Սիմոնեանը:
Պոլսահայ միութեան «Կեդրոնական» վարժարանի սանուց յանձնախումբի երկու ատենապետներուն կողմէ, օրուան մեծարեալ Յովան Սիմոնեանին նուիրուեցաւ գնահատանքի յատուկ յուշատախտակ: Հանդիսութեան աւարտին, հեղինակը մակագրեց իր գիրքը: Տեղի ունեցաւ նաեւ յատուկ հիւրասիրութիւն:
(Համադրուած Մարիէթ Մինասեանի Թղթակցութենէն)