Հայ օգնութեան միութեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի 87րդ տարեկան շրջանային Պատգամաւորական ժողովը տեղի ունեցաւ 12էն 15 Յուլիս, 2007ին, Ըրվայնի «Մարիոթ» պանդոկին մէջ: Հիւրընկալ «Գառնի» մասնաճիւղի վարչութեան ներկայացուցիչ Ռինա Տէր Ալեքսանեանի բարի գալուստի խօսքերով եւ Պատգամաւորական ժողովի յաջողութեան մաղթանքներով սկսաւ հանդիսութիւնը: ԱՄՆի, Հայաստանի եւ ՀՕՄի քայլերգներու երգեցողութիւնը կատարուեցաւ Լիտիա Տէր Վարդանեանի կողմէ, դաշնակի ընկերակցութեամբ Թոնի Տէր Վարդանեանի:
Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Սօնիա Փէլթէքեան ներկայացուց հիւրերը՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի ներկայացուցիչ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նովա Հինտոյեան, Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի կողմէ Ժան Գոսագեան, Հայաստանի Հանրապետութեան փոխհիւպատոս Սահակ Սարգիսեան եւ գաղութային հարցերու պատասխանատու Արմինէ Պալեան, ՀՕՄի Հայաստանի հոգեբանական կեդրոններու տնօրէն՝ տոքթ. Արմէն Կէօնճեան: Նաեւ ներկայ էր Հ.Յ.Դ. Օրէնճ Քաունթիի «Արմէն Գարօ» կոմիտէի կողմէ Արա Մալազեան:
Հ. Միւռոն կարդաց առաջնորդ սրբազան հօր պատգամն ու պատգամաւորական ժողովի յաջողութեան մաղթանքները, աղօթելով, որ Աստուած օրհնէ իւրաքանչիւր ՀՕՄականի հայրենասէր եւ ժողովրդանուէր ծառայութեան վաստակը, հովանի ըլլայ եւ առաջնորդէ յառաջիկայ քայլերը:
Սօնիա Փէլթէքեան պաշտօնապէս բացաւ Պատգամաւորկան ժողովը եւ բարի գալուստ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, մանաւանդ հիւրընկալող «Գառնի» մասնաճիւղին, ինչպէս նաեւ բացատրեց պատգամաւորական ժողովը գործընթացը՝ քննարկելով նախորդ տարեշրջանի իրագործումները եւ որոշելով ապագայի քայլերը:
Նովա Հինտոյեան փոխանցեց ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան պատգամը եւ մաղթանքները դիտել տալով թէ՛ երիտասարդացման ու վերանորոգման կարիքը եւ թէ համահայկական դրամահաւաքի ճամբով հարիւրամեայ ծառայութեան տնտեսական կարելիութիւնները բազմապատկելու անհրաժեշտութիւնը:
Ժան Գոսագեան, որ նոր վերադարձած էր Չաւախքէն, ՀՕՄի «Չաւախք» ֆոնտի կողմէ Ախալցխայի մէջ նորոգուած երիտասարդական կեդրոնի հայորդիներուն շնորհակալական խօսքերը փոխանցեց: Ան շեշտեց կարեւորութիւնը գործունէութիւնը վերարժեւորելու, մասնաճիւղերը վերաշխուժացնելու, արհեստագիտութեանց գիտակ անձեր ներգրաւելու եւ յարակից կազմակերպութիւններու հետ սերտ կապեր մշակելու:
Սահակ Սարգսեան իր շնորհաւորութիւնները փոխանցեց ՀՕՄի իրագործումներուն նկատմամբ Չաւախքի, Արցախի, Հայաստանի ու Սփիւռքի տարածքին, համոզում յայտնելով, որ այս կանացի կազմակերպութեան հետագայ հարիւրամեակը աւելի կազմակերպուած եւ աւելի հզօր պիտի ըլլայ:
Իր սրտի խօսքը ուղղեց ՀՕՄի Ձայն հեռատեսիլի ծրագրի խօսնակ Սօնա Մատարեան, որ Շրջանային վարչութեան ժողովի հիւրերէն մին էր: Ըսելով, թէ մեծ պատիւ է ոչ թէ հիւր ըլլալը, այլ ՀՕՄուհի ըլլալը:
Պաշտօնական բացման վերջին խօսք առնողը եղաւ տոքթ. Արմէն Կէօնճեան, որ ՀՕՄի հոգեբանական կեդրոնները վարեց Հայաստանի երկրաշարժէն սկսեալ եւ նկարագրեց, թէ ինչպէս ծրագիրները կարիքներուն համեմատ փոխուեցան: Ապա ներկայացուց տեղւոյն պատանիներու եւ երիտասարդներու ու անոնց ընտանիքներուն դիմագրաւած դժուարին հոգեբանական հարցերը, որոնց լուծման մէջ ՀՕՄը մեծ դեր կրնայ ստանձնել:
Պատգամաւորական ժողովի առաջին նիստը սկսաւ դիւանի ընտրութեամբ: Աստղիկ Թէճիրեան եւ Անժելա Սաւոյեան ատենապետուհիներ ընտրուեցան, Ռիթա Հինդլեան եւ Սեդա Մարթիր՝ հայերէնի քարտուղարուհիներ, իսկ Նազիկ Արիսեան եւ Սաթենիկ Գասապեան՝ անգլերէնի:
Քսանմէկ մասնաճիւղերէ քառասունինը պատգամաւորներ ներկայ էին՝ Սան Ֆրանսիսքոյէն մինչեւ Սան Տիէկօ, ու Ֆինիքս, Արիզոնայէն մինչեւ Հիւսթըն, Թեքսաս: Նաեւ ներկայ էին Հայ մշակութային ընկերակցութեան (ACF) գործադիր տնօրէն Մուրատ Թոփալեան, Սօնա Մատարեան, Խաթուն Բագրատունի, Շուշան Փլաթքին, Ռիմա Պօղոսեան, Նորա Շիրիքեան, Նանիկ Քիւփէլեան եւ Աննիկ Զինտարզեան:
Մուրատ Թոփալեան խօսք առնելով բացատրեց ՀՕՄի ընկերային ծառայութիւններու անցնող տարուան ընթացքին դիմագրաուած մարտահրաւէրները եւ ինչպիսի գաղութային մակարդակի քաղաքական աշխատանք տարուեցաւ՝ դրամաշնորհները վերստանալու համար: Ան թելադրեց, որ ՀՕՄը մշակէ ռազմավարական ծրագիր, քննարկէ այն պայմանները, որոնք կան եւ բարելաւէ ընթացիկ ծրագիրները:
Ժողովը ընտրեց իրաւասութիւններ ճշդող, ընտրողական, հաշուեքննիչ եւ նախահաշիւի, յարաբերական եւ բանաձեւի յանձնախումբեր: Պատգամաւորական ժողովի դիւանը Խաթուն Բագրատունին նշանակեց օրէնսդիր, Ռիթա Հինդլեանը՝ թղթակից եւ «Գառնի» մասնաճիւղէն Էլիզ Կիրակոսեանը, Սօնա Տաղլեանը եւ Լենա Թիւֆէնքճեանը՝ հսկիչ:
Շրջանային վարչութեան տարեկան բարոյական տեղեկագիրը ընթերցեց Սօնիա Փելթէքեան, ընկերային ծառայութեան գրասենեակներու տնօրէնուհի Սօնա Ցնծալեան կարդաց ընկերային ծառայութեան տեղեկագիրը, իսկ փոխտնօրէնուհի Լուիզ Գիւրջեան՝ հաշուականը: Շրջանային վարչութեան ընդհանուր հաշուապահ եւ վերաքննիչ Ժասիկ Չառահեան ներկայացուց 26 մասնաճիւղերու, Շաբաթօրեայ դպրոցներու, «Արեւեան» կրթաթոշակի, փառատօնի, հիմնադրամներու եւ Շրջանային վարչութեան հաշուական տեղեկագիրը: ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան տարեկան տեղեկագիրը ներկայացուց Նովա Հինտոյեան:
Յաջորդող օրերուն հարցումներ, քննարկումներ եւ յաջորդ տարեշրջանի համար ծրագիրներ արծարծուեցան եւ պատգամաւորական Ժողովի յանձնախումբերը իրենց տեղեկագիրները ներկայացուցին: Իսկ հաշուեքննիչ եւ ամավարկի յանձնախումբը Ժասիկ Չառահեանէն խնդրեց, որ յաջորդ տարուան նախահաշիւը ներկայացնէ: Այս տարի, նոր կանոնագրային փոփոխութիւնները չվաւերացուեցան, բայց այս մասին որոշուեցաւ, անոնք պէտք է քննարկուին մասնաճիւղերուն կողմէ եւ ներկայացուին յաջորդ Պատգամաւորական ժողովին: Բանաձեւեր ընդունուեցան Մարտը անդամարշաւի ամիս յայտարարելու, իրաքահայութեան օգնութեան քայլերը շարունակելու, հաղորդակցական արդիական միջոցներ օգտագործելու (tele/video conferencing), օրինական օգնութեան, Proposition 63ի դրամաշնորհներուն աւելի մօտէն հետեւելու, տարեկան տուրքերը աւելցնելու, ռազմավարական ծրագրում կատարելու եւ ղեկավարական սեմինարներ կազմակերպելու:
Գրաւոր հրաւէր մը ներկայացուց Հիւսթընի «Շողեր» մասնաճիւղը՝ 88րդ պատգամաւորական ժողովը Հիւսթընի մէջ գումարելու համար: Շրջանային վարչութիւնը այս հրաւէրը պէտք է նկատի ունենայ՝ յաջորդ տարուան ժողովի վայրը որոշելու ընթացքին:
Պատգամաւորական ժողովը 2 տարուան համար Շրջանային վարչութեան անդամ ընտրեց հետեւեալ անդամները.- Սեդա Մարթիր, Սրբուհի Մսըրլեան, Սիրարփի Չաքալեան, Մայտա Պէզճեան եւ Ռիմա Պօղոսեան: Իսկ փոխանդամ ընտրեց՝ Նանիկ Քիւփէլեան, Արփի Տէօքմէճեան, Մարօ Փափազեան, Վիքի Մարաշլեան եւ Ռինա Տէր Ալեքսանեան:
Պատգամաւորական ժողովի աւարտէն ետք, ներկայութեամբ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Նովա Հինտոյեանի եւ Պատգամաւորական ժողովի դիւանին, Շրջանային վարչութեան նոր կազմը ընտրեց նոր դիւանը՝ Սօնիա Փէլթէքեան՝ ատենապետ, Սեդա Խոճայեան՝ փոխատենապետ, Ռիմա Պօղոսեան՝ գանձապահ, Սեդա Մարթիր՝ ատենադպիր, եւ խորհրդականներ՝ Սրբուհի Մսըրլեան, Նուարդ Մուրատեան, Սիրարփի Չաքալեան, Մայտա Պէզճեան եւ Սօնա Պոսթանեան:
Շաբաթ, Յուլիս 14ի երեկոյեան, «Գառնի» մասնաճիւղին կողմէ կազմակերպուած ճաշկերոյթին, բարի գալուստի խօսք արտասանեց յանձնախումբի ատենապետ Արաքսի Այքանեան: Սօնիա Փէլթէքեան յուշատախակներ յանձնեց իրենց 2 տարուան շրջանը աւարտած վարչականներուն՝ Ռոզ Ալթունեանին, Հուրիկ Այնթապլեանին, Կարինէ Բարիկեան-Սէթեանին, Ատրինէ Փոստոյեանին եւ Քրիստին Քէշիշեանին:
Շրջանային վարչութեան անունով Ս. Փէլթէքեան յուշատախտակներ յանձնեց նաեւ Մայք Շահինեանին եւ իր կնոջ Արփիին՝ ՀՕՄի Ձայն ծրագրի իր ներդրումին համար, Ռիթա Հինդլեանին՝ տարեշրջանին ընթացքին իր տարած կամաւոր աշխատանքին համար՝ Տարուան կամաւորը որակելով զայն, իսկ Ժասիկ Չառահեանին՝ ՀՕՄի Հայաստան-Արցախ եւ Որբերու ֆոնտին համար տարած բացառիկ հանգանակային աշխատանքներուն համար:
Առաջին անգամ իբրեւ պատգամաւոր մասնակցողներ մեծապէս ոգեւորուած էին իրենց ունեցած ներդրումին եւ կազմած նոր բարեկամութիւններուն համար: Ժողովի աւարտին, պատգամաւորները իրենց շրջանները վերադարձան՝ յաւելեալ խանդավառութեամբ սկսելու նոր ծրագիրներ եւ շարունակելու ծառայութիւնները իրենց շատ սիրելի ՀՕՄին: