ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը հրապարակեց 2022-2023ի երկամեայ գործունէութեան տեղեկագիրը, որուն մէջ լուսարձակի տակ կ՛առնուին հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան համար կազմակերպութեան տարած լայնածաւալ քաղաքական աշխատանքները՝ դաշնակցային, նահանգային եւ տեղական մակարդակներու վրայ։
Բնականաբար, յատուկ ուշադրութեան առարկայ էին Հայաստանի եւ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի բռնարարքները, որոնք առաջնորդեցին Արցախի հայաթափման։
«Նախորդ երկու տարիները դարձեալ փաստեցին, թէ աշխարհը անարդար է եւ աշխարհաքաղաքական շահերու պատճառով, յաճախ կ՛ոտնահարուին մարդկային եւ ազատութեան տարրական իրաւունքները եւ արդարութիւնը։ Բռնապետական պետութիւններ անպատիժ՝ կը շարունակեն գործել՝ շահագործելով միջազգային համայնքին անտարբերութիւնը։ Սակայն, երբ նման գոյութենական մարտահրաւէրներու առջեւ կը գտնուինք՝ պէտք է միշտ յիշենք, որ հայութիւնը շարունակաբար կրցած է յաղթանակել նման դժուարութիւններու եւ մոխիրներէ յարութիւն առած է՝ աւելի հզօրանալով», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան։
Նշեալներուն կողքին, 2022-2023ի տեղեկագիրը լուսարձակի տակ կ՛առնէ յատկապէս Քալիֆորնիոյ եւ Սիւնիքի միջեւ հաստատուած քոյր նահանգներու գործակցութիւնը, Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանի 2022ին Ամերիկա կատարած շրջապտոյտը, 2022ի Հայ Դատի խորհրդաժողովը, 2022ի եւ 2023ի տարեկան ձեռնարկները, հանրային վարժարաններու մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդումներուն տարածումը ապահովելու ջանքերը, «ՀայՎոթց» եւ «ՀայՔաունթ» նախաձեռնութիւնները, վարժողական ծրագիրները եւ շրջանի Հայ Դատի մասնաճիւղերուն տարած աշխատանքները։
Հայ Դատի գործունէութեան աջակցելու համար դիմել 818-500-1918 թիւին կամ այցելել https://ancawr.org/ կայքը։
Տեղեկագիրը կարդալու համար այցելել https://ancawr.org/wp-content/uploads/2020/08/2022-2023-ANCA-WR-Impact-Report.pdf կայքէջը։