Կիրակի, 10 Դեկտեմբերին, յաւարտ Ս. պատարագի, Վենթուրա գաւառի Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ կից սրահին մէջ տեղի ունեցաւ տարեվերջեան հանդիսութիւն մը, ուր մէկտեղուած էին տասնեակ մանուկներ իրենց ծնողներուն, մեծ մայրերուն եւ մեծ հայրերուն հետ՝ վայելելու համար օրուան գեղեցիկ եւ հոգեզմայլ միջոցառումներու շարքը։
Հանդիսութիւնը եւ սիրոյ ճաշի սեղանը բացուեցաւ Վենթուրա գաւառի հոգեւոր հովիւ Գէորգ քհնյ. Աբեանի աղօթքով եւ օրհնութեան խօսքով։
Օրուան յայտագիրին մաս կազմեցին թէ՛ Նոր տարուան եւ թէ Սուրբ Ծննդեան խորհուրդներուն բնորոշ ազգային զանազան երգեր, պարեր եւ այլ ելոյթներ։
Ներկաներու եւ յատկապէս մանուկներու խանդավառութիւնը կրկնապատկուեցաւ, երբ յայտնուեցաւ բոլորին կողմէ սիրուած հեքիաթային Կաղանդ Պապան՝ իր տօնական նուէրներով։
Խանդավառ տօնական ձեռնարկը՝ լի բազմաթիւ անակնկալներով, խաղերով եւ երգ ու պարով, շարունակուեցաւ մինչեւ երեկոյ։
Հուսկ, Գէորգ քհնյ. Աբեան իր գնահատանքի խօսքը ուղղեց բոլորին, մասնաւորաբար Ծխական խորհուրդի եւ Տիկնանց միութեան անդամներուն՝ իրենց տարած բծախնդիր եւ սիրայօժար աշխատանքին առթիւ։
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ