Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնա Լիբանանի մէջ ֆրանսական դեսպանատան մէջ յայտնեց, որ 7 Հոկտեմբերէն ի վեր երկրորդ անգամ ըլլալով է, որ կ՛այցելէ Լիբանան` աւելցնելով, որ իր այցելութեան նպատակն է՝ կանխարգիլել Կազայի պատերազմի շրջագիծին ընդարձակումը դէպի հարաւային Լիբանան: Ան ընդգծեց, որ Կազայի պատերազմին մէջ Լիբանանի ներգրաւուելուն հաւանականութիւնները բարձր են` շեշտելով, որ լիբանանցի ղեկավարներուն պատասխանատուութիւնն է աշխատիլ, որպէսզի ամբողջ շրջանը պատերազմի մէջ չներգրաւուի:
«Նման կացութեան մը ստեղծման պարագային, ոչ ոք շահաւոր դուրս պիտի գայ, եւ անիկա պիտի յանգի յաւելեալ վտանգներու եւ բոլորը ապահովութենէն եւ խաղաղութենէն հեռացնելու», ըսաւ Քոլոնա:
Ան յայտեց, որ սահմանային Կապոյտ գիծին շուրջ լարուածութիւնը յստակ է` աւելցնելով, որ ՄԱԿի խաղաղապահ ուժերու հրամանատարը հաստատած է այդ իրողութիւնը:
«Եկած ենք հաստատելու, որ այս մթնոլորտին մէջ դիւանագիտութիւնը արդիւնաւէտ դուրս կրնայ գալ եւ ոչ թէ զինուորական գործողութիւնը: Լիբանանցի պատասխանատուներուն յայտնեցի, որ եթէ Լիբանան պատերազմի մէջ իյնայ, անոր ապաքինումը շատ դժուար պիտի ըլլայ: Լիբանանի կացութիւնը շատ վտանգաւոր է: Իսկ ով որ Լիբանանէն դուրս է եւ Կազայի աղէտալի կացութենէն օգտուելով՝ յաւելեալ մագլցումներու կ՛ուզէ երթալ, այս պարագային նկատի ունիմ Իրանը եւ Սուրիոյ ու Իրաքի մէջ անոր բոլոր ներկայացուցիչները եւ Կարմիր ծովուն մէջ հուսիներուն կատարածները, կը հաստատեմ բոլորին, որ այս քայլը մեծ սխալ է եւ շատ վտանգաւոր, ու պէտք է կասեցնել մագլցումները», ընդգծեց ան:
Միւս կողմէ, հարաւային Լիբանանի մէջ կացութիւնը կը շարունակէ մնալ վտանգաւոր: Փոխադարձ ռմբակոծումները կը շարունակուին Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի մարտիկներուն միջեւ, երբեմն ստանալով բուռն բնոյթ:
Իսրայէլեան ուժերը սկսած են ռմբակոծել նաեւ հարաւային Լիբանանի բնակուած շրջանները` քաղաքայիններու շարքին արձանագրելով զոհեր եւ վիրաւորներ: