ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Երկար մտածեցի Կաղանդի եւ Նոր Տարուան մասին… Չէ՞ որ բոլորս, յարգելի ընթերցող, հոգեպէս կը պատրաստուինք նոր սկիզբներու՝ նոր յոյսերով, նոր երգով… Ապա, յիշեցի, որ մեր մեծերը Նոր Տարուայ շեմին կը խրատեն պարտքերը մարել: Ըստ հին իմաստութեան, համաձայն էք չէ՞, կարելի չէ պարտքով նոր տարի մտնել: Ուստի՝ որոշեցի գրել «պարտք» բառին պատմութիւնը, ազատիմ այդ պարտքէն, որպէսզի 2024ը ըլլայ բարի եւ բարեբեր, թէ՛ ինծի եւ թէ ձեզի համար: Ահաւասիկ «պարտք» բառի՝ գրական էջերու, անձնական նամակներու եւ սիրային երգերու մէջ ճշգրտօրէն արձանագրուած եւ դեռ չմարած համախառն պատմութիւնը…
ՄԵՐ ՀԻՆ ՊԱՐՏՔԵՐԸ
Մի ըսէ՛ք պարտք, Ֆրիկի սիրտը կու լայ… Յարգելի ընթերցող, պարտք բառի պատմութիւնը կը փափաքիմ պատմել միջնադարու մեծ տաղասաց Ֆրիկի անձնական ողբերգութիւնը յիշելով: Ընկերային արդարութեան, անարդարութեան, հաւասարութեան եւ անհաւասարութեան բանաստեղծը, բազմաթիւ «գանգատ»ներու հեղինակը, որ եղած էր հարուստ վաճառական մը, սակայն հարստահարութեան, կաշառակերութեան եւ անօրինութեան զոհ դառնալով՝ սնանկացած, ինկաւ ծանր պարտքերու տակ եւ այդ իսկ պատճառով, պարտքերուն դիմաց իր ընտանիքը խլուեցաւ իրմէ. ան հարկադրուեցաւ պարտքերուն դիմաց գրաւ տալ իր իսկ որդին: Յաջորդ անգամ երբ այցելէք Մատենադարանը, հաճեցէ՛ք վեցերորդ արձանին առջեւ պահ մը կանգ առնել, լսել Ֆրիկի ցաւը եւ թեթեւցնել անոր պարտքերը:
5ՐԴ ԴԱՐՈՒ ՊԱՐՏՔԵՐԸ
Ոսկեդարը մեր… Պարտքերու շտեմարան մը, իսկակա՛ն: Մեր գրաբարը ունեցած է գեղեցկատիպ եւ քաղցրահնչիւն արտայայտութիւններ, կարծես, թէ պարտքը հաճելի բան ըլլար, ինչպէս՝ «Բազում պարտս ունել»՝ պարտքերու մէջ մխրճուած ըլլալ, «Հատուցանել զպարտս իւր»՝ իր պարտքերը վճարել, «Պարտք անձին համարել»՝ պարտք ստանձնել, «Հատուցանել զպարտս երախտագիտութեան»՝ երախտապարտութիւն արտայայտել, եւ հայրենանուէր խօսք մը՝ «Հատուցանել զպարտս իւր առ հայրենիս»: Հայ ճգնաւոր մատենագիրը նոյն օրերուն պարտք կը համարէր ծառայասիրութիւնը եւ համեստութիւնը: Հին հայկական ձեռագիրներու գրիչը ինքզինք կը համարէր «մեղապարտ»: Միջնադարեան ձեռագիրներու յիշատակարաններուն մէջ կան հետեւեալ նշումները. «Գրեցաւ ձեռամբ մեղապարտ Խաչենեցի Վարդան աբեղայիս», «Ես Գրիգորիս մեղապարտ գր»ջչ, «Ձեռամբ Կիւրակոսի տխմար եւ մեղապարտ գր»չջ, «Ամենասխալ մեղապարտիս Թորոս»ջ:
ՆԱՐԵԿԱՑԻԻ ՊԱՐՏՔԵՐԸ
Կը կարծէի, որ ծանօթ եմ Գրիգոր Նարեկացիի կեանքի հանգամանքներուն: Բայց աւելի լաւ է կարդալ ի՛ր Մատեանը, քան թէ հանրագիտարանային յօդուածները, որպէսզի հասկնանք, թէ ո՛վ էր ան: Սուրբը իր անձին մասին ըսաւ՝ գրական երեք պատկերներ. «Անձն իմ պարտաւոր», «Յաւէտ պարտաւորեալ», «Անձն իմ կորուսեալ, բազում են պարտիքդ», ապա նկարագրեց իր հոգեվիճակը, «Ամօթապարտ զղջացեալ», «Անքաւելին են պարտիք», «Ծանրս առնելով զբեռն պարտեացս»: Մենք, յարգելի ընթերցող, արդեօ՞ք օր մը կ՛ազատինք մեր պարտքերէն եւ մեր աչքերը կը տեսնեն, թէ մոխրացեր են մուրհակները: Նոյն մտահոգութիւնը ունէր Նարեկացին. «Իցէ՞ թէ տեսցեն պատուհանք աչացս իմաստից զմուրհակ պարտուցս իմոց պատառեալ»: Վերջապէս, ան նայեցաւ Վերինին եւ խնդրեց հետեւեալը՝ գրական երեք պատկերներ. «Թողութիւն պարտուց», «Սրբեա՛ ի պարտեաց, օրհնեալ», «Կեցո՛ եւ զիս՝ մաքրեալ ի մեղաց պարտեաց»:
ԵՍ «ԲՕՐԹՔ» ՉՈՒՆԻՄ
Նարեկացիի աղօթքները մեզ կը տանին Վան, ուր «պարտք» բառը կը հնչէր այլ ձեւով: Այժմ, կ՛առաջարկեմ լսել վանեցիներու, մշեցիներու եւ մեր այլ հայրենակիցներու բազմատեսակ պարտքերը. Վան՝ «պառտք», Ալաշկերտ, Մուշ, Թիֆլիս՝ «պարտկ», Խարբերդ, Սեբաստիա՝ «բարդգ», Ակն՝ «բարթգ», Անտիոք՝ «բօրթք», Ագուլիս՝ «պօռթկ», Զէյթուն, Հաճըն՝ «բօյդք», Մուսա լեռ՝ «բուրթք» եւ Արցախ՝ «պարթք»: Այսօր, կարելի է բոլոր այդ պարտքերը մարած յայտարարել, երբ ո՛չ պարտատէրը մնացեր է, ոչ ալ՝ պարտապանը, բացի՝ Արցախէն, քանզի վերջերս հայաստանեան մամուլին մէջ յայտնուեցաւ լրագրող, քաղաքագէտ եւ քաղաքական գործիչ Գեղամ Նազարեանի հետեւեալ խօսքը. «Մենք արցախցիներին պարտք ենք եւ այդ պարտքը պէտք է փորձենք վերադարձնել»:
ՊԱՐՏՔԵՐՍ ԲԱՐԴԱՑԱՆ
Պարտքը կը սկսի փոքր գումարով, ապա կը բազմապատկուի՝ բարձր տոկոսի պատճառով, նման ձիւնակոյտի մը, որ գլորուելով կը խոշորնայ: «Պարտք» բառն ալ, դարերու ընթացքին անընդհատ բարդացած է, ինչպէս բարձրատոկոս պարտքերը մեր: Ահա անկատար ցանկ մը. ամենապարտ, ամօթապարտ, անիծապարտ, անձնապարտ, արժանապարտ, արիւնապարտ, բազմապարտ, բիւրապարտ, գլխապարտ, մեղապարտ: Կը փափաքիմ նաեւ ձեզի ներկայացնել մեր ամենամեծ երեք պարտքերը, այսինքն՝ «պարտք» արմատով կազմուած ամէնէն երկար երեք բառերը. պարտաւորեցուցանել, ինքնադատապարտեալ եւ զուգադատապարտիլ:
ՊԱՐՏՔԸ ՄԱՐԵԼ ՊԱՐՏՔՈՎ
Հայաստանի մէջ կատարուած հետազօտութիւն մը յայտնաբերեց, թէ մեր հայրենի քաղաքացին ինչո՛ւ պարտք կ՛ընդունի: Առաջին պատճառ. «Պարտք է վերցնում՝ այլ պարտք մարելու նպատակով»: Երկրորդ պատճառ. «Պարտք է վերցնում՝ ծախսելու համար»: Ուստի՝ պէտք չէ զարմանալ, որ երբ պարտքի շուկան այսքան աշխոյժ է, ես ինծի պարտք կը համարեմ «պարտք» բառով կազմուած հայերէն արտայայտութիւններու հարուստ շտեմարանէն բաժին մը մէջբերել. Հայը ամէն ինչ կ՛ընէ՝ «պարտք կ՛ընէ»՝ տուն կ՛առնէ, ապա կը փորձէ «պարտքի տակէն դուրս գալ», կամ «ազատիլ», բայց իրականութեան մէջ, շատ չի սիրեր «պարտքի տակ մնալ», «պարտքերու տակ իյնալ», կամ՝ «պարտք մնալ», իսկ խորամանկը ուրիշին ծախսեր փաթթելով՝ զայն «պարտքի տակ կը դնէ»:
ՀԱՑԱԳՈՐԾԻՍ ՊԱՐՏՔԸ ՎՃԱՐԵՄ
Մերձաւոր ժամանակներու գրականութեան մէջ, Յակոբ Պարոնեանի գրիչին շնորհիւ, «պարտք» բառը, որ խոժոռադէմ երեւոյթ ունի, դարձաւ ծիծաղաշարժ: Յաւերժ չքաւոր Պարոնեանը, ըստ երեւոյթին իր հանապազորդ հացն իսկ պարտքով կ՛ուտէր: Իր ձեռատետրին մէջ ան գրեց հացագործին ուղղուած ձօն մը. «Ձօն. / Առ հացագործն իմ / Քիրիյէ Աբոսթոլ / Պարտք երախտագիտական / եւ / Քիչ մ՛ալ պարտք / Նիւթական / Հինգ հարիւր դահեկանի / Գին / Չորս հարիւր նկանակ հացի / Զորս / Զաւակներովս կերած եմ / Եւ / Ցարդ վճարած չեմ / Յիշատակ անմոռաց»: Պարոնեանը ապա մտածեց այդ ձօնը տպել եւ վաճառել, որպէսզի՝ «Մէյմէկ օրինակ առնէք անկեց, որ հացագործիս պարտքը վճարեմ ու կարենամ գոնէ քանի մը շաբաթ խելքս գլուխս ապրիլ»: Մէկ այլ գրող, որ պարտքերու ծանօթ էր դեռ իր մանկութեան տարիներուն, Զապէլ Եսայեանն է: «Սիլիհտարի Պարտէզները» գիրքին մէջ, ան պատմեց իր ծնողքին մէկ վիճաբանութիւնը. «Մայրս կը պաղատէր, որ վերջ տրուի այս անկանոն կեանքին, պարտքով ապրելու սիստեմին: – Ես ալ կ՛աշխատիմ,- կ’ըսէր ան. նոր պարտք չընենք, ո՛տքդ պագնեմ… կամաց-կամաց հին պարտքերը կը վճարենք»: Իսկ օր մըն ալ մայրը փոքրիկ Զապէլին ցոյց տուաւ պարտքի ընդհանրական վիշտը. «Կը տեսնե՞ս, աղջիկս, հողին կապուած հելալ աշխատանք ընող մարդիկ են, բայց արիւն քրտինք թափելով չեն հասնիր տաք կերակուր մը ուտելու… Այս խեղճ մարդիկը պարտք ըրած են տուրքերը վճարելու համար, հիմա ալ պիտի աշխատին՝ պարտքը եւ տոկոսները վճարելու համար, եւ մէջէն չեն կրնար ելլել»: Պարտք վճարելու համար, հայ մայրը, Ղազարոս Աղայեանն է վկայ, շատ ճախարակ դարձուց. «Ճախարակ» բանաստեղծութեան մէջ ան պատմեց գեղջուկ մօր լուռ ցաւը. «Կարմիր օրս երբ սեւացաւ, / Երբ պարտք մնաց, թէեւ քիչ, / Պարտքատիրոջ սիրտն էլ սեւցաւ, / Եկաւ, տարաւ ամէն ինչ: / Մանի՛ր, մանի՛ր իմ ճախարակ»:
ԶՕՀՐԱՊԻ 200 ՈՍԿԻ ՊԱՐՏՔԸ
Գրիգոր Զօհրապն ալ ունէր պարտքեր: Այս պարտաճանաչ մարդը նոյնիսկ իր աքսորի ճամբուն վրայ ճշգրտութեամբ արձանագրեց իր պարտքերը, նամակ-կտակի ձեւով ուղարկեց իր կնոջ՝ Կլարա Զօհրապին, որպէսզի ամօթով չմնայ. «Կլարա Զօհրապին. Կ. Պոլիս, Մայիս 20/2 Յունիս, 1915, Չորեքշաբթի, գիշեր ժամը 11: Սիրական կինս, Հիմա իմացուցին ինծի, որ Գոնիա պիտի երթամ. վաղը առտու կը մեկնիմ. գիտէք, որ կուսակալը ինծի բարեկամ է. ուստի կը յուսամ, որ նեղութիւն չպիտի կրեմ: Անհոգ եղէք, տէրտ մի՛ ընէք, մարդու դիմում մի՛ ըրէք: Ամենքնիդ կը համբուրեմ, քեզի, Տօլլիիս եւ Հերմինիս աչուկները կը պագնեմ»: «Հալէպ, 2/15 Յուլիս, 1915, Հինգշաբթի իրիկուն, Սիրելի հոգիս, Մեզի շաբաթ օր պիտի մեկնիք ըսեր էին. ես ալ երկու գիր պատրաստեցի քեզի. Կտակս ալ այս նամակիս մէջ դրի. մի՛ յուզուիք. «Մահմուտ Նէտիմ պէյին 200 ոսկւոյ չափ պարտք ունիմ. / Վահանիս պարտք ունենալու եմ. բուրդի գործին հաշիւն ճշդելով՝ անոր պարտքը վճարուի: / Ապահովագրութիւնս՝ 71,000 ֆրանք, ուրկէ պէտք է զեղչել ընկերութեանս 400 ոսկի պարտքս, օսմ. ոսկ»ջ: Պարոն Զօհրապն էր, որ օր մը պարտքի ծանրութեան տակ խեղդամահ եղած Յուսէփի ողբերգական պատմութիւնը գրի առաւ եւ զայն կոչեց «Ճիտին Պարտքը»: Պարտքի դիմաց պարկեշտ ըլլալու կրթութիւնը ուրկէ՞ կու գայ: Ռեթէոս Պէրպէրեանը կը պատասխանէ «Դպրոց եւ Դպրութիւնք» աշխատասիրութեան մէջ. «Խիղճը եթէ պարտուց վկայն ու դատախազն է, պարտքն ալ, ինչպէս գիտէք, հաւատարիմ մնալն է մեր իսկութեան… Անփոյթ ըլլալ մեր մարդկային արժանապատուութեան՝ անփոյթ ըլլալ է մեր բոլոր պարտքերուն», ինչպէս նաեւ Համօ Սահեանը ըսաւ. «Պատը շարուի պիտի, / Ուրիշ հնար չկայ: / Պարտքը մարուի պիտի, / Ուրիշ հնար չկայ»:
ՏՊԱԳԻՐ ՊԱՐՏՔԵՐ
Բիւր երախտիք հայ տպագրիչներուն՝ հայը հատոր-հատոր հրատարակեց իր պարտքերը, որպէսզի չըլլայ, թէ թերանայ զանոնք վճարելու մէջ: Այդ գիրքերու խորագիրները մեզի նաեւ ցոյց տուին, որ պարտքը միշտ չէ որ նիւթական կ՛ըլլայ, այլ կ՛ունենայ բազմաթիւ այլ տեսակներ: Այժմ մտնենք մեր պարտքերու մատենադարանը եւ կարդանք քանի մը վերնագիրներ. «Պարտք Տղայոց Կամ Տղայոց Իրենց Ծնողաց Ունեցած Պարտաւորութիւնները», Կ. Պոլիս, 1873, «Կենսագրութիւն Եւ Պարտք Պանդխտին», Կ. Պոլիս, 1875, «Նկատողութիւն Անելը Ամէն Մի Քրիստոնեայի Պարտքն Է», Հալէպ, 1929, «Հայրենիքի Պաշտպանութիւնը ԽՍՀՄ Քաղաքացու Սրբազան Պարտքն Է», Թիֆլիս, 1940, «Պարտքի Զգացմունքի Դաստիարակումը Դպրոցում», Երեւան, 1947, «Զինուորի Պարտքը», Երեւան, 1970, «Պարտքին Հաւատարիմ. Վաւերագրական Վիպակ», Երեւան, 1988, իսկ վերջինը եւ ամէնէն կարեւորը՝ «Հայաստանի Հանրապետութեան Պետական Պարտքը», 2001, Երեւան: Այս գիրքին հրատարակի՞չը. հայկական առաջին գիրքի հեղինակին անունը կրող ընկերութիւն մը՝ «Յակոբ Մեղապարտ»:
ՀԱՅՐԵՆԻՔ ԵՆՔ ՊԱՐՏՔ
Հայրենի մամուլը կը սիրէ «պարտք» բառը. չէ՞ որ հանրապետութեան եւ անոր բնակիչներու արժանապատուութեան հարցն է անիկա: Ես ալ փորձեցի հին ու նոր քանի մը խորագիրներ ամփոփել եւ ցոյց տալ երկրին տնտեսական եւ հոգեբանական վիճակը. «Որքա՞ն Արտաքին Պարտք Ենք «Փռել» Հայաստանի Ճանապարհներին», «ՀՀն ՌԴին Պարտք Է 280 Մլն. Դոլար», «Պետական Պարտքն Աւելացել Է», «Մեր Երկիրը Համարուում Է Նուազ Պարտք Ունեցող Պետութիւն»: Իսկ ամիս մը առաջ, բոլորս կարդացինք մէկ այլ պարտքի ցնցիչ վերնագիր. «Հայրենիք Ենք Պարտք Նրանց. Հայրենիք Ենք Պարտք Մեր Նահատակ Զաւակներին»:
ԱՐԵ՛Ւ, ՊԱՐՏՔ ՈՒՆԻՍ ԻՆԾԻ
Յարգելի ընթերցող, այս շաբաթ, երբ բոլորս կը պատրաստուինք նոր տարի մուտք գործելու եւ կը կատարենք լուռ հաշուեյարդար, կ՛առաջարկեմ յօդուածիս եւ մեր պարտքերուն հրաժեշտ տալ սիրային երգով մը՝ «Պարտքով Սէր», 2024ի առաջին օրերուն նոր միտքերով եւ նոր բառերով դարձեալ հանդիպելու մաղթանքով.
«Ինձ համար մէկ ա արդէն,
Եթէ էլ էդ մէկը չեմ
Դու իմ արմատն էիր, առանց քեզ
Դժուար թէ էլի աճեմ
Կարաս գնաս, խնդրեմ,
Բայց մէկ ա, դու ինձ սէր ես պարտք,
Մէկ ա դու ինձ սէր ես պարտք…
Արե՛ւս, դու ինձ սէր ես պարտք»: