Ռուսիա նպատակաուղղուած աշխատանք կը տանի Անդրկովկասի մէջ երթեւեկի հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան ամէնէն սուր հակասութիւններու լուծման ուղղութեամբ:
Այս յայտարարութիւնը կատարեց Ռուսիոյ բանակի ընդհանուր հրամանատար, պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ, բանակի զօրավար Վալերի Կերասիմով՝ օտարերկրեայ ռազմական կցորդներու հետ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան 2023ի գործունէութեան արդիւնքներուն վերաբերեալ զրոյցին ընթացքին:
Ան հաստատեց, որ Անդրկովկասի մէջ իրավիճակը կը մնայ լարուած, սակայն կայունացման միտում ունի: «Այս տարուան Սեպտեմբերին ռուս խաղաղապահներուն միջնորդական ջանքերուն շնորհիւ կարելի եղաւ 24 ժամուան ընթացքին հասնիլ զինադադարի», ըսաւ ան:
Ըստ Կերասիմովի՝ Սեպտեմբերին՝ Արցախի վրայ Ատրպէյճանի յարձակումին ընթացքին, առաւել քան 10,000 քաղաքացիներ տեղաւորուեցան խաղաղապահներուն մօտ, այնուհետեւ անոնք ապահով կերպով տեղափոխուեցան Հայաստանի Հանրապետութիւն: Ան դիտել տուաւ, որ խաղաղապահներու օդային փոխադրութեամբ գրեթէ 300 վիրաւորներ տեղափոխուած են հիւանդանոց: «Նոյն ժամանակ, մեր զինուորականները կը շարունակեն առաջադրանքներ կատարել՝ իբրեւ խաղաղ կեանք կառուցելու կարելիութեան եւ տարածաշրջանը բնակիչներու վերադարձի երաշխաւոր», ըսաւ Կերասիմով: