Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան յայտնեց, որ Հայաստանի համար կրնայ ընդունելի ըլլայ Ատրպէյճանի հետ սահմանազատումը խաղաղութեան համաձայնագիրէն տարանջատելու` Պաքուի առաջարկը:
Յիշեցնենք, որ քանի մը օր առաջ, Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ ըսած էր, որ սահմաններու որոշումը կրնայ անջատուիլ խաղաղութեան համաձայնագիրէն:
Սահմանազատման-սահմանագծման գործընթացը իսկապէս կրնայ շատ երկար տեւել, ըսաւ Սիմոնեան՝ մանրամասնելով. «Ես կարծում եմ, որ մենք կարող ենք դիտարկել նման գործելաոճ, որովհետեւ դա ժամանակային առումով կարող է շատ աւելի երկար տեւի եւ կարող է նոյնիսկ տարիներ տեւել: Իրական խաղաղութեան գնացող երկիրը որեւիցէ խոչընդոտ չի տեսնի նման բաների մէջ, իմ կարծիքով, եւ կարծում եմ, որ` այո՛, ինչ-որ հարցեր ֆիքսելուց (ճշդել) յետոյ կարող ենք այդ խաղաղութեան պայմանագիրը կնքելուց յետոյ, հասարակութիւններին խաղաղութեան մթնոլորտում եւ խաղաղութեան բերելուց յետոյ, այո, կարող է նաեւ նման բան լինել»։
Սահմանազատման յանձնաժողովներու Նոյեմբերի հանդիպումէն ետք հայաստանցի պաշտօնեաները յայտարարեցին, որ համաձայնութիւն չկայ, թէ ո՛ր թուականի քարտէսներով պիտի ըլլայ սահմանազատումը, Երեւան ԽՍՀՄ 1975ի քարտէսներուն կողմէ է, իսկ Պաքուէն ոչ մէկ յստակ բան կ՛առաջարկէ։
Վերջին ամիսներուն, Երեւան կը պնդէր, որ խաղաղութեան գործընթացին մէջ կարելի չէ յառաջ ընթանալ, եթէ Ատրպէյճան ցոյց տայ իր հաւատարմութիւնը 3 հիմնական սկզբունքներուն` տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման, Խորհրդային միութեան վերջին քարտէսներու հիման վրայ սահմանազատման եւ երկիրներու ինքնիշխանութեան յարգումով ապաշրջափակման: Բայց արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեան 2 օր առաջ յայտարարեց հետեւեալը. «Բաքուն դժկամութիւն է ցուցաբերում միջազգային հանրութեան պաշտպանած սկզբունքների հիման վրայ խաղաղութեան պայմանագիրը վերջնականացնելու հարցում»: