ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».-Սան Ֆրանսիսքոյի Սիլիքոն Հովիտին մէջ Յուլիս 4-7ին տեղի պիտի ունենայ «ArmTech 2007»՝ Համահայկական ճարտարագիտական միջազգային առաջին գործարար համաժողովը, որուն խորագիրն է «Սորվելով անցեալէն՝ կերտել ապագան»:
Համաժողովին պիտի մասնակցին շուրջ 500 միջազգային հեղինակաւոր կազմակերպութիւններ, ինչպէս նաեւ ոլորտի նշանաւոր մասնագէտներ Միացեալ Նահանգներէն, Եւրոպայէն, Մերձաւոր Արեւելքէն, ԱՊՀէն եւ Հայաստանէն:
Հայաստանեան պատուիրակութիւնը պիտի գլխաւորէ նախագահի տնտեսական հարցերով խորհրդական Վահրամ Ներսիսեանց: Շուրջ 70 հոգիէ բաղկացած պատուիրակութեան մաս կը կազմեն նաեւ արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեանը, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահ Ռատիկ Մարտիրոսեանը, Զարգացման հայկական գործակալութեան գլխաւոր տնօրէն Վահագն Մովսիսեանը, «Viasphere» գիտական կեդրոնի տնօրէն Արամ Վարդանեանը եւ այլ պաշտօնատար անձինք: