Շաբաթ, 23 Դեկտեմբերի առաւօտեան, Ս. Ստեփանոս Նախավկայ սարկաւագի տօնին առիթով, Արեւմտեան Ամերկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատոյց Ս. պատարագ եւ կատարեց սարկաւագական ձեռնադրութիւն, որուն ընթացքին թեմի եկեղեցիներուն մէջ հոգեւոր սպասաւորութիւն մատուցող 16 երիտասարդներ բարձրացան սարկաւագական ծառայական կարգ:
Ս. խորանին սպասարկեցին Մովսէս քհնյ. Շաննագեան, Արցախ քհնյ. Պետուրեան, սարկաւագաց եւ դպրաց դասերը, իսկ ձեռնադրութեան խարտաւիլակութիւնը կատարեց Զարեհ վրդ. Սարգիսեան՝ ներկայութեամբ ծնողներու, ընտանեկան պարագաներու, բարեկամներու եւ եկեղեցասէր հայորդիներու:


Հոգեպարար արարողութեան ընթացքին ուրախական ցնծալի յուզումներ պատեցին թէ՛ խորան բարձրացածներուն, թէ՛ եկեղեցին յաճախածներուն սիրտերը, երբ դասին մէջ, քով քովի, եկեղեցական յատուկ դասընթացքներու աւարտին, թեմիս եկեղեցիներուն մէջ գործող 16 երիտասարդներ՝ Գասապեան Սեւակ, Գասապեան Վիգէն, Էլիասեան Սամսոն, Մակարեան Տիգրան, Մենէշեան Յովիկ, Յովասափեան Խաչիկ, Նալճեան Կարօ, Չարմահալի Արշէն, Պալեան Յովհաննէս, Պալթայեան Յակոբ, Պալթայեան Վարդան, Պապիկեան Պերճ, Ռուպանեան Ռաֆֆի, Սանտալճեան Շանթ, Սանտալճեան Սարօ եւ Վահանեան Նարեկ, Թորգոմ Եպիսկոպոսի իսկ խօսքերով՝ «եկեղեցւոյ մէջ աճած եւ եկեղեցին իրենց մէջ աճեցուցած», ծնրադիր խոնարհութեամբ մը առաջնորդ սրբազանին ձեռամբ սարկաւագ ձեռնադրուեցան:
Հուսկ, Թորգոմ եպիսկոպոսը շնորհաւորեց ձեռնադրեալները եւ աւուր պատշաճի քարոզեց:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
