«Ֆութ Մերքաթօ» հրատարակութիւնը ներկայացուց 2023ի աշխարհի լաւագոյն երիտասարդներու կազմը:
Այս ցանկին մէջ ընդգրկուած են 21 տարեկանէն վար ֆութպոլիստներ:
Հայաստանի հաւաքականի եւ ռուսական «Կրասնոտար»ի կեդրոնի պաշտպան Գէորգի Յարութիւնեան ընդգրկուած է այս ցանկին վրայ, ուր յայտնուած է նաեւ «Ռէալ Սոսիետատ»ի ռուսահայ ֆութպոլիստ Արսէն Զաքարեան: