Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերու աւագ խորհրդական, ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահ Լուիս Պոնօ, որ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին, զրուցակիցները քննարկեցին տարածաշրջանային ապահովութեան վերաբերող հարցեր, նաեւ՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը:
Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան եւս ընդունեց Պոնոն:
Անոնք նոյնպէս քննարկեցին Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը եւ անդրադարձան վերջերս տեղի ունեցած բանակցութիւններուն եւ անոնց ծիրին մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքը:
Գրիգորեան անգամ մը եւս վերահաստատեց հայկական կողմին յանձնառութիւնը՝ տարածաշրջանին մէջ հաստատելու երկարատեւ եւ համապարփակ խաղաղութիւն: