

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամ Ուաքին Քասթրոյի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ քոնկրեսական քննարկում մը՝ ուշադրութիւն հրաւիրելով Երուսաղէմի Հայկական թաղամասին վրայ կատարուած յարձակումներուն վրայ:
Մեկնաբանելով քննարկումը՝ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան յայտարարեց. «Շնորհակալութիւն կը յայտնենք քոնկրեսական Քասթրոյին՝ Երուսաղէմի Հայկական թաղամասի դէմ բռնի յարձակումներու աճին վրայ Քոնկրեսի անհրաժեշտ ուշադրութիւնը սեւեռելու գծով: Հայկական թաղամասը քրիստոնէական աշխարհի կեդրոնական սիւնն է եւ իսկական գանձ՝ բոլոր դաւանանքներուն համար։ Յուսադրող էր տեսնել օրէնսդիրներու այսպիսի լայն շրջանակ մը, որ ներկայ էր այս քննարկումին, որ կը վերաբերէր հարցին իրաւական, քաղաքական եւ հոգեւոր երեսներուն»:
Քննարկումին ներկայացուեցան իրաւական վէճին մէջ հայկական համայնքը ներկայացնող իսրայէլացի յայտնի փաստաբան եւ Երուսաղէմի հարցերու փորձագէտ Տենիէլ Սէյտմանի, Երուսաղէմի Հայկական թաղամասի իրաւունքները պաշտպանող Save The ArQ շարժումի ղեկավարներէն Յակոբ Ճերնազեանի եւ Քալիֆորնիայէն յայտնի իրաւաբան Գառնիկ Քերքոնեանի զեկոյցները:
Յիշեցնենք, որ վերջին քանի մը ամիսներուն, իսրայէլացի շինարարներ փորձեցին Հայկական թաղամասի «Կովերու պարտէզ» տարածքին մէջ պանդոկի մը շինարարութեան նախնական աշխատանքներուն սկսիլ՝ հանդիպելով տեղւոյն հայ համայնքի ընդդիմութեան, իսկ 28 Դեկտեմբերին դիմակաւոր զինեալներու ամբոխ մը յարձակեցաւ տարածքը պաշտպանող հայերուն, ներառեալ՝ հոգեւորականներու վրայ:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ ըրաւ կրօնական ազատութեան հարցերու Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռաշատ Հիւսէյնին, որ խստօրէն դատապարտէ Երուսաղէմի հայ քրիստոնեայ բնակչութիւնը ահաբեկելու շարունակական փորձերը:
Այս արշաւին միանալու համար այցելել https://twitter.anca.org/armenianquarter կայքէջը։