
Մեր հայրենակիցներուն եւ յարգոյ հասարակութեան ազնիւ ուշադրութեան կ՛ուզենք յանձնել ճշդում մը եւ լուսաբանութիւն մը:
«Ասպարէզ» օրաթերթի առցանց տարբերակին մէջ, 9 Յունուարին լոյս տեսաւ ծանօթ հրապարակագիր եւ մամլոյ աշխատակից Գէորգ Քէօշկէրեանի ստորագրութիւնը կրող, «Յո Երթաս Մեծն Լոս Անճելըսահայ Գաղութ» խորագիրով յօդուած մը, որուն մէջ, ի միջի այլոց արձանագրուած էր, որ Այնթապի հայրենակցական միութիւնը լուծարքի ենթարկուած է:
Ձայնակցելով հանդերձ յարգելի յօդուածագիրին ընդհանրական մտահոգութիւններուն, որ, կը հաւատանք, մտահոգութիւնն է հայութեան պահպանումին ու գոյատեւումին նախանձախնդիր իւրաքանչիւր սրտցաւ հայու՝ կ՛ուզենք կատարել հետեւեալ ճշդումը. Այնթապի Մշակութային միութիւնը, ծանօթ՝ նաեւ իբրեւ հայրենակցական միութիւն, լուծարուած չէ, ունի վարչութիւն եւ կը տանի ազգանուէր եւ հայրենանուէր գործունէութիւն, մասնակից է մեր գաղութի ընդհանրական աշխատանքներուն:
Կ՛ուզենք այս առիթով լուսաբանութիւն մը տալ, թէ ուրկէ՞ կը ծնին նման թիւրիմացութիւններ: Մեր միութիւնը վերջին քանի մը տարիներուն, մասնաւորաբար Պսակաւոր ժահրի համաճարակին տարածումին պատճառով՝ հարկադրուեցաւ, ինչպէս շատեր, որոշ սահմանափակումի ենթարկել իր ընթացիկ գործունէութիւնը: Օրինակի համար, Այնթապի հերոսամարտին նուիրուած յուշատօնը, որ ամէն տարի աւանդաբար տեղի կ՛ունենար Ապրիլի առաջին օրերուն, տեղի չ՛ունենար, որովհետեւ հաւաքներու կազմակերպումը ծանօթ մտահոգութիւններ կը պատճառէ: Միւս կողմէ, սակայն, միութիւնս չէ դադրած իր ազգային ծառայութիւնները: Մամուլին հետեւող մեր հայրենակիցները պիտի յիշեն, որ վերջին տարիներուն, մեր միութիւնը, օրինակի համար, նիւթական պատկառելի յատկացումներ կատարեց «Արարատ տան»՝ հովանաւորելով անոր նորակառոյց բաժանմունքին (Assisted living) ճաշասրահին կառուցումը. զուգահեռաբար, անիկա նպաստ բերաւ Երեւանի մօտակայ Նոր Այնթապ քաղաքի «Բիւզանդ Մարգարեան» վարժարանին վերանորոգութեան ու արդիականացման: Հոս, Լոս Անճելըսի մէջ, կը մասնակցինք Համագաղութային մարմինի աշխատանքներուն: Վարչութիւնը ներկայիս կ՛աշխատի վերաշխուժացնել իր աշխատանքները, թօթափելու համար համաճարակին պարտադրած մասնակի դանդաղումը:
Այս ճշդումը եւ լուսաբանութիւնը պարտք նկատեցինք յանձնել հանրութեան ուշադրութեան, յուսալով, որ մեր ու բոլորիս աշխատանքի պայմանները դարձեալ բնականոն կը դառնան:
ԱՅՆԹԱՊԻ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ
11 Յունուար 2024