Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Տաւոսի տնտեսական համաշխարհային խորհրդաժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին, Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիին վստահեցուց, որ Ուաշինկթըն մտադիր է շարունակելու Քիեւին տրամադրուող աջակցութիւնը՝ հակառակ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ Ուքրանիոյ յաւելեալ աջակցութիւն տրամադրելուն շուրջ ծագած տարակարծութիւններուն:
«Մենք վճռակամ ենք շարունակելու Ուքրանիոյ մեր աջակցութիւնը եւ շատ սերտօրէն կը համագործակցինք Քոնկրեսին հետ` անոր հասնելու համար: Գիտեմ, որ մեր եւրոպացի գործընկերները նոյնը պիտի ընեն», ըսաւ Պլինքըն: