
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ 20,000 տոլար նուիրած է Հայ Կրթական հիմնարկութեան, այդ կազմակերպութեան միջոցաւ օգնութեան ձեռք երկարելու համար Արցախէն համալսարանական ուսանողներու, որոնք Արցախի հայաթափումէն ետք Հայաստան ապաստանած են։ Նաեւ, 5000 տոլարի նուիրատուութիւն մը կատարուած է Արցախէն բռնի տեղահանուած լրագրողներուն աջակցելու նպատակով հաստատուած՝ «Աջակցինք Արցախէն տեղահանուած լրագրողներուն» կազմակերպութեան։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը այս նուիրատուութիւնները կատարեց անցեալ 12 Նոյեմբերին տեղի ունեցած իր տարեկան ձեռնարկին ընթացքին Հայ Դատի առատաձեռն համակիրներուն կողմէ կատարուած նուիրատուութիւններուն շնորհիւ։
«Մեր տարեկան ձեռնարկէն առաջ, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութիւնը որոշեց ձեռնարկին հասոյթէն մաս մը յատկացնել Արցախի ցեղասպանութենէն վերապրողներուն։ Քննելէ ետք բռնի տեղահանուած արցախահայերուն կարիքները, որոշեցինք այս ձեւով յատկացնել զանոնք», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան։
Հայ Կրթական հիմնարկութիւնը 1950էն ի վեր կրթանպաստներ կը տրամադրէ հայ ուսանողներու եւ կը զօրակցի հայկական կրթական հաստատութիւններու։ Հայ Դատին կատարած այս նուիրատուութեան շնորհիւ, հիմնարկութեան կողմէ Արցախէն ուսանողներուն տրամադրուելիք կրթանպաստներուն թիւը 105էն 138ի պիտի բարձրանայ։
«Աջակցինք Արցախէն տեղահանուած լրագրողներուն» կազմակերպութիւնը օժանդակութիւններ կը տրամադրէ Արցախէն բռնի տեղահանուած լրագրողներուն, որպէսզի անոնք կարենան շարունակել Արցախի եւ արցախահայութեան տագնապները լուսարձակի տակ պահելու՝ իրենց ջանքերը։ Կազմակերպութիւնը նաեւ դիմած է առցանց դրամահաւաքի, որուն կարելի է աջակցիլ՝ այցելելով կայքէջը։
Հայ Կրթական հիմնարկութեան նախագահ եւ «Աջակցինք Արցախէն տեղահանուած լրագրողներուն» կազմակերպութեան հիմնադիրներ Սքաթ Թիւֆէնքճեան եւ Սիմոն Մաղաքեան երախտագիտութիւն յայտնեցին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին՝ կատարուած այս նուիրատուութեանց համար։