Գործարար եւ համայնքային գործիչ Բեկլար Փիլաւճեանի հիւրընկալութեամբ 17 Յունուարին տեղի ունեցած հաւաքի մը ընթացքին, խումբ մը հայ գործարարներ առիթը ունեցան խորհրդակցութիւններ ունենալու Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի (Board of Supervisors) անդամ Քեթրին Պարկըրի հետ։
Հայ գործարարները շնորհակալութիւն յայտնեցին Պարկըրին՝ իր հայանպաստ քայլերուն համար, իսկ Փիլաւճեան վերահսկիչը «հայ համայնքին դաշնակիցը» որակեց ։
Իր կարգին, Պարկըր երախտագիտութիւն յայտնեց անոնց ցուցաբերուած զօրակցութեան համար, զայն «պատիւ» համարելով։
Հաւաքին հանդիսավարն էր՝ Կրեկ Մաթեան։
Յիշեցնենք, թէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը զօրակցի Պարկըրի վերընտրութեան արշաւին։