Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ, արձագանգելով Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ ապահովութեան հարցերու բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորելի 22 Յունուարի յայտարարութիւններուն՝ յայտնեց, որ Ատրպէյճան միշտ հաւատարիմ եղած է Հայաստանի հետ բանակցութիւններուն, խաղաղութեան եւ կայունութեան։
Պրիւքսէլի մէջ՝ Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն ետք Պորել ըսաւ, որ Եւրոպական Միութիւնը մտահոգ է Ատրպէյճանի նախագահին` տարածքային պահանջներուն վերաբերող վերջին յայտարարութիւններով: «Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան որեւէ խախտում անընդունելի պիտի ըլլայ եւ լուրջ հետեւանքներ պիտի ունենայ Ատրպէյճան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն համար»:
Պաքու, անհիմն նկատելով Պորելի յայտարարութիւնները` կտրականապէս մերժեց զանոնք եւ նկատեց «փաստերու բացայայտ խեղաթիւրում մը, որ կ՛անտեսէ Ատրպէյճանի օրինական շահերը»:
«Այսպիսի սպառնալից հռետորաբանութիւն մը երկակի չափանիշներու վառ օրինակ է եւ աւելի կը սրէ Ատրպէյճան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւնները», ըսաւ Հաճիզատէ` Պորելը մեղադրելով Ատրպէյճանի նկատմամբ «ռազմատենչ եւ թշնամական քաղաքականութիւն հրահրելու» մէջ:
«Հակառակ անոր որ միջազգային հանրութիւնը ոչ մէկ ճիգ կը գործադրէ` համոզելու Հայաստանը գործելու միջազգային իրաւունքի եզրերուն եւ սկզբունքներուն համապատասխան, Ատրպէյճան միշտ հաւատարիմ եղած է Հայաստանի հետ բանակցութիւններուն, խաղաղութեան եւ կայունութեան: Յարձակողականութեան եւ անջատողականութեան դէմ Ատրպէյճանի ձեռնարկած միջոցները նախադրեալներ կը ստեղծեն՝ Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան», ըսաւ Հաճիզատէ։