Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ «Ժումհուրիա» օրաթերթին հրապարակած այն յօդուածը, թէ ինք կը փափաքի քաղաքական ասպարէզէն հեռանալ, «զուտ անտեղի վերլուծումներ են, որովհետեւ Միքաթի պիտի շարունակէ իր գործը, յատկապէս` Լիբանանի դիմագրաւած այս անկիւնադարձային կացութեան ընթացքին»:
Միւս կողմէ, Լիբանանի մօտ Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի դեսպաններ Ուալիտ Պուխարիի եւ Մուժթապա Ամանիի միջեւ հանդիպումը դրական եւ մտերմիկ գնահատուեցաւ, այն տխաւորութիւնը ստեղծելով, որ Ռիատ կը փափաքի Թեհրանը գործակից դարձնել` Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակի աշխատանքներուն:
Նշենք, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց դեսպան Պուխարին: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային քաղաքական իրադարձութիւնները եւ զարգացումները:
Միւս կողմէ, հարաւային Լիբանանի սահմանը շարունակեց մնալ ռմբակոծումի եւ ապահովական մագլցումներու ենթակայ:
Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Սեպասթիէն լը Քորնիւ շեշտեց, որ Փարիզ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ սահմանային մագլցումները կանխարգիլելու։