Մոնթրէալի մէջ, 2 եւ 3 Յունիսի շաբաթավերջին, գումարուեցաւ «Համազգային»ի Քանատայի ԻԷ. Շրջանային ժողովը, մասնակցութեամբ Թորոնթոյի «Գլաձոր» եւ Մոնթրէալի «Սանահին» մասնաճիւղերուն պատգամաւոր անդամներուն, տեղական վարչութիւններուն եւ շրջանային ու կեդրոնական վարչութիւններու ներկայացուցիչներուն: Ժողովին ներկայ էին նաեւ Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի, Հայ օգնութեան միութեան Շրջանային վարչութեան, Քանատայի Հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ՝ խորհրդակցական ձայնով հրաւիրեալ կամ ի պաշտօնէ մասնակից ընկեր-ընկերուհիներ:
Ժողովը ունկնդրելէ ետք շրջանաւարտ Շրջանային վարչութեան միամեայ գործունէութեան տեղեկագիրները, քննարկեց կատարուած աշխատանքները եւ որոշումներ կայացուց գործունէութեան զարգացման՝ Քանատայի փոքր գաղութներուն կրթական-մշակութային կարիքներուն բարելաւման ու միջշրջանային կապերու սերտացման ուղղութեամբ:
Ժողովը յատուկ ձեւով քննարկեց նաեւ «Համազգային»ի 80ամեակի կազմակերպչական ծրագրային աշխատանքները, ինչպէս նաեւ հրատարակչական հիմնադրամի հաստատման հետ կապ ունեցող հարցերը:
Ժողովի