Նախօրօք ճշդուած ժամադրութեամբ մը, Ազգային վարչութեան դիւանը, գլխաւորութեամբ առաջնորդ սրբազան հօր, Երեքշաբթի, 26 Յունիսի երեկոյեան ընդունեց այցելութիւնը «Դաւթեան-Մարիամեան» կրթական հաստատութեան վարչութեան դիւանին։
Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Ազգ. առաջնորդարանին մէջ եւ առիթ ծառայեց հաստատութեան աշխատանքներուն ծանօթացման։
«Դաւթեան-Մարիամեան» կրթական հաստատութեան ներկայացուցիչները յայտնեցին, թէ 20 տարի առաջ սահմանափակ պայմաններու մէջ սկսած իրենց աշխատանքը այսօր զգալիօրէն ծաւալած է. հաստատութիւնը հայերէն լեզուի, մշակոյթի ու մարզախաղերու դասընթացքներ կը կիրարկէ պետական վարժարաններ յաճախող հայ աշակերտներու համար, որոնք այլապէս հեռու պիտի մնային հայկականութենէ։
Առաջնորդ սրբազանն ու Ազգ. վարչութեան ներկայացուցիչները գնահատանքով արտայայտուեցան հաստատութեան նուիրեալ աշխատողներուն մասին եւ վերահաստատեցին Ազգ. առաջնորդարանի զօրակցութիւնը։