Պաշտպանութեան բաժանմունքի Անվտանգային կառավարման հիմնարկի եւ Միացեալ Նահանգներու այլ ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ նախորդ շաբաթ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ պաշտպանութեան կերպափոխման հարցերուն վերաբերող աշխատաժողովը:
Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունէն կը հաղորդեն, որ աշխատաժողովին ընթացքին, Հայաստանի պաշտպանական ոլորտի շահագրգիռ կողմերու հետ քննարկուեցան Հայաստանի զինուած ուժերուն օգնելու եւ գործընկերներուն հետ փոխգործակցութեան ընդարձակման կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ ժամանակակից մարտահրաւէրները դիմակայելու հարցեր: