ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ, Քանատա, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի օր, Քանատայի Մոնթեպելլօ քաղաքին մէջ ոստիկանութիւնը եւ հազարաւոր ցուցարարներ դէմ յանդիման կանգնեցան՝ առանց սակայն բրտութեան արարքներու, մինչ հանդիպակաց պանդոկի մը մէջ կը սպասուէր, որ բացումը կատարուի Հիւսիսային Ամերիկայի գերաստիճանին, ուր օրակարգի գլխաւոր հարցերը պիտի ըլլան առեւտուրը, ապահովութիւնը եւ համաշխարհային սակարաններուն մէջ վերջին օրերուն ստեղծուած իրարանցումը:
Ցուցարարները պանդոկ հասան դպրոցական ինքնաշարժներով՝ նախ քան Մ. Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշի, Քանատայի վարչապետ Սթիւըն Հարփըրի եւ Մեքսիքոյի նախագահ Ֆելիփէ Քալտերոնի ժամանումը: Ոստիկանութիւնը ցուցարարներ ցրուելու բոլոր կազմածներով պատրաստ էր արդէն: Պանդոկին շրջակայքը ցանկապատով շրջապատուած էր:
Բրտութեան ոչ մէկ դէպք արձանագրուեցաւ:
Ցուցարարները, որոնք քաղաքական զանազան հոսանքներ կը ներկայացնէին, կ’ուզէին ձայն բարձրացնել գերաստիճանին կողմէ առաջադրուած ապահովական եւ բարգաւաճումի ծրագիրին նկատմամբ: Այս նախագիծը մշակուած է 2005ին եւ կ’առաջադրէ Հիւսիսային Ամերիկան ապահով վայր մը դարձնել ապրելու եւ գործարարութեան համար, սակայն այս նախագիծին ընդդիմացողները կ’ըսեն, թէ ան կ’անտեսէ սովորական քաղաքացիներու մտահոգութիւնները եւ կը վտանգէ ազգային գերիշխանութիւնը:
Մեքսիքացի ընդդիմադիր Ալպերթի Առոյօ յայտարարեց, թէ «մեր նպատակներէն մէկն է ստիպել երեք ղեկավարները, որ այս հանդիպումները աւելի թափանցիկ դարձնեն»: Ուրիշ մը, քանատացի, պնդեց, թէ Պուշ պատերազմի ոճրագործ մըն է եւ պէտք չէ թոյլատրուի անոր Քանատա մուտքը: