Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Քոնկրեսին փոխանցեց, որ հաւանութիւն տուած է Թուրքիոյ 23 միլիառ տոլարի «Էֆ. 16» ռազմական օդանաւերու եւ յարակից սարքաւորումներու վաճառքին՝ իբրեւ հակազդեցութիւն՝ Շուէտի ՆԱԹՕի անդամակցութիւնը արտօնելու Թուրքիոյ որոշումին:
Հաւանաբար մեղմացնելու համար այս որոշումին նկատմամբ Յունաստանի դժգոհութիւնը՝ Ուաշինկթըն նաեւ որոշեց 40 «Էֆ. 35» ռազմական օդանաւեր ծախել Յունաստանին, անոնց կողքին նուիրելով ռազմական այլ սարքեր։