Հայաստան 1 Փետրուարին, պաշտօնապէս միացաւ Միջազգային քրէական դատարանին. Հայաստանի համար 1 Փետրուարէն ուժի մէջ մտաւ Հռոմի կանոնադրութիւնը:
Անցեալ տարուան 3 Հոկտեմբերին, Հայաստանի խորհրդարանը միայն իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր«ի 60 թեր ձայնով վաւերացուց Հռոմի կանոնադրութիւնը, զոր նախագահ Վահագն Խաչատրեան ստորագրեց 14 Հոկտեմբերին, իսկ անկէ ետք արտաքին գործոց նախարարը այդ մասին տեղեակ պահեց քրէական դատարանը:
Ազգային ժողովի քուէարկութենէն մօտ երկու ժամ ետք Քրեմլին յայտարարեց, որ Հռոմի կանոնադրութեան վաւերացումը ճիշդ քայլ չէ երկկողմանի յարաբերութիւններու տեսանկիւնէն:
Երեւան իր կարգին յայտարարեց, որ կ՛ուզէ Հռոմի կանոնադրութեան միանալ՝ Ատրպէյճան ռազմական յանցագործութիւններու համար պատասխանատուութեան ենթարկելու նպատակով: Երեւան խօսեցաւ նաեւ արցախահայերու տեղահանութեան համար Ատրպէյճանի դէմ Միջազգային քրէական դատարան հայց ներկայացնելու կարելիութեան մասին:
ՌՈՒՍԻԱ Կ՛ԱՐՁԱԳԱՆԳԷ
Ռուսիոյ համար կարեւոր է, որ Միջազգային քրէական դատարանին՝ Հայաստանի իրաւապէս եւ իրողապէս անդամակցութիւնը բացասաբար չանդրադառնայ երկկողմ յարաբերութիւններուն վրայ: «Մոսկուայի համար այդ յարաբերութիւնները թանկ են, Մոսկուա կը ձգտի զարգացնել զանոնք»:
Այս մասին, ըստ «ՌԻԱ Նովոստի»իի, լրագրողներուն ըսաւ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով՝ արձագանգելով Հայաստանի համար Հռոմի կանոնադրութեան ուժի մէջ մտնելուն:
Մոսկուայի դժգոհութեան պատճառը նախորդ տարի Միջազգային քրէական դատարանին՝ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ձերբակալութեան միջազգային հրահանգ տալն էր: