Սեպտեմբեր 11, 2001ի ահաբեկչական արարքի վեցերորդ տարելիցին նախօրեակին, Սեպտեմբեր 10, 2007ին, Իրաքի մէջ ԱՄՆի զինուորական ուժերու հրամանատար զօր. Տէյվիտ Փեթրաուս ելոյթ ունեցաւ Քոնկրէսին մէջ, անդրադառնալու համար Իրաքի կայունացման ի խնդիր ընթացիկ տարուայ Յունուարին ծրագրուած եւ գործադրուած Սըրճ անուանեալ միջոցառման։ Զօր. Փեթրաուս, որ հեղինակն է ծովայիններու (Մըրինզ) հակա-ըմբոստական (քաունթըրինսըրճընսի) նոր դասագրքին, նաեւ ծանօթ է որպէս Սըրճի տեսաբանը, որքան ալ որ նախագահ Պուշ իրը ըրած է ծրագրին «հայրութիւնը»։ Իրաքի մէջ իր զբաղեցուցած պաշտօնին բերումով, զօրավարը անցնող ութը ամիսներուն օրը օրին հետեւած է Սըրճի գործնականացման։ Յիշեցնենք, որ հեռու 2006ի Նոյեմբերին ընտրուած Դեմոկրատ մեծամասնութեամբ Քոնկրէսի Իրաքէն հեռացման ժամանակացոյց մը դնելու փափաքին, նախագահ Պուշ Սըրճի ճամբով ե՛ւ աւելցուց Իրաքի մէջ ամերիկեան զինուորներուն թիւը, ե՛ւ ստացաւ այն յաւելեալ ֆինանսաւորումը, որ երկու առիթներով պահանջեց Քոնկրէսէն, այնպէս ինչպէս զօր. Փեթրաուսի ելոյթին լոյսին տակ ան շատ հաւանաբար կրկին դիմէ օրէնսդիր մարմնին 50 միլիոնի յաւելեալ պիւտճէի մը համար։ Նշենք, որ երկու հարցերու պարագային ալ Դեմոկրատ մեծամասնութեամբ Քոնկրէսը ընդառաջեց նախագահի դիմումին -եւ թերեւս այդ ալ բացատրէ Քոնկրէսի ժողովրդականութեան կտրուկ անկումը:
Այս շաբաթ, սակայն, Պուշի վարչակարգը աւելի զգուշաւորութիւն ցոյց տալու պարտաւորութեան տակ գտնուեցաւ։ «Նիւ Եորք Թայմզ»-«Սի. Պի. Սի. Նիուզ»ի մէկ հարցախոյզը զօր. Փեթրաուսի վկայութենէն մէկ օր առաջ երեւան հանեց, որ ԱՄՆի հասարակութեան 62 տոկոսը կը գտնէ, թէ պատերազմը սխալ մը եղած էր, իսկ 59 տոկոսը այն կարծիքին է, որ պատերազմը չ՚արժեր ամերիկեան կեանքեր եւ այլ տիպի զոհողութիւններ։ Աւելի՛ն, հանրային կարծիքը (53 տոկոսով) իր վստահութիւնը կարծես ամբողջովին կորսնցուցած է Իրաքի մէջ ժողովրդավարութեան հաստատման նկատմամբ, երկու երրորդը կը փափաքի ԱՄՆի ուժերու հեռացում, եւ 64 տոկոսը կը գտնէ, որ հեռացման ժամանակացոյց մը պէտք է դրուի եւ գործադրութեան սկսի 2008ին, թէեւ 56 տոկոսը համաձայն է որոշ թիւով զինուորականներ Իրաք թողնելու՝ իրաքեան ուժերու մարզումին, ահաբեկչութեան դէմ պայքարին եւ ԱՄՆի դիւանագէտներու պաշտպանութեան համար։ Նոյն այդ հարցախոյզը երեւան կը հանէ, որ թէեւ 10էն 6 ամերիկացիներ կը հաւատան, որ ներկայ վարչակազմը գիտակից կերպով հանրութեան մոլորեցուց պատերազմի հարցով, այդուհանդերձ տակաւին 33 տոկոսը (40ը հանրապետական եւ 27ը դեմոկրատ) կը հաւատայ, որ Սատտամ Հիւսէյն անձնապէս դերակատար է Սեպտեմբեր 11, 2001ի ահաբեկչական յարձակումներուն։
Զօր. Փեթրաուս, ուրեմն, համոզում յայտնեց, որ 30 հազար զինուորներ կրնային հեռանալ Իրաքէն յառաջիկայ տարի, ամառուան ընթացքին: Աւելի՛ն յայտարարեց, որ 2 հազար զինուորներ մինչեւ տարեվերջ կը վերադառնան առանց որ անոնց տեղը առնողներ ուղարկուին։ Սակայն, զօր. Փեթրաուս աւելցուց, որ աւելիին վրայ կարելի չէ գրաւ դնել եւ պէտք է հետեւիլ զարգացումներուն տեղւոյն վրայ։
Հետեւաբար, ըստ իր յայտարարութեան, մօտ 130 հազար ամերիկեան զինուորներ տակաւին պէտք է մնան Իրաքի մէջ, այնպէս ինչպէս, ըսաւ, տեղեկագրած է Սպիտակ տան, եւ անձնապէս նախագահ Պուշին։
Բարձր մասնագիտութեամբ յատկանշուած, այդուհանդերձ անխուսափելիօրէն քաղաքական բնոյթի այս ելոյթը, բնականաբար, տուն տուաւ անմիջական հակազդեցութեանց։ Հակապատերազմեան գործիչները փողոցին մէջ թէ համացանցին վրայ, զօրավարին վկայութիւնը պախարակեցին, պահանջելով անմիջական հեռացում, դեմոկրատները դժգոհ էին եւ հարցականի տակ առին տեղեկագրին չէզոքութիւնն ու առարկայականութիւնը, մինչ Սպիտակ տունը փութաց շնորհաւորել յայտարարութիւնը։
Իրականութիւնն այն է, որ զօր. Փեթրաուսի վկայութիւնը, թէկուզ եւ իր կամքէն անկախ, այնքան ալ Իրաքի չի վերաբերիր, եւ աւելի շատ ԱՄՆի ներքաղաքական հոլովոյթի տրամաբանութեան մաս կը կազմէ։ Ուժերու հեռացման ժամանակացոյցի եւ ձեւերու վրայ կեդրոնացնելով բանավէճը, ինքնաբերաբար մոռացութեան կը տրուի հիմնականը՝ Իրաքի ներխուժման ու գրաւման հիմնական դրդապատճառը։ Հարցի այս էական երեւոյթի կամայ թէ ակամայ մոռացումը, անշուշտ, ունի իր բացատրութիւնը. ի վերջոյ, եթէ համոզիչ պատճառ մը չկար զինուորական գործողութիւններ սկսելու, տեղի ունեցածը պարզ եւ մեկին պատերազմական ոճիր է։ Իրաք ոչ իսկ Վիեթնամ է այն իմաստով, որ ոչ ոք ամերիկեան զինուորական օժանդակութիւնը հայցեց, հիմնաւորում մը, որ կրնայ առնուազն արդարացնել որոշումը, կամ առնուազն անոր ետին կանգնող քաղաքական այրերը զերծ պահել մեղադրանքէ։ Բայց գիտենք, որ այդ մէկը իրողական գետնի վրայ երբեք տեղի պիտի չունենայ։ Ոչ ոք կրնայ հաշուեյարդար պահանջել աշխարհի միակ գերհզօր պետութենէն։ Կը մնայ այլ պատճառ մը՝ Իրաքի ներխուժման դրդապատճառին մասին բանավէճը մոռացութեան տալու համար։
Նոյնիսկ եթէ ուժերու հեռացման ժամանակացոյց մը դրուի, այդ մէկը միայն ձեւական պիտի ըլլայ. ԱՄՆի ուժերը կարեւոր քանակով պիտի մնան Իրաք (եւ Միջին Արեւելք) գործօն կերպով միջամտելու համար տարածաշրջանի ուժերու հաւասարակշռութեան գործընթացին, ընդհուպ մինչեւ սահմանային փոփոխութիւններ՝ շատ հաւանաբար սկսելով նոյնինք Իրաքէն։
Հարցին այս էութիւնը, բնականաբար, շատ հեռու է այսպէս կոչուած «ահաբեկչութեան դէմ պատերազմ»ի տրամաբանութենէն, որ հարկ է յիշեցնել, արդարացուց Իրաքի ներխուժումը։ Պատահական չէ անշուշտ, որ զօր.Փեթրաուսի վկայութիւնը Սեպտեմբեր 11ի վեցերորդ տարելիցէն ճիշդ մէկ օր առաջ ծրագրուած ըլլար։ Պուշի վարչակարգը անհրաժեշտ կը նկատէ թուականի «յուշումը» ե՛ւ զգաստ պահելու համար հասարակութիւն մը, որ շատ աւելի պատճառներ ունի մտահոգուելու հորիզոնին ուրուագծուող տնտեսական տագնապով, ե՛ւ միաժամանակ ցոյց տալու ահաբեկչութեան դէմ պատերազմի մէջ արձանագրուած յառաջընթացը։ Կրկնելու գնով անհրաժեշտ է յիշեցնել, որ ներկայացուած բանաձեւումներուն առարկայականութեան արժեւորումը պէտք է կատարել ԱՄՆի ներքաղաքական գործընթացի, այս պարագային՝ 2008ի նախագահական ընտրութիւններու տրամաբանութեան մէջ միայն։ Այլապէս՝ Սեպտեմբեր 11, 2001ը, այն օրը, երբ ամբողջ աշխարհը հաւատաց, որ պատմական ժամանակաշրջան մը փոխուած է եւ անհրաժեշտ է համամարդկային ճիգերով դիմագրաւել համաշխարհային ապահովութեան սպառնացող նոր մարտահրաւէրները, արդէն հեռու է մարդկանց յիշողութեան մէջ։ Դժուար է երեւակայել, թէ ինչպէ՛ս «բոլորս ամերիկացի ենք» խորագրով «Լը Մոնտ»ի 12 Սեպտեմբեր 2001ի պատմական խմբագրականին յայտարարութիւնը այսօր կրնայ համոզել աշխարհը, ուր հակա-ԱՄՆ տրամադրութիւնները պատմականօրէն աննախընթաց մակարդակի են, իբրեւ հետեւանք Պուշի վարչակարգի քաղաքականութեան:
Սեպտեմբեր 11, 2001էն վեց տարի անց, կովկասեան տարածաշրջանը կարծես անջատուած ըլլայ համաշխարհային վերիվայրումներէն։ Հակառակ Միջին Արեւելքի իրենց անմիջական դրացնութեան, կովկասեան երեք հանրապետութիւնները (Հայաստան, Վրաստան եւ Ատրպէյճան) ահաւասիկ վեց տարի է, որ տնտեսական կայուն աճ կ՚արձանագրեն։ Նոյնիսկ տարածաշրջանային ներքին խմորումները, այսինքն՝ այսպէս կոչուած «գունաւոր յեղափոխութիւնները», չունեցան ռազմաքաղաքական այն տարողութիւնը, որ կը կարծուէր, թէ պիտի ունենային։ Հեռու տարածաշրջանին մէջ ուժերու հաւասարակշռութեան հիմնական տարբերութիւն մը ընելէ, Վրաստանի, Ուքրանիոյ եւ Քիրկիզիստանի մէջ իշխանափոխութիւնները այնքան ալ չփոխեցին քաղաքական օրակարգը։
Կովկասեան տարածաշրջանի այս յարաբերական կայունութիւնը, բնականաբար, ինքնաբուխ չէ։ Տարածաշրջանը ինքնին պայթիւնավտանգային է, որովհետեւ Խորհրդային Միութեան անկումով ծայր առած տագնապներէն ոչ մէկը իր ամբողջական լրումին հասած է տակաւին։ Աւելի՛ն, առայժմ աւելի ճիշդ է ենթադրել, որ պատերազմական գործողութիւններու վերսկսումը հարցականի տակ չէ, ժամանակի հարց է միայն։ Ինչ որ տարածաշրջանին կայունութիւնը առայժմ կ՚ապահովէ, այդ ալ Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի լուռ համաձայնութիւնն է՝ Կովկասի մէջ իրենց ազդեցութեան տարածման մրցակցութիւնը զերծ պահելու բախումներէ, որոնք, ամէն պարագայի, կը նախատեսուին երրորդ կողմերու (փրոքսի) դերակատարութեամբ՝ այնպէս, ինչպէս երկու գերհզօր պետութիւնները վարժ էին ընելու Պաղ պատերազմի ամբողջ տեւողութեան։
Անշուշտ, այսօրուան պայմաններուն մէջ հարցական է, թէ անոնք որքանո՛վ կրնան վերահսկողութեան տակ առնել տարածաշրջանի գործընթացները։
Հայաստանի համար, մանաւանդ, Սեպտեմբեր 11, 2001ի այս հեռաւորութիւնը պէտք չէ առաջնորդէ զգաստութեան նուազումի։ Այո, Հայաստան պէտք չունի դերակատար ըլլալու այսպէս կոչուած ահաբեկչութեան դէմ պատերազմին մէջ, որովհետեւ հայութեան ազգային շահերը կը պահանջեն իսլամական աշխարհին հետ ունենալ բարեկամական լաւագոյն յարաբերութիւններ։
Այդ չի նշանակեր սակայն, որ պէտք է անտեսել յատկապէս սիւննի արմատականութեան ազդակը եւ ահաբեկչութեան կարողական սպառնալիքը՝ ե՛ւ երկրի, ե՛ւ ընդհանրապէս հայութեան անվտանգութեան ուղղութեամբ։
(*) Խ. Տէր Ղուկասեան քաղաքական գիտութեանց դասախօս է Պուէնոս Այրէսի մէջ եւ ծանօթ հրապարակագիր: