ԱՒՕ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Միջին Արեւելքը, ներառեալ մեր տարածաշրջանը, հին դարերէն սկսեալ, միշտ եղած է կայսրութիւններու եւ քաղաքակրթութիւններու խաչմերուկին վրայ: Հոն ծնունդ առած են քրիստոնէութիւնը, իսլամութիւնը եւ հրէութիւնը: Հոն է արեւելքի եւ արեւմուտքի հատման կէտը: Տարածքը միշտ գտնուած է կայսրութեան մը տիրապետութեան տակ, նաեւ եղած է կայսրութիւններու՝ իրար հետ բախման դաշտ: Հոն ապրող ժողովուրդները դարերով, գրեթէ ամբողջութեամբ պահպանած են իրենց ազգային, ցեղային, կրօնական, յարանուանական եւ լեզուական առանձնայատկութիւնները եւ ազատութիւնները:
Այդպէս էր նաեւ անոնցմէ վերջիններէն՝ Օսմանեան կայսրութեան, վեց հարիւր տարիներու տեւողութեան, երբ ազգային փոքրամասնութիւնները կը շարունակէին իրենց յատուկ բարքերով ապրիլ, ունենալով իրենց սեփական դպրոցները եւ այլ հասարակական հաստատութիւններ:
Պէտք է նշել, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Օսմանեան ժամանակաշրջանին չպատահեցաւ այլ Երիտթուրքերու իշխանութեան օրերուն:
Համաշխարհային առաջին պատերազմի աւարտին, Օսմանեան կայսրութեան նախկին տարածքները՝ Ատլանտեան ովկիանոսէն մինչեւ Միջին Արեւելք եւ սուրիական անապատէն մինչեւ Սէուտական Արաբիա եւ Եմէն, անցան ուղղակի արեւմտեան դաշնակից երկիրներու տիրապետութեան տակ իբրեւ գաղութներ, կամ հովանաւորութեան տակ, եւ միայն Համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն ետք էր որ անոնք անկախացան եւ անոնց մեծամասնութեան մէջ իշխանութեան եկան բռնատիրական կամ կիսաբռնատիրական թեքումներով վարչակարգեր:
Արեւմուտքին հակադիր ճակատին վրայ, Սովետական Միութիւնը եւ արեւելեան Եւրոպայի՝ Խորհրդային Միութեան արբանեակ, ոչ-ժողովրդավար, Մոսկուայէն կախեալ անուանական պետութիւններն էին: Ռուսական իրողական այդ կայսրութեան անկումէն եւ փլուզումէն ետք, կարգը այդ երկիրներունն էր բռնատիրական կամ կիսաբռնատիրական վարչակարգեր հաստատելու համար:
21րդ դարու երկրորդ տասնամեակին սկիզբը, բեկումնային տարի էր միջինարեւելեան երկիրներուն համար: Թունուզի մէջ սկսած բողոքի հաւաքները եւ ցոյցերը, կարծես բոլոր արաբական երկիրներուն անթեղուած եւ զսպուած դժգոհութիւններու արտայայտութիւնն էր որ տարածուեցաւ դէպի Եգիպտոս, Լիպիա եւ վերջապէս Սուրիա:
Նախքան այդ, անցեալ դարու 90ականներուն, Ալճերիոյ Ֆրանսական տիրապետութենէն կործանիչ ազատագրական պատերազմէն ետք, որ խլած էր, ըստ ալճերիացիներուն, մինչեւ մէկուկէս միլիոն զոհեր, այս անգամ քաղաքացիական վայրագ պատերազմն էր, որուն, զոհ գացին շուրջ 200,000 ալճերիացիներ:
Արաբական թերակղզիի հարաւային կողմը՝ Եմէնի մէջ, տեղի կ՛ունենայ իշխանութեան եւ հակառակորդ ցեղախումբերուն միջեւ ուրիշ երկարատեւ քաղաքացիական պատերազմ մը, որ մինչեւ այսօր տարբեր երանգներով կը շարունակուի: Շարքը անվերջ կարելի է երկարել, մինչեւ որ հասնինք Իրաք-Իրան պատերազմներուն, ապա Իրաքի՝ Քուէյթ ներխուժումին եւ անոր յաջորդած Ամերիկեան բանակին՝ Իրաք ներխուժման, Լիպիոյ մինչեւ օրս շարունակուող քաղաքացիական պատերազմին, Լիբանանի անվերջանալի ճգնաժամին, արաբ-իսրայէլեան պատերազմներուն եւ տասնամեակէ մը ի վեր Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին:
Այսքան պատերազմներ, աւեր եւ կորուստ, այս երկիրներուն օսմանեան տիրապետութեան ժամանակաշրջանին տեղի չէին ունեցած: Ի զուր չէ որ 11րդ դարուն ապրած պարսիկ փիլիսոփայ Ապու Համիտ Ալ Ղազալի՝ թէեւ չափազանցուած, ըսած է, թէ հարիւր տարուայ գաղութատիրութիւնը աւելի քիչ աղիտաբեր է քան մէկ տարուան պատճառած անիշխանականութիւնը եւ քաոսը: Ճիշդ է որ զանազան արտաքին ազդեցութիւններու հետեւանք են այս բոլոր արիւնահեղութիւնները, սակայն կարելի չէ անտեսել նաեւ ժողովրդավարութեան չգոյութեան եւ ընդհակառակը՝ ամբողջատիրական եւ բռնատիրական վարչակարգերու դերը:
Ռուսական ազդեցութեան գօտիին մէջ նոյնպէս ականատես եղանք Կովկասի, Վրաստանի եւ ներկայիս Ուքրանիոյ մէջ պատերազմական գործողութիւններու, որոնք անմիջական հետեւանք էին Խորհրդային կայսրութեան փլուզման. անոնք տակաւին կրնան երկար շարունակուիլ՝ տարածուելով նախկին միութեան այլ երկիրներ:
Իրողութիւնը այն է, որ այդ երկիրներուն մեծամասնութեան կառավարման համակարգերը ամբողջատիրական են, եւ ուր իշխանութեան եկած են սակաւապետներ (oligarch): Անոնց կարգին է նաեւ Ատրպէյճանի իշխանութիւնը, որ բացարձակապէս կը ղեկավարուի Ալիեւներու ընտանիքին կողմէ առաւել քան երեսուն տարիներէ ի վեր: Բնականաբար երկրին մէջ գոյութիւն ունի ընդդիմութիւն մը, որուն ձայնը ցարդ լսելի չէ՝ երկու պատճառներով: Անոնցմէ գլխաւորը Արցախի հիմնահարցն էր, որուն շուրջ համախոհութիւն ստեղծուած էր ժողովուրդին մէջ եւ կ՛օգտագործուէր իշխանութիւններուն կողմէ՝ ինչպէս Հայաստանի պարագային էր անցեալին: Միւս պատճառը, իշխանութեան շուրջ հաւաքուած ուժային եւ կառավարական հաստատութիւններուն, Ալիեւ ընտանիքին ի պաշտպանութիւն համախոհութիւնն է:
Ինչպէս բոլոր բռնատէրներու պարագային, Ալիեւ նոյնիսկ եթէ ուզէ, այլեւս չի կրնար իշխանութենէն հրաժարիլ, որովհետեւ իր շուրջը հաւաքուած անմիջական մարդիկը եւ իրմէ ներքեւ իշխանական բուրգին յաջորդական շերտերը, իրենց կեանքին եւ հարստութեան ապահովման համար կախեալ են անոր իշխանութեան գլխուն մնալէն:
Արցախի պատերազմին՝ ի վնաս մեզի աւարտելէն ետք, Ատրպէյճանի ներքին կայունութիւնը տրամաբանականօրէն, նոյնը պիտի չմնայ: Չկայ այլեւս հողեր ազատագրելու գաղափարին շուրջ ժողովրդային համախոհութեան պատճառ: Կան բազմաթիւ դժգոհութեան պատճառներ: Հակառակ բնական պաշարներով երկրին հարստութեան, ժողովուրդին կենսամակարդակը, ըստ նորագոյն տուեալներու, միջին հաշիւով աւելի նուազ է քան Հայաստանի բնակչութեան միջինէն եւ նուազագոյնը տարածաշրջանին մէջ: Ժողովրդավարութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ, փտածութիւնը (corruption) իր գագաթնակէտին հասած է: Անարդարութիւնը համատարած է, իսկ հովանաւորչութիւնը դարձած է կենսակերպ:
Արցախի կորուստէն ետք, մեր միակ առաւելութիւնը Ատրպէյճանի համեմատ կը կայանայ մեր անհամեմատ աւելի ժողովրդավար կառավարման համակարգին մէջ, որ աւելի ամրապնդման պարագային՝ մեզի կու տայ զարգանալու եւ հզօրանալու առիթ: Սակայն, կը մնայ վտանգ մը, զոր կարելի չէ բացառել եւ անտեսել: Ալիեւեան խմբակը իշխանութեան գլխուն մնալու համար հաւանաբար շարունակէ Հայաստանի նկատմամբ իր ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը, այդ մէկը համարելով երկրին ներքին քաղաքական կայունութեան անհրաժեշտ գործօն: Այդ քաղաքականութեան հաւանականութեան պատրաստ ըլլալու համար, մենք պարտաւոր ենք զգօն մնալ եւ զինուիլ:
Դժբախտաբար, մինչեւ վերջին խրամատները նահանջած ենք: Դարձեալ պարտութիւն մը՝ պիտի ըլլայ վերջինը: