Հայաստանի մօտ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի լրագրողներու եւ փորձագէտներու հետ ունեցախ հանդիպումին ընթացքին յայտարարեց, որ տարածաշրջանին մէջ ճամբաներու ապաշրջափակումը պէտք է տեղի ունենայ երկիրներու ինքնիշխանութեան ծիրին մէջ. «Ասիկա Իրանի յստակ դիրքորոշումն է», շեշտեց ան։
«Աշխարհի մէջ ընդունուած է, որ միջանցքի մասին խօսիլը կ՛ընկալուի իբրեւ շփման հնարաւորութիւն, իսկ այս տարածաշրջանին մէջ, անիկա բոլորովին այլ ձեւով կ՛ընկալուի», ըսաւ Սոպհանի՝ ընդգծելով, որ խաղաղութեան կարելի է հասնիլ խաղաղութեան եւ բարեկամութեան հռետորաբանութեամբ։
Սոպհանի պատասխանեց Հայաստանի տարածքով միջանցք բանալու՝ Ատրպէյճանի փորձին պարագային Իրանի գործողութիւններուն մասին հարցումի մը եւ ըսաւ. «Ինչ կը վերաբերի հաւանականութեան, թէ ինչ կրնայ ըլլալ կամ ինչ կրնայ չըլլալ՝ Թեհրան չի կրնար գնահատականներ տալ, իսկ ինչ կը վերաբերի անոր, թէ ինչպէ՛ս կը վարուինք Հայաստանի մէջ, ատիկա կախեալ է Հայաստանի կառավարութեան դիրքորոշումէն»:
Ան անդրադարձաւ նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի նկատմամբ սպառնալիքներուն եւ քանի մը դիտարկումներ կատարեց:
«Ինչո՞ւ կը սպառնան ձեզի: Եթէ դուք ըլլաք ուժեղ, պիտի կարենա՞ն ձեզի սպառնալ: Ես կը կարծեմ, թէ խաղաղութեան չհասնելու գաղտնիքը ուժի հաւասարութեան գոյութիւն չունենալն է: Եթէ դուք ուժեղ ըլլաք, ոչ ոք կը համարձակիր ձեզի սպառնալ», յայտարարեց Սոպհանի:
Պատասխանելով այն հարցուին, թէ արդեօք ճի՞շդ են տեղեկութիւնները, որ Իրան Սիւնիքի մէջ կ՛ուզէ ռազմական ներկայութիւն ունենալ՝ դեսպանը ըսաւ. «Ես կը նախընտրեմ նման ըսիըսաւներուն չպատասխանել»: