
Առաւել քան 500 պատուարժան հիւրերու եւ ՀՕՄի անդամներու ներկայութեամբ՝ Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանը նշեց իր 40 տարիներու անխոնջ գործունէութեան ամեակը՝ Կիրակի, 4 Փետրուար ին, ՀՄԸՄ Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի սրահին մէջ:
Տօնակատարութեան պաշտօնական հիւրերն էին՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի նախկին առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Միացեալ Նահանգներու Կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեան, Հայ Աւետարանական միութեան հովիւ պատուելի Հենրիկ Շահնազարեան, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Արուսեակ Մելքոնեան եւ ներկայացուցիչներ Անի Քէշիշեան ու Ժարմէն Միրզախանեան, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Աւօ Քէշիշեան, պետական ներկայացուցիչներ, քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, բազմաթիւ բարերարներ եւ համակիրներ, ինչպէս նաեւ շրջանիս նախկին եւ ներկայ Շրջանային վարչութիւններու անդամներ եւ հարիւրաւոր ՀՕՄուհիներ:
ՀՕՄի Շրջանային վարչութիւնը, բարձր գնահատելով միութենական ծառայութեան 40 եւ աւելի տարիներ կազմակերպութեան անդամակցած ՀՕՄուհիները՝ պարգեւատրման արարողութիւն կամակերպած էր այդ անդամներուն համար, որոնցմէ իւրաքանչիւրին շնորհուեցան գնահատագիր մը եւ զարդ մը՝ ՀՕՄի խորհրդանիշով:
Պարգեւատրման արարողութենէն եւ հիւրասիրութիւնէն ետք, տեղի ունեցաւ պաշտօնական յայտագիրը: Ամերիկայի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական օրհներգերը կատարեց ՀՕՄի միօրեայ վարժարաններու աշակերտներու երգչախումբը:
Այնուհետեւ, երգիչ Պերճ Քիրազեան մեներգեց Արցախի օրհներգը եւ ՀՕՄի քայլերգը:
Ապա առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան փոխանցեց իր օրհնութիւնը եւ բարեմաղթանքները: Սրբազանը 40ամեակին առիթով շնորհաւորեց ՀՕՄուհիները, ինչպէս նաեւ բարերարները եւ համակիրները՝ յոյժ կարեւոր համարելով անոնց ազգանուէր գործունէութիւնը:
Ելոյթով հանդէս եկաւ ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Վիքի Մարաշլեան, որ երախտագիտութեան խօսք ուղղեց ՀՕՄի շրջանիս հազարաւոր անդամներուն՝ իրենց ազգանուէր ծառայութեան եւ բազմամեայ անխոնջ գործունէութեան համար: Մարաշլեան խօսքը շարունակեց՝ ըսելով. «Չորս տասնամեակ ժողովուրդին ծառայելու իր բացարձակ յուշագրումով, ՀՕՄի Արեւմտեան շրջանը կը ներկայացնէ բարեսիրական այն կազմակերպութիւնը, որուն հոգատար ձեռքը հասած է Արեւմտեան Ամերիկայէն մինչեւ Հայաստան, Արցախ, Լիբանան, Սուրիա, Ջաւախք եւ երկրագունդի գրեթէ բոլոր անկիւնները՝ օրհնելով անհամար սիրտեր»:
Շնորհաւորական խօսքով հանդէս եկաւ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Արուսեակ Մելքոնեան: Ան կարեւոր նկատեց ՀՕՄի համաշխարհային դերակատարութիւնը ազգապահպանման եւ հայրենանպաստ ծրագիրներուն մէջ, կոչ ընելով՝ հաւատարիմ մնալու սուրբ առաքելութեան եւ շարունակել իրագործելու ՀՕՄի հետապնդած նպատակները՝ հաստատուն կամքով եւ վճռականութեամբ եւ հաւատալու մեր հայրենիքի ապագայ հզօրացման ու Արցախի յաղթանակին:
Յընթացս արարողութեան, երաժշտական քաղցր կտորներով երեկոն ծաղկեցուցին «Սոնաթա» երաժշտական դպրոցի դհոլահարներու նուագախումբը, «Լեռնազանգ» ազգագրական համոյթը, ապա գեղարուեստական բարձրորակ յայտագիրով հանդէս եկաւ երգիչ Ռազմիկ Բաղդասարեան:
ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի պատմութիւնը ընդմիշտ անբաժանելի է հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութենէն, թէ՛ հայրենիքի եւ թէ Սփիւռքի մէջ, հաւատարիմ՝ իր «ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» կարգախօսին: