Թեմիս բարեխնամ առաջնորդ սրբազանը Հինգշաբթի, 28 Յունիսի յետմիջօրէին, Ազգային վարչութեան ատենապետ տոքթ. Կարօ Յակոբեանի ընկերակցութեամբ Սան Ֆրանսիսքօ ժամանեց, խորհրդակցական հանդիպումներ ունենալու համար Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ժողովականութեան ներկայացուցիչներուն հետ։
Առաջնորդ սրբազանն ու Ազգ. վարչութեան ատենապետը հանդիպումներ ունեցան եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին, հոգաբարձութեան եւ Ազգային երեսփոխաններու հետ։ Հանդիպումներուն կը մասնակցէր նաեւ «Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական» վարժարանի տնօրէնը՝ տիար Եփրեմ Միհրանեանը։ Խորհրդակցութեանց իր մասնակցութիւնը բերաւ Ազգային վարչութեան անդամներէն տիար Կարպիս Պէզճեան։
Քննարկուեցան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխական համայնքի աշխատանքներն ու ծրագիրները, ինչպէս նաեւ ազգային վարժարանին գործունէութեան դաշտերը։