Օգոստոս 10ին, ԱՄՆի, Եւրոպայի, Զուիցերիոյ, Ճափոնի եւ Աւստրալիոյ կեդրոնական դրամատուները միջազգային ելեւմտական շուկային մէջ ներդրեցին ընդամէնը 350 միլիառ տոլարի համարժէք գումար մը՝ կասեցնելու համար ելեւմտական նոր տագնապի մը հետեւանքով քիչ բացառութեամբ աշխարհի բոլոր սակարաններու անկումը։ Սեպտեմբեր 11, 2001էն ի վեր առաջին անգամն է, որ զարգացած երկիրներ նման միջոցառման կը դիմեն տնտեսական անկումի մը առաջքը առնելու համար։ Մասնագէտներու համաձայն տակաւին կանուխ է արժեւորել ելեւմտական այս ցնցումին իսկական անդրադարձը միջազգային տնտեսութեան վրայ, եւ շատ հաւանաբար անհըրաժեշտ է հետեւիլ ընթացիկ երկու շաբաթներու իրադարձութիւններուն, եւ, յատկապէս, Դաշնակցային պահեստի տալիք որոշումներուն։
Առաջին անգամը չէ, անշուշտ, որ Պաղ պատերազմի աւարտով արագացած համաշխարհայնացման այս հոլովոյթը ելեւմտական նման ցնցում կ՚ապրի։ Նախընթացները 1994ի Մեքսիքոյի, 1997ի Հարաւարեւելեան Ասիոյ եւ 1998ի Ռուսիոյ ելեւմտական ցնցումներն են, առանց տակաւին հաշուելու Թուրքիոյ 2000ի տագնապը եւ Արժանթինի 2001ի տնտեսական անկումը՝ ի մէջ այլոց։ Այս բոլոր ցնցումները, սակայն, զարգացող երկիրներու եւ այս կոչուած նոր ծագում առնող շուկաներու իւրայատուկ էին։ Բոլոր պարագաներուն ալ, ԱՄՆի նախաձեռնութիւնը եւ ղեկավար դերակատարութիւնը անհրաժեշտ եղաւ տագնապներու սահմանափակման համար։ Եւ հակառակ իւրաքանչիւր տագնապի թողած խոր հետքերուն, յատկապէս այն երկրին կամ տարածաշրջանին մէջ ուրկէ ծնունդ առած են, միջազգային տնտեսութիւնը ընդհանրապէս աճի իր կշռոյթը չկորսնցուց։ Ինչ որ բնականաբար առիթ կու տայ մտածելու, որ այս անգամ ալ ցնցումը կրնայ սահմանափակ անդրադարձ ունենալ շնորհիւ կեդրոնական դրամատուներու միջամտութեան։
Ի տարբերութիւն անցնող այս տագնապներուն սակայն, համաշխարհային սակարաններու անկումին պատճառ հանդիսացած ելեւմտական այս ցնցումը ծնունդ առաւ ԱՄՆէն, ի հետեւանք անշարժ գոյքի շուկայի լճացման եւ փոխ առնուած հիբոթեքային պարտքերը փակելու անկարելիութեան։ Ամէն ելեւմտական տագնապի նման, անշուշտ, այս պարագային ալ առկայ են խնդրի մութ կողմերը, եւ, ըստ մամլոյ տեղեկութիւններու, արդէն հետաքննութիւն բացուած է բացայայտելու համար եթէ որոշ դրամատուներ չեն թաքցուցած իրենց կորուստը եւ պատճառ դարձած տագնապին։ Ինչպէս ծանօթ է, անշարժ գոյքի շուկան ամէնէն կենսականներէն է ելեւմտական շրջանառութեան համար թէ՛ ներդրումային իմաստով, եւ թէ, պարզ է, ոչ օրինական աղբիւրներէ ստացուած գումարներու լուացման համար։ ԱՄՆի տնտեսութեան մէջ արտաքին ներդրումներու հոսքն է, որ իր կարգին թոյլ կու տայ պետութեան Իրաքի պատերազմի հետեւանքով առաջացած ամավարկի հսկայական բացին հետ գոյակցիլ։ Առանց այդ ներդրումներուն, առանց ԱՄՆի մէջ սպառումի մեծ կշռոյթին, առանց տոլարին հանդէպ միջազգային վստահութեան, ամսական 30 միլիառէն աւելի պահանջող Աֆղանիստանի եւ Իրաքի մէջ զինուորական ներկայութիւնը արդէն իր լուրջ ազդեցութիւնը կրնայ ունենալ ԱՄՆի տնտեսութեան վրայ։ Եւ, պարզ է, աշխարհի հում արտադրութեան 40 տոկոսը սպառող տնտեսութեան մը լճացումը, կամ, աւելի վատ՝ ռիսեշընը անպայմանօրէն իր անմիջական անդրադարձը պիտի ունենայ աշխարհի մէջ ամէնուրեք։
Օգոստոս 10ի սակարանային անկումը, հետեւաբար, անկախ իր հետեւանքներէն, պէտք է ընկալուի որպէս նորազատական համաշխարհայնացման բնորդի սպառման նախանշան, որով եւ անհրաժեշտ է անոր այլընտրանք մը գտնել։ Այլապէս համաշխարհայնացումը ինքնին կրնայ տագնապի մէջ մտնել ծնունդ տալով միջազգային տնտեսական անկումի մը իր բոլոր աննախատեսելի հետեւանքներով։ Ի դէպ, համաշխարհայնացման այս նորազատական բնորդի քննադատութիւնն ու այլընտրանքի փոփոխութեան բանավէճը արդէն ծնունդ առած է երկու ուղղութեամբ։
Առաջին՝ նորազատական համաշխարհայնացման այս բնորդին հետեւորդներուն համար խնդրայարոյց հարցը ԱՄՆի ղեկավար դերակատարութիւնն է։
Երկրորդ՝ նորազատական համաշխարհայնացման արմատական քննադատներուն համար ազատ շուկայական համակարգի տոկման իսկ հարցականի տակ է։ Այս երկու ուղղութիւններուն մեկնակէտը համաշխարհայնացման այս հանգրուանի ինքնասպառման գիտակցութիւնն է, սակայն ուղղութիւնները իրենք իրարմէ կը տարբերին տրամագծային կերպով։
Արդարեւ, նորազատական համաշխարհայնացման ջատագովներու հատուած մը արդէն սկսած է ընդունիլ, որ գործընթացը ծնունդ կու տայ խոր անհաւասարութեանց։ Սակայն անոր պատճառ կը նկատեն գործընթացին ղեկավարութիւնը վստահելու միայն մէկ դերակատարի՝ ԱՄՆի, որ Պաղ պատերազմի աւարտէն եւ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն յետոյ մնացած է աշխարհի միակ գերհզօր պետութիւնը։ Միակ գերուժի այդ դիրքն է, որ ԱՄՆը վերածած է համաշխարհայնացման գլխաւոր շարժակին, որուն, ի դէպ, համաձայն էին առանց խտրութեան ազատ շուկայի գաղափարախօսութեան բոլոր հետեւորդները, ներառեալ անոնք, որոնք այսօր Ուաշինկթընին ղեկավար դերակատարութիւնը կը քննադատեն։
Հետեւաբար, ինչպէս Քալիֆորնիոյ Համալսարանի Միջազգային ուսումնասիրութեանց հիմնարկի տնօրէն Սթիւըն Ուեպըր «Ֆորէյն փոլիսի» պարբերաթերթի վերջին թիւին մէջ հրապարակած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, միաբեւեռ աշխարհի մը կառուցման պատասխանատու այս գերուժն է, որ իր սխալ քաղաքականութեան հետեւանքով համաշխարհայնացումը առաջնորդած է սխալ ուղղութեամբ։ «Համաշխարհայնացման ժխտական անդրադարձները 1990ական թուականներէն ի վեր հետեւանք չեն նոյնինքն համաշխարհայնացման, այլ ԱՄՆի գերակայութեան մութ կողմն են», կը գրէ Ուեպըր, որ պարզ է, այլեւս դադրած է հաւատալէ, որ ԱՄՆը «բարեացակամ միահեծան» մըն է։ ԱՄՆի սխալներն ու անոնց ժխտական հետեւանքները այն տարողութեան են, որ անկարելի է այլեւս միաբեւեռութեան գաղափարն իսկ պահպանել։ Հետեւաբար, ինչ որ անհրաժեշտ է համաշխարհայնացման այս բնորդը փրկելու համար, համաշխարհային աւելի հաւասարակշռուած ղեկավարութիւն մըն է, որուն դերակատարութեամբ կարելի է առաջքը առնել միահեծանութեան յատուկ սխալներուն՝ ըստ Ուեպըրի վերլուծման տրամաբանութեան։
Նման քննադատութիւն եւ համաշխարհայնացման այլընտրանք, սակայն, բոլորովին կ՚անտեսէ գործընթացին ներհակ կառուցային անհաւասարութիւնները, ինչպէս նաեւ անոր տնտեսական ու մշակութային ենթահողը։ Միաբեւեռ աշխարհէն բազմաբեւեռ աշխարհի մը անցումը ինքնին լուծում պիտի չբերէ կառուցային բնոյթի այս անհաւասարութիւններուն, որոնք պիտի յարատեւեն եթէ գործընթացը մնայ անոնց սկզբունքին իսկ համաձայն եղող ելեւմտական ու տնտեսական ղեկավարման միջազգային հիմնարկութիւններու ձեռքին մէջ։ Ճիշդ է, համաշխարհայնացման բազմաբեւեռ տարբերակին հետամուտ այս հատուածը որոշ հակուածութիւն ցոյց կու տայ ցարդ բացառաբար զարգացած Հիւսիսի ակումբ հանդիսացող Ութնեակը բանալ Հարաւի արագ զարգացող մեծ երկիներուն՝ Չինաստան, Հնդկաստան, Հարաւային Ափրիկէ եւ Պրազիլ։ Այս երկիրներէն գրեթէ բոլորն ալ իրապաշտ են, եւ հետամուտ, նոյնիսկ նախաձեռնող, նման դիրքի գրաւելու՝ եթէ պատեհութիւնը ստեղծուի։ Այդ մէկն ալ սակայն հարցին լուծում պիտի չբերէ, որովհետեւ շահագործումի պատմականօրէն Հիւսիս-Հարաւ պատկերաւոր արժեչափը համաշխարհայնացման ոլորտին մէջ դադրած է միայն աշխարհագրական տարածութիւն ըլլալէ։ Այսօր հարուստ Հիւսիսին մէջ կան աղքատ Հարաւէն ոչինչով տարբերող ընչազրկութեան ու թշուառութեան շրջաններ ու հասարակական հատուածներ, իսկ ամենաաղքատ Հարաւի հասարակութիւններուն մէջ իսկ կարելի է գտնել հարուստ Հիւսիսի սպառումի ամէն բարիքները վայելող հատուածներ եւ քաղաքամասեր։
Հետեւաբար, նորազատական համաշխարհայնացման քննադատութեան եւ այլընտրանքի երկրորդ ուղղութիւնը աւելի արմատականօրէն սեղանի վրայ կը դնէ անհաւասարութեան խնդիրը, եւ հետամուտ է ազատ շուկայական գաղափարախօսութեան յատուկ թապուները մէկ կողմ ձգել, յատկապէս երբ հարցը կու գայ ընկերային պաշտպանուածութեան խն-դիրներուն։ Համաշխարհայնացման այս բնորդի այլընտրանքին կառուցումը, ուրեմն, կը կատարուի եռեակ հարթակի վրայ՝ ներքին, տարածաշրջանային եւ միջազգային, եւ պետութիւն-հասարակութիւն աշխոյժ փոխանակման ու փոխ-ազդեցութեան տինամիքով։ Այսպէս, ներքին հարթակի վրայ պետութեան դերի վերարժեւորման ամբողջ հոլովոյթ մը նկատելի է թէ՛ հարստութեան ստեղծման, եւ թէ անոր վերաբաշխումի միջամտութեան իմաստով։
Տարածաշրջանային հարթակին վրայ համարկումի եւ ռազմավարական դաշինքներու նոր հոլովոյթ մը տեսանելի է արդէն Հարաւային Ամերիկայի մէջ եւ Պրազիլ-Հարաւային Ափրիկէ-Հնդկաստան ուղղութեամբ։ Ինչ կը վերաբերի միջազգային հարթակին, այլընտրանքի կառուցումը ամէնէն աւելի պէտք է դիտել նորազատական տնտեսական համակարգի հիմնարկութիւններու բարեփոխման, կամ ուղղակի անոնց այլընտրանք ստեղծելու նախաձեռնութիւններուն մէջ։
(*) Խ. Տէր Ղուկասեան քաղաքական գիտութեանց դասախօս է Պուէնոս Այրէսի մէջ եւ ծանօթ հրապարակագիր: