ԱՆԹԻԼԻԱՍ – Երեքշաբթի, Յունիս 26ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի Արաբ Աւետարանական եկեղեցւոյ պետը՝ դոկտ. Հապիպ Պատր: Ան միաժամանակ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի գործադիր վարչութեան անդամ է:
Սոյն այցելութեան նպատակն էր Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի վերակազմութիւնը, եւ անոր առաքելութեան վերակազմակերպումը շրջանէն ներս: Հապիպ Պատր եկած էր վեհափառ հայրապետին աջակցութիւնը խնդրելու, այս գծով կատարուելիք յառաջիկայ ծրագրին համար: Նորին Սրբութիւնը անհրաժեշտ թելադրութիւնները կատարեց շեշտելով յատկապէս Խորհուրդ-Եկեղեցի փոխյարաբերութիւնը անմիջական ու հետեւողական դարձնելու հրամայականը: Վեհափառ հայրապետը նաեւ ըսաւ, որ Խորհուրդին համար պէտք է այնպիսի ծրագիրներ մշակել, որոնք աղերս ունենան եկեղեցւոյ առօրեայ կեանքին ու ծառայութեան հետ: Վերջապէս, Արամ Ա. կաթողիկոս կարեւորութեամբ շեշտեց, քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան դերակատարութիւնը ընդգծելու անհրաժեշտութիւնը:
Նշենք, որ այս հարցերու մօտէն քննարկման համար վեհափառ հայրապետին մօտ յատուկ նիստ մը պիտի գումարուի, մասնակցութեամբ այլ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներներուն:
Յայտնենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը խորհուրդի հիմնադիր անդմաներէն է եւ իր ներկայացուցիչներուն ճամբով իր մասնակցութիւնը կը բերէ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի գործունէութեան: